Հրապարակի Վրայ Է «Արմինիըն Ռիվիու»-Ի Վերջին Թիւը
Այս ամսուան սկիզբը լոյս տեսաւ «Արմինիըն Ռիվիու»-ի վերջին թիւը: Երկար տարիներու ոչ թեմաթիք սովորութենէն հեռու մնալով` «Ռիվիու»-ի այս թիւը երկու թեմաթիք թիւերէ ետք լոյս կը տեսնէ եւ կը ներառէ չորս գիտական յօդուածներ, քանի մը գրախօսականներ եւ վերլուծականներ:
Վերջին թիւին բացումը կ՛ընէ Արա Սանճեանի քննարկումը, որ կ՛անդրադառնայ պատմաբաններուն մարտահրաւէրներուն, սահմանափակումներուն եւ հնարաւորութիւններուն, երբ խորին հետազօտութիւններ կ՛իրականացնեն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) մասին: Գրութիւնը կ՛անդրադառնայ գիտնականներուն համար նիւթերու սահմանափակումին` ըլլան անոնք գիտական հետազօտութիւններ, թէ` անձնական յուշագրութիւններ: Յատկապէս նշուած է արխիւային նիւթերու հասանելիութեան անհրաժեշտութիւնը, որ հնարաւորութիւնը պիտի տայ գրելու եւ գնահատելու ՀՅԴ պատմութիւնը, յատկապէս 1924 թուականէն ասդին` սփիւռքի իր գործունէութիւնը:
Պետրոս Տէր Մաթոսեանի հեղինակութեամբ այլ գրութիւն մը` Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի արխիւային նիւթերուն համապարփակ հետազօտութիւնն է: Հակիրճ նկարագրում մը կատարելէ ետք, թէ ո՛ր վայրերուն մէջ կը գտնուին անոնք, գրութիւնը մանրամասնօրէն կ՛անդրադառնայ պատրիարքարանին մօտ գտնուող արխիւային նիւթերուն: Տէր Մաթոսեան ապա արխիւները կը ներկայացնէ` հիմնուելով ենթաթեմաներու եւ թուականներու վրայ: Այս առաջին հրապարակային քննութիւնն ու վերլուծութիւնն է Երուսաղէմի պատրիարքարանին մօտ գտնուած Հայոց ցեղասպանութեան առնչուած նիւթերուն:
Երրորդ յօդուածը համատեղ աշխատանք մըն է Քէյթի Է. Փիրսի, Հաուարտ Կիլզի, Քրիսթոֆըր Հայէքի, Վալերի Պարքրի եւ Չարլզ Չոյի միջեւ ու հետաքրքրական համեմատական մըն է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներու մօտեցումին մասին` իրենց համապատասխան ոստիկանութեան ուժերուն հանդէպ: Հետազօտութիւնը ոչ միայն կը քննէ քաղաքացիներուն վերաբերմունքը, այլ կը փորձէ նաեւ չափել յարգանքն ու վստահութիւնը, որ քաղաքացիները կը տածեն իրենց իրաւապահ մարմիններուն: Գրութիւնը հիմնուած է մանրամասն տեսական շրջանակի վրայ եւ պատկերացում մը կու տայ իւրաքանչիւր երկրի մէջ հասարակութեան եւ իրաւապահ մարմիններու յարաբերութեանց մասին:
Չորրորդ գրութեան հեղինակն է Արմէն Պայպուրթեան. անիկա գիտական հետազօտութեան մը եւ դիւանագէտի մը անհատական յուշերու միախառնումն է: Ըլլալով Հնդկաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին դեսպանը` ան անմիջականօրէն ձեւաւորած եւ հետեւած է երկկողմանի յարաբերութեանց ստեղծման: Յօդուածը կարճ պատմական մը տալէ ետք կը կեդրոնանայ Երեւանի եւ Նիւ Տելհիի համագործակցութեան շարունակաբար աճող մակարդակին վրայ. գրութեան մէջէն հանրութեան կը ներկայացուին նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին տարիներու ռազմավարական որոշ առաջնահերթութիւնները:
Պէտք է նաեւ նշել, որ «Արմինիըն Ռիվիու»-ի թուայնացման աշխատանքը ընթացքի մէջ է, եւ արդէն այս աշխատանքին նախնական փուլերը աւարտած են: Անկիւնադարձային է աղբիւրներուն հարստութիւնը, որ հաւաքուած է վաթսուն տարիներու թիւերու մէջ: Եւ քանի կը մօտենայ մեր 65-ամեակը, «Ռիվիու»-ի խմբագրական կազմը իր նուիրուածութիւնը կը հաստատէ նման արդիւնաւէտ ապագայի մը համար: Աջակցելու համար եւ յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմեցէք խմբագիրին` [email protected]
Տարեկան բաժանորդագրութեան սակն է 30 ամերիկեան տոլար` անհատներու համար եւ 60 ամերիկեան տոլար հաստատութիւններուն համար` Միացեալ Նահանգներու մէջ, իսկ Միացեալ Նահանգներէն դուրս` 35 եւ 70 ամերիկեան տոլար: Բաժանորդագրութիւնները կը կատարուին մեր կայքէջին միջոցով: Բաժանորդագրութեան, ապսպրանքի եւ նորոգման բոլոր հայցերը պէտք է ուղղուին`
Armenian Review, Inc.,
80 Bigelow Avenue,
Watertown, MA 02472-2012
Ե-նամակով` [email protected]
կամ հեռաձայնելով (617) 926-4037

