«Միակ Քաղաքական Ուժը, Որ Կը Ներկայանայ Յստակ Նախընտրական Ծրագիրով, Հյ Դաշնակցութիւնն Է» Կ՛Ըսէ Արծուիկ Մինասեան
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան երէկ Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին անդրադարձաւ Եղուարդի մէջ Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կատարած այն յայտարարութեան, թէ համաձայն է, որ երկիրը ղեկավարեն դաշնակցականները եւ համայնավարները, բայց` ոչ գողերը եւ աւազակները, ինչպիսին է Հանրապետական կուսակցութիւնը:
Դաշնակցական պատգամաւորը ընդգծեց, որ իրենք ո՛չ շոյուած կը զգան անկէ, ո՛չ ալ ատիկա կը թմբկահարեն, որովհետեւ Դաշնակցութեան համար կարեւորը այն է, որ իրենց ծրագիրները, ըսածները ժողովուրդին տեղ հասցնեն: Նայելով նախընտրական ծրագիրներուն` Արծուիկ Մինասեան եկաւ այն եզրայանգումին, որ միակ քաղաքական ուժը, որ կը ներկայանայ ուղղորդուած, յստակ նախընտրական ծրագիրով, Դաշնակցութիւնն է:
Պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, որ արդեօք ՀՅԴ-ն քարոզարշաւի ընթացքին պիտի որդեգրէ՞ մրցակիցներուն «չդպնալու» դիրքորոշումը, Մինասեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը ունի իր ծրագիրները եւ կը կարծէ, որ Հայաստանի զարգացումը պէտք է տեղի ունենայ ոչ թէ իրար անարգելու, վարկաբեկելու, յարձակելու մօտեցումով, այլ ծրագիրներու եւ գաղափարներու շուրջ համախմբում ապահովելով: Ան վստահեցուց, որ Դաշնակցութիւնը զերծ պիտի մնայ որեւէ անձնական վիրաւորանքէ, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ եթէ յանկարծ ՀՅԴ-ին վիրաւորեն, վերջինս առանց ձայնի պիտի նստի:


