Յակոբ Խաչերեան Ընտրուեցաւ. Ասիոյ Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ընդհանուր Քարտուղար

Յակոբ Խաչերեան

Երէկ` ուրբաթ, 13 ապրիլ 2012-ին, Մալեզիոյ մայրաքաղաք Քուալա Լամփուրի մէջ, Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին գումարած ժողովին ընթացքին, Յակոբ Խաչերեան ընտրուեցաւ Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար: Խաչերեան այսպիսով յաջորդեց մալեզիացի Տաթօ Եօ Չու Հոքի, որ առողջական պատճառներով ներկայացուց իր հրաժարականը:

Իր այս նոր պաշտօնը ստանձնելով` Խաչերեան ուղղակիօրէն մաս պիտի կազմէ ՖԻՊԱ-ին, իրագործում մը, որ ցարդ որեւէ լիբանանցի չէր յաջողած արձանագրել:

Նախքան իր այս նոր պաշտօնը ստանձնելը, Խաչերեան Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղարն էր: Անոր օժանդակութեան շնորհիւ էր, որ 1992-ին այդ ֆետերասիոնը հիմնուեցաւ:

Նշենք, որ տասը տարի Խաչերեան եղած է Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղարին օգնականը:

Տեղին է նշել, որ Յակոբ Խաչերեան ՀՄԸՄ-ի մէջ ունի մեծ վաստակ, ուր տեսնուած է թէ` իբրեւ մարզիկ, թէ` իբրեւ մարզիչ եւ թէ` իբրեւ պատասխանատու:

Ան 1996-ին ընտրուած է նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ:

«Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնը եւ խմբագրական կազմը կը շնորհաւորեն Յակոբ Խաչերեանը` իր ստանձնած նոր պաշտօնին համար:

Share this Article
CATEGORIES