ԲԺՇԿԱԳԻՏԱԿԱՆ. Յղի Կիները Քիմիաբուժութեան Ենթարկելը Կը Վնասէ՞ Երեխաներուն…
Փետրուարի կէսերուն քաղցկեղի մասնագէտ խումբ մը եւրոպացիներու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ կիներուն յղութեան շրջանին յայտնուած քաղցկեղը դարմանելու նպատակով իրենց տրուած քիմիաբուժութիւնը չի վտանգեր երեխաներուն առողջութիւնը:
Այսուհանդերձ, մասնագէտները իրենց ուսումնասիրութեան մէջ նկատի ունեցած են յղութեան շրջանին քաղցկեղ ունեցած ու քիմիաբուժութիւն ստացած վաթսունութ կիներ եւ անոնցմէ ծնած եօթանասուն երեխաներ: Նշեալ կիները մօտաւորապէս տասնութ շաբթուան յղի եղած են, երբ քաղցկեղի ախտաճանաչումը կատարուած է անոնց մօտ: Անոնց երեխաները ծնած են միջին հաշուով երեսունվեց շաբաթ ետք:
Մասնագէտները նշեալ երեխաներուն առողջութեան հետեւած են անոնց ծնելէն ետք ու տասնութ ամսուան եղած ատեն, ինչպէս նաեւ` անոնց հինգ, ութ, ինը, տասնմէկ, տասնչորս ու տասնութ տարեկանին:
Իւրաքանչիւր անգամ մասնագէտները քննած են անոնց մարմինը` յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով անոնց կեդրոնական ջղային համակարգին ու սրտին, ինչպէս նաեւ` անոնց լսողութեան ու մտային կարողութիւններուն: Այսուհանդերձ, անոնք քիմիաբուժութեան առնչուած որեւէ վնասակար ազդեցութիւն չեն նկատած նշեալ մանուկներուն կեանքին տարբեր հանգրուաններուն ընթացքին:
Յաւելեալ Ուսումնասիրութիւններ`
Անհրաժեշտ
Մասնագէտները ըսած են, թէ քաղցկեղի մասնագէտներ, նախքան յղութեան շրջանին յայտնուած քաղցկեղին դարմանումին համար քիմիաբուժութեան սկսիլը, յաճախ վիժեցնել կու տան տակաւին չծնած երեխան եւ կամ կանխահաս ծննդաբերութիւն ընել կու տան` պարզապէս քիմիաբուժութեան յառաջացնելիք վնասներուն առաջքը առնելու համար: Սակայն նորագոյն ուսումնասիրութիւնը քիմիաբուժութեան պատճառով յառաջացած որեւէ վնասակար ազդեցութիւն ցոյց չէ տուած մանուկներուն մօտ նոյնիսկ անոնց կեանքին տարբեր հանգրուաններուն:
Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող մասնագէտ Ֆրետերիք Ամանթ ըսած է, թէ յղի կիներ կրնան քիմիաբուժութեան միջոցով դարմանում ստանալ իրենց յղութեան տասնչորրորդ շաբաթը ամբողջացնելէն ետք` նկատի ունենալով, որ նշեալ հանգրուանէն ետք տրուած քիմիաբուժութիւնը ցարդ չէ վնասած տակաւին չծնած երեխային:
Մասնագէտ Ամանթ յանձնարարած է մասնագէտներուն` հետամուտ ըլլալու, որպէսզի քիմիաբուժութիւն ստացող յղի կիներուն ծննդաբերութիւնը տեղի ունենայ անոնց քիմիաբուժութիւն ստացած վերջին հանգրուանէն նուազագոյնը երեք շաբաթ ետք` առիթ տալու համար քիմիաբուժութեան պատճառով անոնց վնասուած ոսկրածուծին ապաքինման, ինչպէս նաեւ` նուազեցնելու համար անոնց եւ կամ տակաւին չծնած երեխաներուն մօտ թունաւորման ու արիւնահոսութեան յառաջացման վտանգին տարողութիւնը:
Միւս կողմէ, սակայն, այլ մասնագէտներ որոշ վերապահութիւն յայտնած են վերոնշեալ ուսումնասիրութենէն ձեռք ձգուած արդիւնքներուն գծով եւ անհրաժեշտ գտած են յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ կատարել նշեալ ծիրին մէջ` այդ արդիւնքներուն վաւերականութիւնը հաստատելու համար:
Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Օգտագործուած աղբիւրներ՝
«Պի. Պի. Սի.» եւ «Ա. Էֆ. Փէ.»

