Թրքական Երկու Ոչ Կառավարական Կազմակերպութիւններ 24 Ապրիլին Թուրքիոյ Տարածքին Ցոյցեր Պիտի Կատարեն

Այշէ Կիւնայսու

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական երկու ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ` Մարդկային իրաւանց միութիւնը եւ «Ցեղապաշտութեան «ո՛չ» ըսէ նախաձեռնութիւն» կազմակերպութիւնը գործի լծուած են Թուրքիոյ տարածքին 24 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակի ոգեկոչման եւ ցեղապաշտութեան մերժման ցոյցեր կազմակերպելու:

Թուրքիոյ Մարդկային իրաւանց միութեան անդամներէն Այշէ Կիւնայսու «Հիւրրիյէթ»-ին յայտնած է, որ «մենք այս աշխատանքներու միտքը կ՛ամփոփենք մէկ նախադասութեամբ` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը բարոյական, իրաւաբանական, քաղաքական եւ ընկերային պատասխանատուութեան կատարում կը ներկայացնէ»:

Գլխաւոր ցոյցը տեղի պիտի ունենայ Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ, սակայն անոր կազմակերպիչները Թուրքիոյ տարածքին ցոյցերու ժամանակացոյցին եւ ճշգրիտ վայրերուն մասին տեղեկութիւնները 24 ապրիլէն քանի մը օր առաջ պիտի յայտարարեն:

«Եթէ ճշմարտութիւնը տեսնելու պատրաստ ենք, սուտերը որեւէ պարագայի չեն կրնար յաւիտեանս տիրել», ըսած է Մարդկային իրաւանց միութեան վարչութեան եւ միութեան ցեղապաշտութեան ու խտրականութեան դէմ յանձնախումբի անդամ Կիւնայսու:

«Այս ցաւին ճանաչումը Թուրքիոյ մէջ իսկական ժողովրդավարացման պիտի առաջնորդէ: Ցեղապաշտութիւնն ու ատելութիւնը պիտի նահանջեն, եւ մենք կենցաղի մարդկային (արժեչափերուն) աւելի պիտի մօտենանք», նշած է ան:

Կիւնայսու նաեւ ուշադրութիւն հրաւիրած է 24 ապրիլ 2011-ին թրքական բանակին մէջ զինուորական ծառայութիւն կատարող Սեւակ Շահին Պալըքճըի թուրք զինակիցի մը կողմէ սպանութեան հարցին:

24 ապրիլ 2011-ին նշեալ ոչ կառավարական երկու կազմակերպութիւնները միաժամանակ ցոյցեր կազմակերպած են Պոլսոյ, Անգարայի, Իզմիրի եւ այլ նահանգներու մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES