Պիելոռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Պիտի Այցելէ Հայաստան

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հրաւէրով 16-17 ապրիլին պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան պիտի այցելէ Պիելոռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Մարթինով:

Այցելութեան ընթացքին Պիելոռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը պիտի ընդունին նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս եւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան:

Նախատեսուած են նաեւ Հայաստանի եւ Պիելոռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը եւ միացեալ մամլոյ ասուլիսը:

Սերկէյ Մարթինով պիտի այցելէ նաեւ Ծիծեռնակաբերդ, ուր ծաղկեպսակ պիտի զետեղէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Share this Article
CATEGORIES