Նախագահ Սարգսեան Կոչ Կ՛Ուղղէ Քուէարկելու Արայիկ Գրիգորեանի Օգտին

Արարատի մարզի Աւշար համայնքի բնակիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան ընտրողներուն յորդորեց քուէարկել թիւ 18 ընտրատարածքին մէջ ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածու Արայիկ Գրիգորեանի օգին:

Նախագահը նշեց, որ թէեւ Արայիկ Գրիգորեան հանրապետական չէ, բայց կան անկուսակցականներ, որոնք հանրապետականներէն շատ աւելին կրնան ընել:

Նշենք, որ թիւ 18 ընտրատարածքին մէջ Դաշնակցութիւնը առաջադրած է իր պատգամաւորական խմբակցութեան անդամ, անկուսակցական Արայիկ Գրիգորեանի թեկնածութիւնը, իսկ Օրինաց երկիր կուսակցութիւնը` գործող պատգամաւոր Իշխան Խաչատրեանի թեկնածութիւնը: Ինքնառաջադրուած է «Երասխ» գինիի գործարանի տնօրէն Ռազմիկ Թեւոնեան:

 

Share this Article
CATEGORIES