Որպէսզի Հայ Մարդը Չխորթանայ Իր Հայրենիքէն

Արթուր Եղիազարեան

ՀՅԴ թեկնածու Արթուր Եղիազարեան երէկ թիւ 8 ընտրատարածքին մէջ մեծամասնական ընտրակարգով առաջադրուած թեկնածուներու բանավէճի ժամանակ յայտարարեց, որ երբ մարդը չի կրնար իր ընտանիքին պէտքերը հոգալ, բազմաթիւ հարցեր` ազգային, հայրենասիրական, պետականամէտ, անոր համար յետին գիծ կը մղուին:

Ան նշեց, որ մարդը այդ ձեւով կը սկսի խորթանալ պետութենէն` կորսնցնելով վստահութիւնը: Իսկ ինք եւ իրեն առաջադրած ՀՅ Դաշնակցութիւնը, ընտրութեան մասնակցելով, կը փորձեն այդ վստահութիւնը վերականգնել:

«Իմ թեկնածութեանս առաջադրումը պայմանաւորուած էր նաեւ հանգամանքով մը` արդէն քանի մը ընտրութիւն է, որ Մալաթիա-Սեբաստիա մեծամասնական ընտրակարգով, բացի իշխանութեան մաս կազմող ուժերէն, այլ թեկնածուներ չէին առաջադրուեր», նշեց Արթուր Եղիազարեան` աւելցնելով, որ ժողովուրդին մօտ ընդունուած կարծրատիպ է, որ ամէն ինչ իշխանութիւններուն ուզածին պէս պիտի ըլլայ:

Արթուր Եղիազարեան շեշտեց, որ այդպէս պիտի չըլլայ եւ ատիկա յստակ պիտի դառնայ ընտրութիւններուն ընթացքին:

Ան նաեւ պարզաբանեց, թէ ինչո՛ւ Դաշնակցութիւնը որդեգրած է ընկերային ուղղուածութեան դրոյթներու գերակայութեամբ նախընտրական ծրագիր մը. «Որպէսզի մարդը կարենայ իր ընկերային-տնտեսական վիճակը թեթեւցնել եւ չխորթանալ իր հայրենիքէն` յարգել սեփական պետութիւնը»:

Share this Article
CATEGORIES