Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ Երկրորդ Մրցումը
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 14 ապրիլին, տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ երկրորդ մրցումը:
Այսօրուան այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին:
Նշենք, որ Ռիատի Պէյրութ այժմ 1-0 արդիւնքով կը յառաջանայ` առաջին մրցումին 73-59 արդիւնքով իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ:
CATEGORIES Մարզական

