Արընչ Փոքրամասնութիւններուն Պահանջած Կալուածներուն Մասին Բացատրութիւններ Տուած Է

Պիւլենթ Արընչ

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ խորհրդարան յղուած հարցագիրի մը պատասխանելով յայտարարած է, որ վերջին հինգ ամիսներուն ընթացքին 26 փոքրամասնական հիմնարկներու կողմէ դիմում կատարուած է 78 անշարժ կալուածներու վերադարձուիլը պահանջելով: Այս դիմումներէն 6-ը արդէն իսկ արձանագրուած է վաքըֆներու անուան, իսկ մէկը մերժուած է:

Արընչ յիշեցուցած է, որ 1 հոկտեմբեր 2011-ին ի զօրու դարձաւ այն օրէնքը, ըստ որուն, պիտի վերադարձուին 1936-ին բռնագրաւուած կամ երրորդ անձերու փոխանցուած փոքրամասնական կալուածները: Այդ թուականէն ի վեր Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը ենթարկուած է դիմումներու տեղատարափի մը: Հինգ ամիսներու ընթացքին 78 կալուածներու դիմում ներկայացուած է:

Արընչ այս բացատրութիւնը տուաւ պատասխանելով Քիւթահիոյ երեսփոխան փրոֆ. Ալիմ Ըշըքի կողմէ յիշեալ օրէնքին մասին խորհրդարանին յղուած հարցագիրի մը: Արընչ յիշեցուցած է նաեւ, որ ըստ օրէնքին կողմէ նախատեսուած պայմանաժամին, դիմումները տակաւին կը շարունակուին զանազան փոքրամասնական հիմնարկներու կողմէ:

 

Share this Article
CATEGORIES