Հայկազեան Համալսարանի Մարզական Խումբերը Յաղթական Վերադարձան Կիպրոսէն

Հայկազեան համալսարանի աղջկանց եւ տղոց ֆութսալի եւ պասքեթպոլի խումբերը Կիպրոսէն յաղթական վերադարձան Լիբանան` երկուշաբթի, 9 ապրիլին:

Կիպրոսի մէջ Հայկազեանի մարզիկները մրցեցան Կիպրոսի համալսարանին եւ Նիկոսիոյ համալսարանին դէմ` արձանագրելով հինգ յաղթանակ եւ կրելով երեք պարտութիւն: Այս մրցումներուն կողքին, Հայկազեանի տղոց ֆութսալի խումբը ունեցաւ բարեկամական մրցում մը` նիկոսիահայ գաղութի ֆութսալի խառն խումբին դէմ:

Այս խաղերուն կողքին, Կիպրոսի Հայ երիտասարդաց միութեան նախաձեռնութեամբ, հանդիպում-հաւաք մը տեղի ունեցաւ Հայկազեանի ուսանողներուն եւ գաղութի երիտասարդներուն միջեւ: Հանդիպումը իր կարեւոր ազդեցութիւնը ունեցաւ մասնակիցներուն վրայ եւ ակնկալելի է, որ ծառայէ անոնց միջեւ յարաբերութիւններու սերտացման: Այս հանդիպումին փոխանակուեցան յուշանուէրներ` Կիպրոսի ՀԱԵՄ-ի եւ Հայկազեան համալսարանի ներկայացուցիչներուն միջեւ:

Կիրակի, 8 ապրիլին, ուսանողները ներկայ գտնուեցան Լիմասոլի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Ս. Զատկուան պատարագին, ապա այցելեցին Այա Նափաեւ Լառնաքա:

Շնորհակալութիւն կ’ուզենք յայտնել Կիպրոսի ՀԱԵՄ-ին` անդամներուն ցուցաբերած հիւրընկալութեան եւ շրջապտոյտ-մրցումները լաւապէս կազմակերպած ըլլալուն համար:

Ստորեւ` արդիւնքները.-

Հայկազեան Համալսարան-Նիկոսիոյ Համալսարան, (տղոց պասքեթպոլ)` 71–64.
Հայկազեան Համալսարան-Նիկոսիոյ Համալսարան, (աղջկանց ֆութսալ)` 2–1
Հայկազեան Համալսարան-Նիկոսիոյ Համալսարան, (տղոց ֆութսալ)` 8–3
Հայկազեան Համալսարան-Կիպրոսի Համալսարան, (աղջկանց ֆութսալ)` 1–0
Հայկազեան Համալսարան- Կիպրոսի Համալսարան, (տղոց ֆութսալ)` 1–4
Հայկազեան Համալսարան-Աքիլլէաս Քայմաքլու աղջկանց պասքէթ` 64–60
Հայկազեան Համալսարան- Կիպրոսի Համալսարան, (տղոց պասքեթպոլ)` 37–61
Հայկազեան Համալսարան- Կիպրոսի Համալսարան, (աղջկանց պասքեթպոլ)` 38–86

Share this Article
CATEGORIES