Հաղորդագրութիւն

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, 25 հոկտեմբեր 2011-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ»սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախկին եւ ներկայ ԶՈՄ-ականներու հետ հանդիպում մը, որուն ընթացքին ներկաները ծանօթացան կատարուած գործուղումներու ծրագիրին ու նուաճումներուն, ապա տուին իրենց կարծիքները այս տարուան ծրագիրին շուրջ:

«Քաշաթաղը իմ տունն է – 2012» խորագիրով գործուղումը այս տարի եւս տեղի պիտի ունենայ Արցախի Քաշաթաղ շրջանի Կովսական քաղաքի Թաթուլ Կրպէյեան դպրոցին մէջ: Դաստիարակչական եւ քարոզչական բնոյթ ունեցող այս աշխատանքը կ՛ենթադրէ նիւթական յատկացումներ, որոնք տարիներ շարունակ ապահովուած են ԶՈՄ-ի բարեկամներու եւ մանաւանդ նախկին Զաւարեանականներու աջակցութեամբ:

Շնորհակալութեամբ կը նշենք, որ այս տարուան գործուղման նիւթական ծախսերուն մեծ մասը մատակարարուած է նախկին ԶՈՄ-ականներու եւ բարեկամներու նուիրատուութիւններով:

Զաւարեան ուսանողական միութիւնը իր երիտասարդ ուժով եւ աննկուն կամքով կը շարունակէ իր մարդուժը ներառել Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ծառայութեան գործին` հաւատալով, թէ ուսանողութեան առաջնակարգ առաքելութիւնը իր հայրենիքի ծառայութեան մէջ կը կայանայ: Այս ծիրին մէջ, Զաւարեան ուսանողական միութիւնը «Քաշաթաղը իմ տունն է – 2012» խորագիրով 13 յուլիսէն 10 օգոստոս 2012, պիտի գործուղէ 10 ԶՈՄ-ական ընկերներ:

ՀՅԴ ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Share this Article
CATEGORIES