Ազգային Լեզուի Խայտառակ Կացութիւնը. Եւ Մենք` Ինքնագոհ Հանդիսատեսներ
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Դեռ մինչեւ երեք տասնամեակ առաջ հայերէնը, աւելի ճիշդ` արեւմտահայերէնը, հայկական սփիւռքի ինքնութեան հասարակ յայտարարն էր: Հաղորդակցական միջոցները, բեմերը, ժողովները, այդ ժողովներու ատենագրութիւնները, դպրոցներու կողմէ ծնողներու ղրկուած նամակները, խորանէն լսուած քարոզները հայերէն էին: Ընթերցող եւ լսող կը քննադատէին, երբ հայերէնի որակի անկում կը նկատէին:
Այսօր պայծառ արեւուն տակ կը փռուին սփիւռքներու խայտառակ հայերէններ եւ այլեւս քննադատելու ազնիւ պերճանքն ալ անհետացած է, կորած, եւ կորչելու այդ ընթացքին պիտի հետեւին հայկական կոչուած հաւաքականութիւնները` յառաջացնելու համար «ծագումով հայեր»: Այս անկումին առաջնորդները եւ հանդիսատեսները, միաժամանակ, խպնելու առաքինութիւնը մոռցած են տեղ մը:
Հայ դպրոցը հայ ծնողներուն նամակ կը ղրկէ անգլերէն կամ ֆրանսերէն: Հայկական միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ կան, որոնց ժողովական ատենագրութիւնները կը գրուին օտար լեզուներով եւ ե-նամակով կը ղրկուին հայածնունդ անդամներուն, որոնք «ծագումով հայ» են կամ այդպէս պիտի ըլլան:
Գաղափարական ուղղութիւն եւ սկզբունք ունեցող թերթեր եւ լրատուամիջոցներ հայերէնը դասած են աղքատ ազգականի շարքին` որպէս որակ, որպէս ծաւալ, որպէս կարեւորութիւն, չպահանջուած բազմերանգ տեղայնութիւններու տուրք տալով:
Մարդորսութեան արշաւ: Թերթ ծախելու, հեռատեսիլ դիտողի կամ ձայնասփիւռ լսողի համրանք աւելցնելու համար: Ամէնէն հասարակ փերեզակի հաշիւներով, խորհրդահայ ուղղագրութեամբ էջեր կը թխուին, յաճախ խառնակ ուղղագրութեամբ, ընթերցող շահելու համար: Գաղտնիք չէ, ճկոյթի ետին պէտք չէ թաքնուիլ, կարգ մը վայրերու մէջ, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), անգլերէնէ, ֆրանսերէնէ, արաբերէնէ աւելի… թրքերէն լսողներ կան: Ի՞նչ կը սպասենք հետեւելու համար հոսանքին, քանի որ ինքնանպատակ դարձած է մարդորսութիւնը: Թերեւս այդ թրքերէն լսողները աւելի անտաշ կերպով հայ են, քան` յառաջադէմ արեւմտականացածները:
Պարզ. փոխանակ հայկական զանգուածները մօտեցնելու ազգային ինքնութիւն կերտող ազդակներու, կը հետեւինք օտարացման եւ օտարման ընթացքին, այն միամիտ հաւատքով որ զանգուած եւ սերունդ պիտի փրկուին: Եթէ սովորութիւն ունենայինք գիտական հարցախոյզ ընելու, enquête, տրամաբանէինք թուանշաններու լեզուով, մեր դատումները եւ հեռանկարները տարբեր որակ կ՛ունենային:
Եւ ի հարկէ, նման առաջարկ եւ մտածում կը յառաջացնեն դժգոհութիւն… եւ լատինատառ կամ օտարալեզու համացանցը կը դառնայ տեղատուութիւններու պաշտպանութեան թատերաբեմ:
Տէր չեղանք հայ որակաւոր երգին եւ հրապարակը ողողուեցաւ կապկումներով եւ տակառային աղմկարարութեամբ, միշտ «մարդ հաւաքել»-ու պատեհապաշտութեամբ:
Հերթը հասած է ազգ պահած լեզուին, որ կը փոխարինուի… վասն ապազգայնացնող գործնապաշտութիւններու:
Վասն արդիականացման, հայերէնի մէջ կարկուտի պէս կը տեղան օտար բառերը, այլազան, իւրաքանչիւր վայրի մէջ` տեղայնականութեամբ:
Երեւոյթը տարերային էր Խորհրդային Հայաստանի մէջ, որ չի սրբագրուիր, որուն վրայ կը գումարուի նորոյթ «ամերիկեան» բառապաշարը:
Սփիւռքը, դեռ քսան տարի առաջ, աւելի դիմացած էր: Ոմանք կ՛ըսեն, թէ լեզուն կը յառաջդիմէ, քայլ կը պահէ քաղաքակրթութեան յառաջընթացին հետ: Ո՞վ կրնայ հակառակը պնդել: Ամէն տարի ֆրանսերէն լեզուի բառարանները կը վերահրատարակուին եւ նոր բառեր կը յայտնուին հոն: Սա տարբերութեամբ, որ մի ոմն Ալեն կամ Փիեռ, Օտեթ կամ Ժորժեթ չեն որոշեր այդ նոր բառերուն բառարան մուտքը: Եզրաբանական կաճառ կայ, որ կ՛ընտրէ, կ՛որոշէ:
Հայաստանէն ետք, այժմ հայկական սփիւռք(ներ)ը, իւրաքանչիւրը, անհատներ, թերթեր, ժողովականներ, գործատէրեր, տանտիկիններ, մէկական եզրաբանական կաճառ դարձած են` «այսպէս ալ կ՛ըլլայ, այնպէս ալ կ՛ըլլայ»-ի հին-նոր լեզուագիտական վարդապետութեան հետեւելով: Այդպէս ալ կը գրեն, կը խօսին: Անտիրութիւն կայ: Ո՞վ կրնայ համարձակիլ մարդ վշտացնել, մանաւանդ երբ այդ մարդը հանգամանքներ ունի…
Եւ արեւմտահայերէնի մէջ կը ներմուծենք արեւելահայերէնի մէջ, ծանօթ պայմաններու բերումով, տուն-տեղ դարձած բառեր եւ շարահիւսութիւններ: Այդ ներմուծումը կ’արդարացնենք, իւրաքանչիւր անհատ իր ձեւով, արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մերձեցման բացատրութեամբ, ինքնաշնորհուած իրաւունքով:
Այս ընթացքով հայերէնը պիտի կծկուի, պիտի դառնայ անորակ երգի խեղճացած լեզու` խրախճանքներ զարդարելու համար:
Պահ մը կը մտածե՞նք, թէ ինչպիսի՛ դիմագիծ պիտի ունենան հայկական համարուող հաւաքականութիւնները, երբ հայերէն կոչուած լեզուն դառնայ «մարշէ օ փիւս»-ի, «ֆլի մարքեթ»-ի, «պիթ պազարի»-ի կամ «ոջիլի շուկայ»-ի լեզու:
Ոջլոտ լեզուն ի՞նչ բանի պիտի ծառայէ, որո՞նց պիտի ծառայէ:
Այլեւս չենք կրնար ըսել` կանխե՛լ այս տեղատուութիւնը: Ուշ է:
Ղեկավարման յանդգնութեամբ, դէմ երթալով նոյնիսկ դժգոհութեան ալիքի, հարկ է կասեցնել խաթարման ընթացքը: Եւ պատմութիւնը երախտագիտութեամբ պիտի յիշէ նախաձեռնողները, այլապէս յիշողներ ալ պիտի չմնան: Թերեւս կեանքի մը տեւողութեամբ աթոռներ ու աթոռակներ պահուին, կամ… շահախնդրութիւններ: Երբեմն ալ` անհատական-ենթակայական մակարդակի վրայ մխիթարութիւն-բաւարարութիւն փնտռողներ: Այդպէս պիտի ըլլան «ծագումով հայեր»-ը, այդքանն ալ ըլլալէ դադրելէ ետք մանաւանդ:
Կարգախօսերէ եւ իշխանութիւններէ անդին, ազգային իրաւութեամբ ղեկավարման խնդիր ունի ազգը, որ ի Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ սփիւռք(ներ):
Կիսամիջոցները աղէտը կը տնտեսեն:
Պարտուողականութիւնը ազգային աղէտ է:
Բազմագոյն խօսուած հայերէնները հարկ է հայացնել, եթէ ազգային վերապրումի եւ գոյատեւման մտահոգութիւն իրապէս ունինք, մեր ըսածները եւ ըրածները ձեւական թափահարումներ չեն:
Յիշենք անգամ մը եւս Ռաֆայէլ Իշխանեանը. «Առանց լեզուի ի՞նչ ազգ»:

