Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Եւրոպական Խորհրդարանի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Պատուիրակութիւնը

Նիքոլսըն եւ նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց 2012-ին Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախընտրական դիտորդական առաքելութեան պատուիրակութիւնը` պարոնուհի Էմմա Նիքոլսընի գլխաւորութեամբ:

Երկու կողմերը բարձր գնահատեցին Եւրոպական խորհուրդին անդամակցող Հայաստանի համագործակցութիւնը Եւրոպական խորհուրդի կառոյցներուն հետ եւ այդ կազմակերպութեան շրջագիծին մէջ Հայաստանի աշխուժ մասնակցութիւնը համաեւրոպական բազմաթիւ խնդիրներու քննարկման:

Նախագահ Սարգսեան կարեւոր նկատեց Եւրոպական խորհուրդի դերը մարդկային իրաւանց եւ ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան արժէքներու որդեգրման եւ զարգացման գործին մէջ` միաժամանակ նշելով, որ Հայաստանի մասնակցութիւնը Եւրոպական խորհուրդին կարեւոր դեր ունի Հայաստանի մէջ բարեփոխումներու իրականացման գործին մէջ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ տարբեր մարզերու մէջ արդէն իսկ բարեփոխումներու ուղղութեամբ զգալի աշխատանք կատարուած է, ինչ որ կարելիութիւն կ՛ընձեռէ յառաջիկային կայացնելու ժողովրդավարական չափանիշերու համապատասխան ընտրութիւններ, իսկ ատիկա, ըստ նախագահին, իր կարգին կը խթանէ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան խորացումը եւ ամրապնդումը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Հայաստանի մէջ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացման եւ անոնց դիտարկման հետ կապուած շարք մը հարցեր:

 

Share this Article
CATEGORIES