ԲԺՇԿԱԳԻՏԱԿԱՆ. Համացանցի Մոլին Դարձող Մարդոց Ուղեղին Մէջ Փոփոխութիւններ Յառաջացած Են
Յունուարի կէսերուն չինացի մասնագէտներու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութեան մը նախնական արդիւնքները ցոյց տուած են, թէ համացանցի մոլին եղող մարդոց ուղեղին մէջ յառաջացած են թմրամոլներու ու գինեմոլներու ուղեղին մէջ յառաջացած փոփոխութիւններուն նման փոփոխութիւններ:
Մասնագէտները նշեալ ուսումնասիրութեան մէջ նկատի ունեցած են 14-21 տարեկան երեսունհինգ երիտասարդ-երիտասարդուհի: Այսուհանդերձ, Քէ. ճառագայթներ արտադրող համակարգիչի բարդ սարքի մը միջոցով եղած նկարահանումները ցոյց տուած են, թէ անոնցմէ տասնեօթին ուղեղին տարբեր բաժիններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հաղորդակցութեան մէջ որոշ ընդհարումներ յառաջացած են:
Մինչ այդ, մասնագէտները հարցաթերթիկներ ցրուած են երեսունհինգ հոգիին, որոնցմէ ձեռք ձգուած պատասխաններէն վերոնշեալ տասնեօթը հոգին դասուած են համացանցի մոլութեան հիւանդութիւն ունեցողներուն շարքին` նկատի ունենալով, որ անոնք անհակակշռելի կերպով երկար ժամեր համացանց գործածած են, եւ նոյնիսկ երբ փորձած են նուազեցնել գործածութեան ժամերը, անկարելի եղած է զայն յաջողցնելը:
Գինեմոլներուն Եւ Կամ Թմրամոլներուն
Ուղեղին Մէջ Յառաջացած Փոփոխութիւններուն
Նման Փոփոխութիւններ`Նաեւ Համացանցի
Մոլին Դարձող Մարդոց Ուղեղին Մէջ…
Մասնագէտները մագնիսական հնչեղութեամբ բանող սարքի մը միջոցով գտած են, թէ համացանցի մոլին դարձած այդ տասնեօթը հոգիին ուղեղին ճերմակ մասին մէջ փոփոխութիւններ յառաջացած են: Ուղեղին նշեալ բաժինը գլխաւորաբար կը պարունակէ ջիղերու բջիջներուն բնաթելերը:
Մասնագէտները նկատած են, թէ նշեալ ջիղերու բնաթելերուն ու ուղեղին զգացումներու եւ որոշումներ տալու, ինչպէս նաեւ ինքզինք հակակշռելու ու կեդրոնացումի հետ առնչուած բաժիններուն միջեւ եղող կապերուն մէջ ընդհատումներ յայտնուած են:
Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող չինացի մասնագէտ Հաօ Լէյ ըսած է, թէ ուսումնասիրութենէն ձեռք ձգուած տուեալները ցոյց տուած են, թէ համացանցի մոլութեան հիւանդութիւնը կ՛ընդգրկէ նաեւ այլ մոլութիւններու (օրինակ` թմրամոլութեան եւ կամ գինեմոլութեան) մէջ յայտնուած հոգեբանական ու ջղային համակարգին առնչուած հիւանդութիւններուն ախտանշանները:
Բրիտանացի հոգեբուժ փրոֆ. Կանթըր Շուման նշած է, թէ համացանցի մոլութեան յառաջացուցած վնասներուն նման վնասներ յայտնուած են նաեւ վիտէօ երիզի վրայ խաղեր խաղացող մոլիներու ուղեղին մէջ: Ան ըսած է, թէ առաջին անգամն է, որ երկու ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան անհակակշռելի տարողութեամբ համացանցի եւ կամ վիտէօ երիզի վրայ խաղեր խաղացող մարդոց ուղեղին տարբեր բաժիններուն ջիղերու բջիջներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող կապին մէջ յառաջացած փոփոխութիւնները, ինչպէս նաեւ` ուղեղի աշխատանքին մէջ յառաջացած փոփոխութիւնները:
Բրիտանացի այլ հոգեբուժ մը` տոքթ. Հանրիէթա Պաուտըն Ճոնս ըսած է, թէ վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ ուղեղին տարբեր բաժիններուն մէջ յառաջացած ուշագրաւ փոփոխութիւնները յայտնուած են ո՛չ միայն գինեմոլներուն եւ կամ թմրամոլներուն մօտ, այլ նաեւ` կայքէջի մոլիներուն մօտ:
Մասնագէտները հետամուտ են կատարելու յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ` շատ աւելի մեծ թիւով մարդիկ ներառելու համար իրենց փորձարկումներուն մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ վերջնականապէս վաւերացնել վերոնշեալ ուսումնասիրութենէն ձեռք ձգուած տուեալները:նները:
Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Օգտագործուած աղբիւրներ՝
«Պի. Պի. Սի.» եւ «Ա. Էֆ. Փէ.»

