Ստեփանակերտի Մէջ Նշում` Մարաղայի 20-Ամեակին

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Հայրենիք, Ժողովրդավարութիւն, Դաշնակցութիւն խմբակցութիւնները եւ Արցախատուն պատգամաւորական խումբը 10 ապրիլին հանդէս եկան միացեալ յայտարարութեամբ մը Մարաղա գիւղին մէջ իրականացուած ոճիրին 20-ամեակին առիթով:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ 10 ապրիլ 1992-ին Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները, որոնց կ՛օժանդակէին բազմաթիւ վարձկաններ, գրոհեցին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մարտակերտի շրջանի Մարաղա բնակավայրը, որ ազրպէյճանական կողմին համար զինուորական տեսակէտէն ոչ մէկ վտանգ կը ներկայացնէր: Ըստ յայտարարութեան, զինուորական գործողութեան նպատակն էր բնաջնջել Մարաղան, խաղաղ բնակչութիւնը ենթարկել զանգուածային կոտորածի եւ բռնի տեղահանման: Մարաղայի մէջ առանձնակի դաժանութեամբ սպաննուեցան, տեղահանուեցան եւ գերի բռնուեցան հարիւրաւոր հայ խաղաղ բնակիչներ, որոնցմէ շատերուն ճակատագիրը մինչեւ այսօր յայտնի չէ: Մարաղայի մէջ կատարուեցաւ ծանր ոճիր մը, որուն մեղաւորները կը շարունակեն մնալ անպատիժ, իսկ բնակավայրը` բռնագրաւուած: Մարաղայի աւելի քան 1000 նախկին բնակիչներ ներկայիս կ՛ապաստանին աշխարհի քանի մը երկիրներու մէջ:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խումբ-խմբակցութիւնները, խստիւ դատապարտելով Մարաղայի մէջ իրականացուած ոճիրը, զայն կը գնահատեն իբրեւ ցեղասպանութիւն եւ կը յայտարարեն, որ հետամուտ պիտի ըլլան, որ խաղաղ բնակչութեան դէմ ոճիրի կազմակերպիչները եւ իրականացնողները կանգնին դատարանին առջեւ եւ ենթարկուին պատասխանատուութեան, պիտի պաշտպանեն սեփական հայրենիքին մէջ ինքնիշխան պետութիւն կերտած արցախահայութեան իրաւունքները: Այս իրաւունքները պիտի ներառեն Արցախի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումը եւ ըստ ամենայնի պիտի նպաստեն Արցախի շարունակական հզօրացման` զայն դիտարկելով իբրեւ ժողովուրդի ապահովութեան եւ բնականոն զարգացման ամէնէն յուսալի գրաւականը, ինչպէս նաեւ մշտապէս պիտի մերժեն այլատեացութիւնը եւ բռնութեան քարոզը:

Յայտնենք նաեւ, որ 9 ապրիլին Ստեփանակերտի մէջ 10 ապրիլ 1992-ին Մարաղայի մէջ տեղի ունեցած կոտորածը դատապարտող երթ մը կազմակերպուեցաւ:

Շուրջ 1000 երիտասարդներու մասնակցութեամբ երթը կէսօրին սկսաւ Ստեփանակերտի Ս. Յակոբ եկեղեցիէն: «Պէտք է դատապարտել, ոչ թէ մոռնալ», «Ցեղասպանութիւնը վաղեմութիւն չունի» եւ այսպիսի այլ ցուցապաստառներով երիտասարդները քալեցին դէպի յուշահամալիր:

Երթը կազմակերպուեցաւ երիտասարդներու նախաձեռնութեամբ` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան աջակցութեամբ: Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան երիտասարդութեան հարցերու բաժանմունքի պետ Դաւիթ Ղուկասեան յայտնեց, որ երթին նպատակն է միջազգային հանրութեան ներկայացնել Մարաղայի դէպքերուն իսկական պատմութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES