Ազրպէյճան. Պաքու Կը Վիճարկէ Իրանի Դէմ Իսրայէլա-Ազրպէյճանական Ռազմական Գործակցութեան Մասին Տարաձայնուող Վարկածը

Ազրպէյճանցի ռազմական եւ քաղաքական վերլուծաբաններ կը վիճարկեն 28 մարտին ամերիկեան կայքէջի մը վրայ հրատարակուած զեկոյցը, որ կը պնդէ, թէ Իսրայէլ պիտի օգտագործէ ազրպէյճանական խարիսխներ` Իրանի դէմ հաւանական յարձակումի ատեն:

Մինչ Ազրպէյճանի խորհրդարանի անդամ մը Եուրէյժիանեթին ըսաւ, որ ինք կը կարծէ, թէ Իսրայէլ կը փնտռէ այսպիսի հնարաւորութիւն մը, ինք, տեղական այլ վերլուծաբաններու հետ, կը կարծեն, որ այդպիսի խնդրանքի մը ընդառաջելու վտանգները կը գերակշռեն հաւանական շահերը:

«Ենթակառոյց մը կայ, եւ ես կը հաւատամ, որ իսրայէլացիները կը քննարկեն ատոր հաւանական օգտագործումը: Բայց, անշուշտ, Պաքու իր համաձայնութիւնը չէ տուած», ըսաւ Ռասիմ Մուսապեկով` անկախ երեսփոխան մը, որ անդամ է միջազգային յարաբերութիւններու եւ միջխորհրդարանական հարցերու յանձնախումբին:

«Շատ մեծ չափազանցութիւն մըն է ըսելը, թէ որոշում մը արդէն տրուած է, եւ Ազրպէյճան վերածուած է իսրայէլեան խարիսխի մը», աւելցուց ան:

Ազրպէյճանի նախագահի գլխաւոր օգնականներէն Ալի Հասանով եւ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներ կտրականապէս հերքեցին պնդումները 28 մարտի զեկոյցին, որ տեղադրուեցաւ «Ֆորէյն Փոլիսի» ամսաթերթի համացանցային տարբերակին վրայ: Նոյն ատեն, ազրպէյճանցի ռազմական վերլուծաբաններ կ՛անդրադառնան զեկոյցին կասկածելի երեւոյթներուն:

Յօդուածը, օրինակ, կը յիշատակէ Սիթալքայ էջուղին, որ կը գտնուի Պաքուէն 70 քիլոմեթր դէպի հիւսիս, իբրեւ հաւանական թեկնածու` Իրանի դէմ հարուածներէ ետք իսրայէլեան օդանաւերու վառելանիւթ հայթայթող կայան: Բայց, ըստ ռազմական մասնագէտ Ուզէր Ճաֆարովի` Ազրպէյճանի բանակին մէջ պահեստի գնդապետ մը, օդակայանը, որ բացուած է 1981-ին եւ ժամանակին ծառայած է խորհրդային օդուժին, 1990-ականներու կէսերէն ի վեր անգործածելի է:

«1992-էն ասդին, քանի մը տարուան համար, օդակայանը օգտագործեց Ազրպէյճանի օդուժը, որ ապա փակուեցաւ», ըսաւ Ճաֆարով:

«Սիթալքայի դիրքը այլ կարեւոր մանրամասնութիւն մըն է: Լաւ վայր մը չէ լուսարձակներէ հեռու, աննկատ մնալու: Օդակայանը կը գտնուի Պաքու-ռուսական սահման բանուկ մայրուղիին շատ մօտ եւ որեւէ թռիչք կամ էջք, դիւրաւ տեսանելի է», աւելցուց Ճաֆարով:

Ան նաեւ ըսաւ. «Մինչ Սիթալքայի խորհրդային ժամանակաշրջանի ենթակառոյցը տակաւին օգտագործելի է, գործողութիւններու համար օդակայանի նախապատրաստական աշխատանքը առնուազն վեց ամիս կը տեւէ»:

Սիթալքայ օդակայանին մօտ գտնուող Խիզի աւանի բնակիչ մը ըսաւ, որ վերջերս ոչ մէկ աշխատանք կը նշմարուի այդտեղ, եւ թէ` օդակայանը շատոնց փակուած է:

«Շրջանը ցանկապատուած է եւ կը հսկուի զինուորներու կողմէ, բայց օդանաւ չկայ», ըսաւ ան:

Ռազմական մասնագէտ Ժասուր Սումարինլի նոյնպէս հաստատեց, որ Սիթալքայ տարիներէ ի վեր փակուած է: Ազրպէյճանի օդուժը այսօր երեք խարիսխներ կ՛օգտագործէ (Կալա եւ Տաղիեւի մէջ` Պաքուէն դուրս, եւ կեդրոնական Ազրպէյճանի Քուրտամիր շրջանին մէջ), ըսաւ Սումարինլի: Բոլոր խարիսխներն ալ կը համապատասխանեն ՕԹԱՆ-ի չափանիշներուն, բայց դաշինքը իր բեռներու Աֆղանիստան փոխադրութեան համար Պաքուի Հայտար Ալիեւի անուան միջազգային օդակայանին կ՛ապաւինի:

«Ոչ մէկ հզօր խթան, մղում գոյութիւն ունի այսպիսի համաձայնութեան մը համար` հակառակ 1,6 միլիառ տոլար արժող իսրայէլեան ռազմական սարքեր գնելու, ինչպէս նաեւ Իսրայէլին քարիւղ վաճառելու Ազրպէյճանի քայլերուն», մեկնաբանեց Պաքուի Արեւելք-Արեւմուտք ուսումնասիրութեան կեդրոնի ղեկավար Արասթոն-Օրուժլու: Ան աւելցուց. «Իսրայէլի հետ կապերը Ազրպէյճանի համար կարեւոր են, բայց` ոչ այնքան շատ, որպէսզի ատոնք վերածուին Իրանէն եկող իսկական սպառնալիքի, եւ` վտանգելու Թուրքիոյ հետ Պաքուի յարաբերութիւնները»:

Թրքական դիւանագիտական շրջանակներու մէջ անանուն աղբիւրներ վկայակոչելով` Պաքուի Ատլաս հետազօտական կեդրոնի տնօրէն Էլհան Շահինօղլու ըսաւ, որ Իսրայէլի հետ Ազրպէյճանի ռազմական գործակցութիւնը կը թուի, թէ արդէն խնդիրներ ստեղծած է Պաքուի համար` Թուրքիոյ հետ, որ իր ամէնէն մօտիկ դաշնակիցն է:

Օրուժլու եւ Շահինօղլու կը կարծեն, որ Իսրայէլ կը չափազանցէ Ազրպէյճանի հետ ռազմական գործակցութեան տարողութիւնը, որպէսզի Պաքուի եւ Թեհրանի միջեւ լարուածութիւն հրահրէ եւ զարգացնէ, յառաջ մղէ Իրանի հիւլէական հետազօտական գործունէութեանց դէմ հզօր գործողութիւններու վերաբերեալ իր ցանկութիւնը:

Շահինօղլու կը մէջբերէ անցեալ ամիս իսրայէլեան լրատու աղբիւրներու հաղորդումներ, թէ Ազրպէյճան Իսրայէլէն ռազմական սարքեր գնած է, փաստ մը, որ Պաքու նախապէս քողարկած էր:

«Արդիւնքը եղաւ այն, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւ, որ ամսուան սկիզբը Թեհրան ճամբորդեց, ստիպուած եղաւ տհաճ բացատրութիւններ տալու Թեհրանի», կը պնդէ Շահինօղլու:

Օրուժլու համաձայն է: «Իսրայէլն է, որ մերթ ընդ մերթ կը սպրդեցնէ տեղեկութիւններ` գոյութիւն ունեցող գործակցութենէն աւելի լայն տարողութեան մը մասին, գրգռելու համար Իրանի զայրոյթը: Դժբախտաբար Պաքու չի կրնար կամ չ՛ուզեր արգիլել ատիկա», ըսաւ ան:

Ազրպէյճան յատկապէս հրապարակաւ նաեւ զգուշ է` Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի դեսպանատուներուն դէմ, Իրանի հաշուոյն յարձակումներ եւ իսրայէլեան թիրախներու մահափորձերու պատճառով ձերբակալուած 22 կասկածելիներու հետաքննութեամբ:

Հասարակութեան լռութիւնը շատ հաւանաբար կ՛արտացոլացնէ արտաքին քաղաքականութեան ձեռնածութեան, խաբէութեան կովկասեան բազմամեայ արուեստը, Ազրպէյճանի պարագային, փորձելով իր հաւասարակշռութիւնը պահել շրջանային դերակատարներուն միջեւ, այսինքն` Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Թուրքիոյ, Իսրայէլի եւ Իրանի (իրարու հակադրուող շահերով երկիրներ):

Օրուժլուի նման վերլուծաբաններ պատճառ մը չեն տեսներ, որ Պաքու այժմ խախտէ այդ հաւասարակշռութիւնը:

«Ատիկա սխալ քաղաքականութիւն է, Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ գոյութիւն ունեցող տագնապին կեդրոնին մէջ ըլլալը», ըսաւ ան:

ՇԱՀԻՆ ԱՊՊԱՍՈՎ

«Եուրէյժիանեթ»

Share this Article
CATEGORIES