ԲԺՇԿԱԳԻՏԱԿԱՆ. Քաղցկեղի Վերածուած Ուռերուն Ծինային Կերտուածքներուն Մէջ` Հսկայ Այլազանութիւն Յայտնաբերուած…

Մարտի սկիզբը Բրիտանիոյ քաղցկեղի ուսումնասիրութեան կեդրոններէն մէկուն մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններէն մէկուն համաձայն, քաղցկեղի վերածուած տուեալ ուռի մը միայն մէկ բաժինէն նմուշներ վերցնելը կրնայ չյայտնաբերել անոր ամբողջական ծինային ինքնութիւնը:

Այսուհանդերձ, մասնագէտներ նմուշներ վերցուցած են երիկամէ մը վիրահատուած քաղցկեղի վերածուած ուռի մը տարբեր բաժիններէն եւ կենսազննութիւն կատարած են: Նշեալ նմուշներէն իւրաքանչիւրին ծինային համապարփակ ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, թէ տուեալ նմուշի մը մէջ յառաջացած ծինային վիպակներուն մօտաւորապէս երկու երրորդը չէ յայտնուած միեւնոյն ուռին տարբեր բաժիններէն վերցուած մնացեալ նմուշներուն մէջ:

Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող բրիտանացի մասնագէտ փրոֆ. Չարլզ Սուանթոն ըսած է, թէ նման յայտնաբերում մը արտասովոր տարողութեամբ ծինային այլազանութիւն ցոյց տուած է: Այսուհանդերձ մասնագէտները շատ աւելի տարբերութիւններ գտած են միեւնոյն ուռին տարբեր բաժիններէն առնուած նմուշներուն ծինային կերտուածքներուն միջեւ, քան` նմանութիւններ:

Ծինային Կերտուածքներու Այլազանութիւն`
Նոյնիսկ
Տուեալ Ուռի Մը Իրարու Մօտ Եղող
Բաժիններէն
Վերցուած Նմուշներուն Մէջ…

Մասնագէտները հետամուտ են գտնելու, թէ ինչպիսի՛ ազդակներ կը մղեն նման այլազանութեան մը յառաջացման, ինչպէս նաեւ` ճշդելու այն գլխաւոր ծինային փոփոխութիւնները, որոնք յայտնուած են տուեալ ուռի մը բոլոր բաժիններուն մէջ:

Մասնագէտները յայտնած են նաեւ, թէ տուեալ ուռի մը նոյնիսկ իրարու մօտ գտնուող բաժիններէն վերցուած նմուշներուն ծինային յաջորդականութիւնը նոյնը չէ եղած: Այսուհանդերձ, թէեւ տուեալ ուռէ մը վերցուած նմուշներուն վրայ եղած դարմանումները արդիւնաւէտ եղած են, սակայն ծինային հսկայ այլազանութեան պատճառով այդ դարմանումները միշտ ալ չեն յաջողած, երբ տրուած են մարդոց մարմնին մէջ յայտնուած ուռին եւ ատեն մը ետք ուռը վերսկսած է աճիլ եւ քաղցկեղը շարունակած է տարածուիլ` շփոթեցնելով դարմանումը կատարող մասնագէտները:

Փրոֆ. Սուանթոն ըսած է, թէ վերոնշեալ յայտնաբերումը նպաստած է, որպէսզի կարելի ըլլայ բացատրել, թէ ինչո՛ւ տարբեր տեսակի քաղցկեղներու դարմանումը շատ աւելի կը դժուարանայ, անգամ մը որ անոնք տարածուին մարմնին տարբեր բաժիններուն մէջ: Այսուհանդերձ, փրոֆ. Սուանթոն շեշտած է քաղցկեղցի սկզբնական հանգրուաններուն ախտաճանաչում կատարելու կարեւորութիւնը` նախքան անոր տարածուած ըլլալը, ինչպէս նաեւ` անոր ծինային կերտուածքներուն մէջ յառաջացած գլխաւոր փոփոխութիւնները թիրախ դարձնելու անհրաժեշտութիւնը:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Օգտագործուած աղբիւրներ՝
«Պի. Պի. Սի.» եւ «Ա. Էֆ. Փէ.»

Share this Article
CATEGORIES