Նախագահ Սահակեան Ընդունեց Լեւոն Մկրտչեանը Եւ Կիրօ Մանոյեանը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Լեւոն Մկրտչեանը եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը:

Նախագահ Սահակեան ողջունեց Ստեփանակերտի մէջ «Հայ դատի հիմնախնդիրները եւ այդ ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները» նիւթով խորհրդաժողովին կայացումը` զայն կարեւոր նկատելով թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին քաղաքական տեսանկիւնէն:

Հանդիպման կը մասնակցէին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի խորհրդատու Գէորգի Պետրոսեան եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան:

Share this Article
CATEGORIES