ԲԺՇԿԱԳԻՏԱԿԱՆ. Մասնագէտներ Կը Յաջողին Բուժել Արկածի Պատճառով Երիտասարդի Մը Վնասուած Գանկոսկրը` Անոր Ստամոքսին Ճարպէն Վերցուած Ներարկումներ Կատարելով
Վերջերս բրիտանացի խումբ մը մասնագէտներ լրատուական տարբեր միջոցներով յայտնած են մօտաւորապէս երեք տարի առաջ արկածի պատճառով երիտասարդի մը վնասուած գանկոսկրին մէկ մասին վիրահատուելուն ու ապա անոր ստամոքսին ճարպէն վերցուած ներարկումներուն միջոցով վնասուած բաժինին ամբողջութեամբ վերակազմուելուն մանրամասնութիւնները:
Յունիս 2009-ին բրիտանացի Թիմ Պարթըր իր տան մէջ կը մոռնայ դրան բանալին եւ կ՛որոշէ բարձրանալ ջուրի խողովակով մը` հասնելու համար տան վերի բաժինին պատուհաններէն մէկուն եւ այնտեղէն ներս մտնելու: Սակայն, վեր բարձրացած ատեն խողովակը կը խորտակուի եւ ան մօտաւորապէս եօթուկէս մեթրէն վար կ՛իյնայ:
Դրացիները արիւնլուայ վիճակի մէջ կը գտնեն զինք եւ անմիջապէս հիւանդանոց կը փոխադրեն: Այնտեղ անմիջական բուժօգնութեան բաժանմունքի մասնագէտները կը տեսնեն գանկոսկրին վնասուած տարողութիւնը եւ կ՛որոշեն անմիջապէս վիրահատել այդ բաժինը` կասեցնելու համար արիւնահոսութիւնն ու ստացած հարուածին պատճառով ուղեղին ուռիլը:
Վիրաբուժութեան ընթացքին, մասնագէտները վնասուած կը գտնեն նաեւ անոր աչքին խոռոչին մէկ մասը եւ զայն եւս վիրաբուժութեան կ՛ենթարկեն:
Պարթըր մահաքունի մէջ կը մնայ տասը օր, որմէ ետք ան ամիսներ շարունակ կը պահուի մասնագէտներուն անմիջական հսկողութեան տակ: Որոշ ատեն մը Պարթըր իր շուրջ գտնուող իրերն ու մարդիկը զոյգ կը տեսնէ, սակայն հետզհետէ կը բարելաւուի անոր տեսողութիւնը:
Ճշգրիտ Պատշաճեցում
Ինչ կը վերաբերի վիրահատուած գանկոսկրին յառաջացուցած պարապութեան, ապա ատեն մը ետք մասնագէտները թայթէյնիըմ կոչուած մետաղով կազմուած կտոր մը կը պատրաստեն եւ զայն կը տեղադրեն գանկոսկրին վիրահատուած բաժինին մէջ:
Մասնագէտները նշեալ կտորը կը պատրաստեն` օգտագործելով համակարգիչի արհեստագիտութիւնը, որ ամբողջութեամբ կը ցոլացնէ Պարթըրին գլխուն անվնաս մնացած հանդիպակաց բաժինը` ձեռք ձգելու համար վիրահատուած գանկոսկրին ճշգրիտ չափերը` այդպիսով տեղադրուած կտորը կարելի եղած չափով պատշաճեցնելով վիրահատուած կտորին չափերուն:
Միւս կողմէ, սակայն, նշեալ նախաձեռնութեան առընթեր, մասնագէտները ճարպի նմուշներ կը վերցնեն Պարթըրին ստամոքսէն եւ զանոնք յաճախադէպօրէն կը ներարկեն անոր գանկոսկրին վիրահատուած բաժինին մէջ: Այսուհանդերձ, ատեն մը ետք վիրահատուած բաժինը հետզհետէ կը սկսի վերակազմուիլ ճարպի հիւսկէններու կուտակումով: Պէտք է նշել, թէ ճարպի հիւսկէնները պարզապէս կը լեցնեն վիրահատուած գանկոսկրին յառաջացուցած պարապութիւնը եւ ո՛չ թէ` նոր գանկոսկրի կազմութիւն կը յառաջացնեն:
«Մեծ Նուաճում»…
Հիւանդանոցին տնօրէնը տոքթ. Ռոպըրթ Պենթլի, որ նաեւ Պարթըրին վնասուած գանկոսկրին վիրահատումը կատարող մասնագէտներէն մէկն է, իւրայատուկ երեւոյթ մը նկատած է ճարպի ներարկումով կատարուած դարմանումը, մասնաւորաբար` գանկոսկրի նման վնասուած բաժինի մը պարագային: Ան նշած է, թէ վերջին ինը տարուան ընթացքին, հիւանդանոցին մէջ թայթէյնիըմով կազմուած աւելի քան երկու հարիւր յիսուն մարմնի տարբեր կտորներ տեղադրուած են տարբեր պատճառներով վնասուած բաժիններ ունեցող մարդոց մարմնին մէջ, սակայն, Պարթըրին պարագան բաւական իւրայատուկ է` նկատի ունենալով, որ գանկոսկրին վնասուիլը չի նմանիր մարմնին տարբեր բաժիններուն ոսկորներուն վնասուելուն, քանի որ այնտեղ ուղեղն է խնդրոյ առարկան, որուն մէջ յառաջացած նուազագոյն վնասը կրնայ ամբողջութեամբ անդամալուծել մարդոց կեանքը եւ կամ նոյնիսկ վայրկենական մահ պատճառել:
Հետեւաբար տոքթ. Պենթլին հրաշք կոչած է Պարթըրին անցուցած մեծ արկածէն ետք անոր ողջ մնալը, իսկ վիրահատուած գանկոսկրին պարապ մնացած բաժինին ճարպով վերակազմուիլը մեծ նուաճում նկատած է:
Պատրաստեց՝ ՍՒՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Օգտագործուած աղբիւրներ՝
«Պի. Պի. Սի. եւ «Ա. Էֆ. Փէ.»)

