«Հայերը Ստիպուած Եղած Են Իրենց Տուները Լքելու» Կ՛Ըսէ Չիչեք
«Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք «Ցաւը կիսելու եւ վէրքերը բուժելու առաջին քայլ» խորագիրով գիտաժողովին ընթացքին յայտնած է, որ 19-րդ դարավերջին եւ 20-րդ դարասկիզբին «մեզի հետ համատեղ ապրող հարիւրաւոր հայեր ստիպուած եղան լքելու իրենց տուները, եւ ատիկա պէտք է յիշել»:
Ան ընդգծած է, որ Թուրքիոյ մէջ ապրող ոեւէ մարդու համար դժուար է այս իրականութեան դէմ յանդիման գալ, սակայն պէտք է ընդունիլ, որ երկու ժողովուրդները ընդհանուր ցաւեր ունին: Ան կարեւոր նկատած է նաեւ ընդհանուր վէրքերը բուժելու ուղղուած քայլերու աշխուժացումը:
«Պատերազմի ընթացքին Անատոլուն մեծ ողբերգութիւններու ականատես եղած է: Ներքին ճնշումներու պատճառով հայերը ստիպուած եղած են իրենց տուները լքելու: Ատիկա պէտք է ընդունիլ: Օսմանեան կայսրութեան տարիներուն, ինչպէս որեւէ կայսրութեան մէջ, պատերազմները մերթ ընդ մերթ կոտորածներու, աքսորի ու տեղահանութիւններու պատճառ եղած են: Այդ պատճառով մարդիկ ցաւ ապրած են եւ հանրութեան մէջ տարբեր արձագանգներ եղած են: Մենք նախընտրած ենք մոռնալ այդ ցաւերը: Անատոլուի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները մեր սրտերուն մէջ թաղած ենք: Նոր սկիզբի համար ամէնէն գործնական լուծումը անցեալին կառչած չմնալն է: Ցաւերը զայրոյթ կը ծնին, զայրոյթը` ատելութիւն, իսկ ատելութիւնը` վրէժխնդրութիւն: Ճիշդ այդ պատճառով անցեալի ցաւերը փորփրելը որեւէ մէկուն օգուտ պիտի չտայ», ըսած է Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահը:
Ան նաեւ յայտարարած է, որ այդ ցաւերէն պէտք է դասեր քաղել եւ պայքարիլ, որ այլեւս չկրկնուին: «Պէտք չէ մոռնալ, որ ցաւերը խառնողները միջազգային շահեր կը հետապնդեն: Այսօր մենք պէտք է աշխատինք 19-րդ դարավերջի եւ 20-րդ դարասկիզբի իրադարձութիւններու նման դէպքերու կրկնութիւնը կանխելու ուղղութեամբ», ըսած է Չիչեք:


