50 Տարի Առաջ ( 14 ապրիլ 1962 )
Համազգային Մշակութային Ընկերակցութեան
Հայ Բեմարուեստի Ջահակիրները
Համազգային մշակութային ընկերակցութեան հայ մշակոյթի բոցավառ ջահը, նման` այն ողիմպիական ջահերուն, որոնք անձնուէր մարզիկներու ձեռամբ Յունաստանի Ողիմպոս լերան գագաթէն ճամբայ ելլելով` անսահման տարածութիւններ կը կտրեն յաճախ անցնելով ցամաքամասէ ցամաքամաս, իբրեւ մարզական մշակոյթի խորհրդանիշ, փոխանցուելով ձեռքէ ձեռք եւ սահմանագլուխէ սահմանագլուխ, հանդիսանալով բոլորը նոյն նպատակին շուրջ միացնող ազդակ: Հայկական արտասահմանի ազգային մշակոյթի ջերմութեան ու լոյսին կարօտը ունեցող շրջաններուն այդ բոցավառ ջահը փոխանցող նուիրեալներու փաղանգը կոչուած են կազմելու նախ` Համազգայինի Թատերասէրներու միութեան անդամները, ապա Համազգայինի Էշրեֆիէի մասնաճիւղին հայ երգ ու պարի «Քնար» խումբը: Ասոնցմէ առաջինը, որ իր ետեւը ունի քսան տարուան բեղուն գործունէութեան անցեալ մը` արդէն Եգիպտոս, Իրաք, Պարսկաստան եւ Սուրիա այցելութեամբ ստեղծած է անսահման խանդավառութիւն այդ գաղութներուն մէջ. իսկ այս տարեշրջանին ծրագրած է մայիս 7-13 Պէյրութի մէջ միութեան հիմնադրութեան քսանամեակին առթիւ փառատօնի ներկայացումներու շարքէն յետոյ, մայիս 26-ին այցելել Կիպրոս` հայ գաղութին բեմադրելու երկու մեծարժէք թատերախաղեր:
Համազգայինի հայ երգ ու պարի «Քնար» խումբը իր ետին տարիներու պատկառելի թիւ մը չունի իբրեւ անցեալ. ան 1956-ին գոյութեան կոչուած է «Ազատամարտ» ակումբի վարչութեան կողմէ` իբրեւ «Գողթան» երգչախումբ, ղեկավարութեամբ տոքթ. Վարդգէս Աբրահամեանի: Երգչախումբին կողքին շուտով նաեւ կազմակերպուեցաւ նուագախումբ մը` անխոնջ ղեկավարին ջանքերով: Խումբին գործունէութեան դաշտը Էշրեֆիէն էր` իր «Ազատամարտ» սրահով: Յաջորդ տարին սոյն խումբը վերածուեցաւ հայ երգ ու պարի խումբ` իր մէջ պարփակելով երգչախումբ, նուագախումբ եւ պարախումբ, մաս կազմելով Էշրեֆիէի Համազգայինի մասնաճիւղին, պարուսոյց ունենալով տոքթ. Աբրահամեանի արժանաւոր կողակից` Էկլանդին Աբրահամեանը եւ այնուհետեւ Աբրահամեան ամոլի ղեկավարութեան տակ տարուէ տարի յաջորդաբար ունեցաւ իր ելոյթները, սկիզբը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ներկայանալի ամէն յարմարութիւններով օժտուած սրահին մէջ, իսկ այն թուականէն ասդին, երբ պատկան իշխանութիւնները թոյլատու չեղան այդ սրահի օգտագործման, շարունակուեցան «Քնար» երգ ու պարի խումբին ելոյթները տեղի ունենալ այնպիսի անյարմար սրահներու մէջ, ուր գեղարուեստական նման ձեռնարկներ իրագործել շատ դժուար էր թեքնիք տեսակէտներով: Սակայն խումբը յաջողեցաւ այդ պայմաններուն մէջ իսկ հանդիսականները գոհացնող արդիւնքի մը հասնիլ եւ խումբին համբաւը անցնելով հայկական շրջանակէն դուրս` գնահատուեցաւ Լիբանանի պետական շրջանակներուն կողմէ եւ Մեթնի գաւառապետութեան կողմէ կազմակերպուած երեկոյթով մը առիթը տրուեցաւ արաբ հայրենակիցներու ընտրանիին գնահատելու խումբին ներկայացուցած երգերն ու պարերը:
Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով` Քոլեժ տը լա Սալի սրահը ընտրուած է խումբին տարեկան ելոյթին համար, սոյն սրահը յարմարագոյնն է, տրամադրելի սրահներուն մէջ, որուն բեմական յարմարութեանց պատշաճեցուած ըլլալու են պարերը, պայմաններուն յարմարուելու բնատուր յատկութեամբ մը, որ հասարակաց է հայոց մօտ:
Կ՛իմանանք, թէ այս տարուան ելոյթին հայաստանեան նոր երգ ու պարերու կողքին, չէ անտեսուած նաեւ լիբանանեան ֆոլքլորը, եւ կը յուսանք, որ ասիկա մեր արաբ հայրենակիցները հետաքրքրող ազդակ մը ըլլայ, եւ անոնք, որոնք սոյն երեկոյթներուն ներկայ ըլլալու առիթը պիտի ունենան, հայ արուեստին ընդմէջէն հայերս աւելի լաւ ճանչնալու կարելիութիւնը պիտի ունենան: Փոխադարձաբար լիբանանեան մշակոյթի ազնուագոյն մէկ արտայայտութիւնը գնահատելու եւ ըմբոշխնելու հաճոյքը կը տրուի մեզի:
Համազգայինի սոյն խումբերը, որոնք կոչուած են հայ մշակոյթի դեսպանները ըլլալու, իրենց առաքելութիւնը աւելի լայն չափով կատարելու կարելիութիւնը պիտի ունենային, եթէ իրենց տրամադրութեան տակ կարենային ունենալ իրենց կարողութիւնները լի ու լի գործադրելու կարելիութիւնները ընծայող միջոցները: Կ՛ակնարկենք յատկապէս արդիական յարմարութիւններով օժտուած սրահի մը անհրաժեշտութեան` մեր գաղութին մէջ, որ կարելիութիւնը պիտի տար սոյն խումբերուն նուաճելու նոր բարձունքներ` արուեստի վերելքի ճամբուն վրայ, ի փառս հայ մշակոյթին:
Կ. ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

