Թուրքիոյ` Սուրիոյ Վերաբերեալ Ծրագիրները Կարծր Ժայռի Բախեցան

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ կրնայ զայրացած ըլլալ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու հաւաքէն, բայց ան շատ անհանգստանալու, մտահոգուելու պէտք չունի այդ հաւաքին արդիւնքներէն:

Վերջաւորութեան հաւաքը յանգեցաւ միայն ընդհանրացումներու` նեղացնելով սուրիացիներ, որոնք Ասատի դէմ շօշափելի յանձնառութիւններ կ՛ակնկալէին:

Բացի ատկէ, Սուրիոյ ազգային խորհուրդը (ՍԱԽ), որ կը ձգտի ներկայացնել Սուրիոյ ամբողջ ժողովուրդը, միայն յաջողեցաւ ճանաչում ստանալ` իբրեւ  «օրինական ներկայացուցիչներէն մէկը» սուրիացիներուն:

Ասոր վրայ աւելցաւ աջակցութիւնը (թէեւ` գաղջ) ՄԱԿ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Քոֆի Անանի ջանքերուն, թէեւ Թուրքիա, Սէուտական Արաբիա, Քաթար եւ ՍԱԽ զզուած են, կը խորշին այս ջանքերէն, որոնք, ըստ անոնց, Ասատը կը բարձրացնեն օրինական զրուցակիցի մակարդակին:

Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան, որ Պոլսոյ հաւաքէն առաջ ըսաւ, թէ Անգարա չէ հաստատած, վաւերացուցած Անանի ջանքերը, որովհետեւ անարդար է նոյն սեղանին շուրջը նստեցնել յանցագործը եւ զոհը, նաեւ, հակառակ իր կամքին կամ տեսակէտին, ստիպուած պիտի ըլլար յարգանքի տուրք մատուցելու այսպէս կոչուած «Անանի ծրագիրին»` հաստատուած ՄԱԿ-ին եւ Արաբական լիկային կողմէ: Այդուհանդերձ, Էրտողան բարեփոխեց  իր խօսքը, մեկնաբանութիւնները, աւելցնելով, որ Ասատ հաւանաբար այս ծրագիրը պիտի օգտագործէ միայն ժամանակ  շահելու համար (որ շատ հաւանաբար ճիշդ է):

Աւելի յատկանշականը այն է, որ Էրտողան «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու հաւաքին ուղղած բազէական իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ միջազգային հանրութիւնը ոչ միայն պէտք է Սուրիոյ մասին մէկ ձայնով խօսի, այլեւ պէտք է գործէ միասնական ձեւով:

Դիւանագիտական բոլոր քողերէն մերկացած, յստակ է, որ Անգարա, Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի  հետ, կ՛ուզէ միջազգային միջամտութիւն մը Ասատի դէմ, նոյնիսկ եթէ ասիկա ընդդիմութիւնը զինելու ձեւը ստանայ:

Սակայն այս հանգրուանին ասիկա կենսունակ, գործադրելի չի թուիր, երբ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը երկփեղկուած է:

Դատելով որոշ յայտարարութիւններէ` նոյնիսկ Ուաշինկթըն այսպիսի միջամտութիւնը կը նկատէ շատ վտանգաւոր քայլ մը, որ առաւել պիտի ապակայունացնէ այդ երկիրը:

Պոլսոյ հաւաքին հիմնական խնդիրը այն էր, որ ատիկա տեղի ունեցաւ տկար դիրքերէ եւ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի բացակայութեամբ: Անոնք մերժած էին մասնակցիլ:

Սակայն աւելի յատկանշականը այն է, որ Անան եւս հեռու մնաց, հակառակ անոր որ իր ծրագիրը քննարկումի գլխաւոր նիւթը, վերնագիրն էր: Անանի բացակայութիւնը կը վերագրուի խորհրդաժողովէն միայն քանի մը օր առաջ անոր ծրագիրին մասին Էրտողանի ոչ նպաստաւոր արտայայտութեան:

Այլ յատկանշական բացակայութիւններ եղան Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Քեթրին Էշթընը, որ վերջին վայրկեանին քաշուեցաւ, եւ` Իրաք (Արաբական լիկայի այժմու նախագահող երկիրը), որ միայն ոչ բարձրաստիճան պաշտօնատար մը ղրկեց:

Միակ նշանակալի բարձրաստիճան անձնաւորութիւններն էին` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն, եւ աւելի փոքր չափով` Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ: Թէեւ երկուքն ալ ստիպուած էին նուրբ հաւասարակշռութիւն մը պահել` ցոյց տալով, թէ կ՛աջակցին, կը զօրակցին Էրտողանի կարծր գիծին, մինչ նոյն ատեն վստահեցնելով, որ իրենք չեն նսեմացներ Անանի ծրագիրն ու ջանքերը:

Էրտողանի յայտարարութիւնները Պոլսոյ մէջ այն մասին, թէ բացառուած է, որ Թուրքիա աջակցի ծրագիրի մը, որ հնարաւորութիւն կու տայ իր ժողովուրդը ճնշող վարչակարգի մը մնալու իշխանութեան վրայ, նաեւ ցոյց կու տայ Թուրքիոյ դիմագրաւած դժուարութիւնները: Ասիկա ըսելը իրեն համար հակասական էր, մինչ կը դրուատէր ջանքերը Անանի, որ անշուշտ Ասատը իբրեւ զրուցակից կ՛ընդունի:

Բայց նաեւ Սուրիոյ հարցով Թուրքիա աւելի քան մէկ հակասութիւն կը դիմագրաւէ: Ամէն պարագայի, քաղաքական դէտերու մեծ մասին համար յստակ է, որ Ռուսիա եւ Իրան, մասնաւորաբար, ամէն ինչ պիտի ընեն, որպէսզի ապահովուի Ասատի եւ Պաաս կուսակցութեան իշխանութեան վրայ մնալը: Եւ հոս է, որ Անգարայի ակնկալութիւնները կարծր ժայռի մը բախեցան:

Մինչ ակներեւ է, որ միջազգային հանրութեան կողմէ ռազմական ուղղակի միջամտութիւն պիտի չըլլայ, նաեւ յստակ է, որ ընդդիմութեան սպառազինութիւնը պիտի առաջնորդէ ցանկապատին հակադիր կողմերուն վրայ կեցած արտաքին ուժերուն միջեւ փոխարինող պատերազմի մը, տրուած ըլլալով, որ Ռուսիա եւ Իրան պիտի շարունակեն Ասատը զինել:

Վերջաւորութեան, կը թուի, թէ Պոլսոյ հաւաքը Էրտողանի հնարաւորութիւն տուած է միայն հռչակելու իր ցասումը Ասատի դէմ, եւ` յայտնելու որոշ յոյսեր, որոնք այս հանգրուանին իրականանալու շատ քիչ հնարաւորութիւն ունին:

ՍԵՄԻՀ ԻՏԻԶ

«Հիւրրիյէթ»

Share this Article
CATEGORIES