Թուրքերն Ու Ազրպէյճանցիները Ահազանգեցին, Թէ Թուվալու Կրնայ Ճանչնալ Արցախի Հանրապետութիւնը

2012-ի մարտ 16-ը Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) համար սովորական օր մըն էր, երբ Հայաստանի ու Թուվալուի ներկայացուցիչները ստորագրեցին Հայաստանի Հանրապետութեան ու Թուվալուի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին միացեալ յայտարարութիւն մը: Թուվալուն Խաղաղական ովկիանոսի հարաւը գտնուող փոքր պետութիւն մըն է` Մենհեթընէն աւելի փոքր, որուն բնակչութիւնը հազիւ կը հասնի 10,000-ի: Ո՞վ կը կարծէր, թէ նման սովորական յայտարարութիւն մը կրնայ այսքա՛ն ահազանգ հնչեցնել Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի մէջ:

Այս լուրը չէր յայտնուեր համաշխարհային մամլոյ ուշադրութեան կեդրոնին, եթէ չըլլար թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթի «խորաթափանց» լրագրող Ուղուր Էրկանին «սուր» աչքը: Ան կարճ ժամանակուան մէջ Թուվալուն հանեց անյայտութենէն` զայն դարձնելով ամէնէն աւելի քննարկուող երկիրը` թուրքերու եւ ազրպէյճանցիներու շրջանակներէն ներս: Էրկան մէջբերեց անանուն թուրք պաշտօնատարներ` նշելով, որ Հայաստանը հաստատած է դիւանագիտական յարաբերութիւններ եւ թոներով դրամ խոստացած է Թուվալուին, որպէսզի անիկա ըլլայ Արցախը իբրեւ անկախ պետութիւն ճանչցող առաջին երկիրը:

Այնուհետեւ, Էրկան բացատրեց, թէ Անգարան «կ՛անհանգստացնէ» այն կասկածը, որ Թուվալուի կողմէ Արցախի ճանաչման համար Հայաստանը կ՛ընէ այն, ինչ թուրք պաշտօնատարներ ըրած են տասնամեակներ շարունակ, որն է` քաղաքական շահեր ստանալ դրամական նուէրներու փոխարէն: Անոնք իրենց սովորական գործելակերպը կը վերագրեն ուրիշներուն: Ինչպէս Աստուածաշունչը կը նշէ, անոնք կը տեսնեն ուրիշներու աչքերուն փուշը, սակայն չեն տեսներ իրենց աչքերուն գերանը:

Ազրպէյճանցի պաշտօնատարները ա՛լ աւելի ահազանգ բարձրացուցին. անոնք կ՛ենթադրեն, որ Թուվալու արդէն շուտով պիտի ճանչնայ Արցախը: Իշխող Նոր Ազրպէյճան կուսակցութեան երեսփոխան Այտըն Միրզազատէ, լրագրող Ի. Իզապալայեւայի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ծաղրեց Թուվալուի պատրաստակամութիւնը` «ճանչնալու որեւէ պետութիւն, նոյնիսկ գոյութիւն չունեցող երկիր մը` փոքր գումարի դիմաց»: Միրզազատէ լաւապէս կը հասկնայ կաշառքով ձայներ գնելու գործելակերպը: Միջազգային մամուլով յաճախ յայտարարուած է, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը անցեալ տարի ի գործ դրած էր երկրի վիթխարի քարիւղա-տոլարները` յատկապէս ֆինանսական միջոցներ տրամադրելով աղքատ երկիրներու` ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին (Ազրպէյճանի) անդամակցութեան յօգուտ քուէներու դիմաց:

Ազրպէյճան կը հետեւի իր աւագ եղբօր` Թուրքիոյ` ՄԱԿ-ի մէջ ձայներ գնելու քայլերուն: Կարեթ Ճենկինզ, «Ուրեյժըն Տէյլի Մոնիթըր»-ի մէջ կը յայտնէ, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը Պոլիս հրաւիրած է Թուվալուի, Թոնկայի, Նաուրուի, Վանուաթուի, Սողոմոնեան կղզիներու, Մարշալ կղզիներու, Քուք կղզիներու, Փափուա, Նիւ Կինէի, Փալաուի, Ֆիճիի, Միքրոնեզիոյ եւ Սամոայի ղեկավարները` ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին Թուրքիոյ անդամակցութեան համար ձայներ ապահովելու նպատակով: Անհանգիստ մի՛ զգաք, եթէ երբեւիցէ չէք լսած Խաղաղական ովկիանոսի այս կղզիներուն անունները: Թուրքիոյ նախկին փոխվարչապետ Ապտուլլաթիֆ Շեներ անկեղծօրէն խոստովանած էր. «Ես նախապէս երբե՛ք չէի լսած անոնցմէ քանի մը հատին անունները, սակայն անոնք բոլորն ալ քուէարկելու իրաւունք ունին ՄԱԿ-ի մէջ»: Թուրքիոյ ծրագիրը յաջողեցաւ: 2008-ին Թուրքիա ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ աթոռ մը շահեցաւ` միլիոնաւոր տոլարներ առաջարկելով աշխարհի չորս անկիւնները սփռուած անյայտ տասնեակ երկիրներու:

«Հիւրրիյէթ» թերթի առաւել անկեղծ մեկնաբան Եըլմազ Օզտիլ, համարձակօրէն հակադարձեց Էրկանի զեկոյցին` հաստատելով, որ Թուրքիան առաջինն էր, որ «կաշառքներ» առաջարկած է Թուվալուին եւ այլոց: Օզտիլ բացայայտեց, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամ ընտրուելու համար Թուրքիա կատարած է հետեւեալ միջնորդավճարները.

– Դեղորայք` Անկոլայի, Եթովպիոյ, Կամպիոյ, Սուտանի եւ Քոմորեան կղզիներուն

– Առեւտուրի կեդրոն` Զիմպապուէի

– Ախոռներ` Մաւրիտանիոյ

– Խմելու ջուրի ցանց` Նիկերիոյ

– Ջրամբարներ` Եթովպիոյ

– Գրենական պիտոյքներ` Ղանայի

– Դաշտային հիւանդանոց` Սուտանի

– Անասնապահական արհեստագիտութիւն` Մոզամպիքի եւ Մաւրիտանիոյ

– Ելեկտրական ցանց` Պենինի

– Ձուլարաններ` Կամպիոյ

– Վերապատրաստման դպրոցներ` Էրիթրիոյ, Թոկոյի, Լեսոթոյի եւ Ուկանտայի

– Ոստիկանութեան վերապատրաստում` Կինէի մէջ

– Պատուաստանիւթեր` Մալիի

– Մարդասիրական աջակցութիւն` Թանզանիոյ եւ Չատի

– Դպրոց` Քոնկոյի

– Կոյուղիներու համակարգ` Լիպերիոյ եւ Սիէրա Լէոնի.

– VIP փոքր հանրակառքեր` Փալաուի

– Համակարգիչներ` Անթիկուայի

– Սուրբ Վենսենթի եւ Կրենատինզի վարչապետը աղուհացով դիմաւորել, անոր գրպանները նուէրներով լեցնել եւ յատուկ ուղղաթիռ տրամադրել անոր` Զմիւռնիա երթալու համար

– Ֆութպոլի գնդակներու եւ յատուկ սարքերու նուիրաբերում` Թուվալուի

Մէկ այլ թուրք մեկնաբան` Տենիզ Զէյրեք, «Ռատիքալ» թերթին մէջ գրած է զաւեշտալի յօդուած մը` «Թուվալո՛ւ, ետ տուր մեր ֆութպոլի գնդակները» խորագիրով: Զէյրեք կը յայտնէ, թէ ՄԱԿ-ի մէջ ձայներ գնելու նպատակով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու հարցուցած է այդ ժամանակ իր երկրին մէջ հիւրընկալուած Թուվալուի վարչապետին, թէ արդեօք անոր երկիրը որեւէ բանի կարիք ունի՞: Թուվալուի պաշտօնատարները ապշեցուցիչ պահանջ մը ներկայացուցած են: Անոնք ըսած են, որ իրենց երեխաները կը սիրեն ֆութպոլ խաղալ, սակայն գնդակ չունին: Թուրքիան անմիջապէս Թուվալու ուղարկած է հարիւրաւոր ֆութպոլի գնդակներ` անոնց սարքերուն հետ միասին: Ապա Թուվալու կատարած է Թուրքիոյ պահանջը` սատարելով ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ Թուրքիոյ թեկնածութեան:

Զէյրեք կ՛աւարտէ իր յօդուածը` հետեւեալ ծաղրական հարցով. «Արդեօք Թուրքիան այժմ ետ պիտի պահանջէ՞ իր գնդակները, եթէ Թուվալուն ճանչնայ Ղարաբաղի անկախութիւնը»:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES