Յովհաննէս Սահակեանի Անուան Ըմբշամարտի Յուշամրցաշարք. Հայաստան Տիրացաւ Արծաթ Եւ Պրոնզ Մետալի
Հայկական լրատու աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ Խարքովի մէջ (Ուքրանիա) աւարտեցաւ նախկին Խորհրդային Միութեան մարզիկ Յովհաննէս Սահակեանի նուիրուած 40-րդ ըմբշամարտի յուշամրցաշարքը:
Այս մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 7 երկիրներու` Հայաստանի, Ուքրանիոյ, Ռուսիոյ, Սլովաքիոյ, Մոլտաւիոյ, Վրաստանի եւ Ղազախստանի 119 ըմբիշներ:
Հայաստանէն Դաւիթ Ապոյեան 66 քկ դասակարգին մէջ գրաւեց 2-րդ դիրքը` տիրանալով արծաթ մետալին, աւարտականին պարտուելով Ուքրանիան ներկայացնող Ռուսթամ Ջաֆարեանէն:
Իսկ 55 քկ դասակարգին մէջ, Արտակ Յովհաննիսեան հասաւ կիսաւարտական, ուր պարտուելով տիրացաւ պրոնզ մետալին:
Ուքրանիան ներկայացնող Լութֆիք Շոլինեան 60 լկ դասակարգին մէջ տիրացաւ ոսկի մետալին:
Նշենք, որ այս յուշամրցաշարքը գլխաւոր հովանաւորողը Խարքովի հայկական համայնքի հասարակական կազմակերպութիւնն է:
Հակիրճ կերպով անդրադառնալով Յովհաննէս Սահակեանին` նշենք, որ ան ծնած է 1946-ին, Խարքովի մէջ: Իր արհեստավարժ կարճ ասպարէզին ընթացքին ան հինգ անգամ եղած է Ուքրանիոյ ախոյեան, ինչպէս նաեւ նախկին Խորհրդային Միութեան բաժակակիր:
Թէեւ ան 1972-ի ողիմպիականի խաղերուն նախկին Խորհրդային Միութեան հաւաքականին մէջ նկատի առնուած էր, սակայն 1971-ին ողբերգական մահը, ընդհատած էր անուանի ըմբիշին կեանքը:

