Լուսարձակ. Ինքզինք Գերազանցելու Հպարտութիւն Կամ Թատերական «Շուկայ» Չունենալու Ափսոսա՜Նք

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ  

Ներդաշնակ զուգահեռնե՞ր:

Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի 70-ամեակ:

Համանուն թատերախումբի գնահատելի ներկայացում:

Մարսել Փանիոլի «Փառքի վաշխառուները» թատրերգութիւն:

Շատ անգամ ի զուր կը փորձենք մենք մեզ համոզել, թէ հայրենազուրկ կեանքի մը առթած դառնակսկիծ ժամանակները, կամայ թէ ակամայ պիտի կարենան իրենց պատուհասը պարտադրել, այլասերելու ամէնէն աւանդապաշտ թէ ինքնամփոփ ազգային հաւաքականութիւններն անգամ:

Այլ խօսքով, հայրենիքէ հեռու ապրող հաւաքականութիւններ ուշ կամ կանուխ դատապարտուած են օտարացումի եւ ուծացման:

Ճիշդ է, հայութեան պարագային պատմական իրողութիւններու իրերայաջորդ փորձերը, իրաւամբ, նմանօրինակ բազմաթիւ դիպաշարեր  կը հաստատեն:

Այդուհանդերձ, նոյնքան ալ բացարձակ ճշմարտութիւն է, թէ մշակութային մեր կեանքին, ու մանաւանդ գաղութահայ անդաստանին մէջ, ի շարս այլ արուեստներու, երբ հայ թատրոնը տեսանելի, առկայծող,  վերասլաց, ներգործուն եւ աշխուժ է եղած,  ապա ազգային հաւաքական կեանքի իւրաքանչիւր բնագաւառ զարգացումի ու վերելքի բացորոշ վիճակ է պարզած` գոյատեւման պայքարին մէջ արձանագրելով պատուաբեր էջեր:

Արդ, անցնելով մեր անմիջական կեանքին` ընդգծենք, թէ հայ թատրոնի թէ թատերական կեանքի տակաւ «շիջումով», այլապէս հասկնալի կը դառնան գաղութահայ կեանքի մէջ արձանագրուած տհաճ ու խենեշ երեւոյթներու յամեցումը, ընկերային, տնտեսական, քաղաքական, գաղափարական, հոգեւոր, կրթական, մշակութային, հոգեբանական ու ազգագրական պատկերներու աղաւաղումը, փճացումն ու առհասարակ մա՛հը:

Անցնինք:

Ողջունելի իրագործումով մը Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերական միաւորը նախորդ շաբաթներուն հանդէս եկաւ «Փառքի վաշխառուները» թատերական ներկայացումով: Ինքնին պերճախօս արտայայտութիւն մը, հակառակ որակական կեանքի խեղճացման ու փքացած ներքին դաշտանկարին:

Յայտնապէս, քաջ ու յանդուգն ոստումով մը, բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան` շրջանցելով ամէն դժուարութիւն եւ մարտահրաւէր,  ապաւինելով իր հմուտ արուեստագէտի, մշակութանուէր գործիչի եւ վաստակաւոր անցեալի իր կոչումին, եւ ունենալով խումբ մը նուիրեալ դերասան-դերասանուհիներու աջակցութիւնն ու կատարողական արժանիքները, բեմին կը յանձնէր աշխատանք մը, որ պարուրուած էր տիպար գործունէութեան մը ամբողջական արգասիքով:

Այլ ասած, հաւաքական աշխատանքի մը իբրեւ արդիւնք, հանրութեան կը ներկայացուէր դասական թատրոնի մը գրեթէ բոլոր չափանիշները պարփակող թատրերգութիւն մը, որով կը հպարտանայ ազգային գիտակցութեամբ շէնշող ամէն հայ արուեստասէր:

Պարտադիր յստակացումներ:

Զանց առնելով ֆրանսացի թատերագիրին գրականագիտական, քաղաքական թէ իմաստասիրական հայեացքները, անոր խոհական մտածողութեան եւ մարդկայնական մօտեցումներուն հրայրքն էր, որ առաւելաբար առինքնեց հանդիսատեսը, այլապէս կողմնորոշելով  հանրութիւնը, որ եկած էր ըմբոշխնելու արուեստի բարձրորակ ներկայացում մը:

Այս իմաստով, «Գ. Իփէկեան» թատերական միաւորը իր փորձառու թէ նորահաստատ դերասանական կազմով յաջողեցաւ, եւ վարպե՛տօրէն, արտացոլացնել թատրերգութեան ներքին ուժական աշխարհն ու թելադրական պատկերները, ուր եւ, առանց վարանումի կարելի է ըսել, թէ շնորհիւ բեմադրիչի դիպուկ դերերու բաշխումին, արդէն իսկ կը յաղթահարուէր էական առանցք մը, անցնելու յաջորդող հանգրուաններուն, արհեստավարժի, ստեղծագործողի եւ լիարժէք կատարողական արուեստի ընծայաբերումին:

Այսպէս, թատերագիրի ոգեկան աշխարհի արտացոլքէն ետք, գնահատելի էին աշխատանքային յարակից մանրամասնութիւնները, որոնց իւրաքանչիւրին յարմարաւէտ ներկայացումով` իր լրումին կը հասնէր թատերական երկը:

Արդարեւ, ինչ կը վերաբերի բեմայարդարումին, թէեւ կը յատկանշուէր իր պարզութեամբ, այնուամենայնիւ կ՛ամբողջացնէր հիմնական պահանջք մը` թատերախաղի արարներու թէ ժամանակներու օղակաւորումը, առանց խառնաշփոթ կացութիւններու ստեղծումին:

Երաժշտութեան պարագային` իսկապէս որ ունէր հոգեգրաւ հնչեղութիւն մը, արձագանգ ըլլալով ընդհանրապէս թատերական միջավայրին ու մթնոլորտին, եւ առհասարակ` դերասաններու զգացական աշխարհին:

Հակառակ ոչ զանցառելի ազդեցութեան, քիչ մը աղօտ լուսաւորումին պէտք է տրուէր յաւելեալ փայլք եւ տիրապետող ներկայութիւն, նկատի առած առկայ թատերական պատկերներու եւ հոգեվիճակներու, զարկ տալու համար բեմական անդրադարձներուն:

Պատշաճութեամբ յատկանշուող զգեստաւորում մըն էր, որ իր կարգին կը փոխանցէր լրջութեան եւ արուեստի ընկալումներ:

Մասնաւորումներ:

Ներկայ ժամանակներուն քիչ կը պատահի, որ թատերական երկ մը, որ շղարշուած ըլլայ մտաւորական շունչի եւ գեղարուեստական հմայքի յատկութիւններով, ունենայ յաւելեալ կշիռ, երբ անոր կ՛ագուցուի էական արժանիք մը նաեւ` դերասանական խաղաոճի ներդաշնակ եւ զիրար ամբողջացնող դրոշմի արտայայտութիւնը, ինչ որ զգալի էր ներկայացման ընթացքին:

Անցնելով դերասանական կազմին, անհրաժեշտ է մատնանշել, թէ բաղդատական եզրերու մասին չէ խօսքը, որքան իւրաքանչիւրի ունեցած ունակութեան, արհեստավարժ կազմաւորումին, բեմական ներկայութեան, գեղագիտական մօտեցումին (լեզու, ոճ, առոգանութիւն, շարժուձեւ, եւ այլն), տաղանդին, կեցուածքին, տիպարային ընկալումներուն եւ մասնաւորաբար` հանդիսատեսը ներգրաւելու կախարդական ուժն ու անոր հետ հաղորդակցութիւն ստեղծելու բարոյահոգեբանական ատակութիւնը:

Այս առումով` Յովհաննէս Հելվաճեանի արհեստավարժ ու եզակի կատարողական տաղանդը բարացուցական էր:

Գէորգ Նալպանտեանի շեշտուած ներկայութիւնը` մարմնաւորած տիպարին ընդմէջէն, ցոյց կու տայ անոր գնահատելի ունակութիւնը:

Թինա Թաշճեանի ստանձնած դերակատարութիւնը համեմուած էր մայրական գուրգուրանքի առաւելութեամբ մը:

Յաւերժ Շխրտմեանի ձիրքին տակաւ աճող եւ ինքզինք զգալի դարձնող կշիռը քաջալերելի էր:

Հրակ Տեմիրճեանի եւ Ժան Պէքէրէճեանի բեմական իւրայատուկ գրաւչութիւնը խորապէս ըմբռնելի:

Իրենց դերասանական շնորհալի եւ խոստմնալից արտայայտութեամբ պսպղուն երիտասարդ տարրեր էին Նարեկ Առաքելեան, Բալիկ Լատոյեան, Վարդան Ազնաւուրեան, Պօղոս Մալեան: Շնորհակալութեան խօսք նաեւ բեմավար Լիզա  Կիւլիւմեանի:

Ընդգծում մը:

Բնականաբար, թատերական նման ժանրի մը ներկայացումը ունէր բարդ եւ շատ անգամ դժուար անցանելի մարտահրաւէրներ, որոնց յաղթահարումին խիզախօրէն լծուած էր բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան, յատկապէս ինչ կը վերաբերի թատրերգութեան ընդգրկած նիւթին, կերպարներուն, քաղաքական-գաղափարական մթնոլորտին, հոգեբանական բազմաշերտ վիճակներու բացայայտումին, ու մանաւանդ` այս բոլորի ընդմէջէն հանդիսատեսի ներաշխարհի թափանցումին:

Այս առումով նշելի է, որ, բեմադրիչին գեղարուեստական ոճաւորումներուն եւ բեմական պահանջներուն ընդառաջ, կարգ մը դերասաններ համարժէքօրէն ցոյց տուին իրենց տաղանդն ու շնորհալի կազմաւորումը, այլոց կը պակսէր մարմնաւորումի յաւելեալ յստակատեսութիւն (բեմական առոգանութիւն, կեցուածք, ջիղ, եւ այլն), իսկ եղան նորահաստատներ, որոնց համար հետագայ տարիներու փորձառութիւնը պիտի ամրապնդէ անոնց շնորհին առաւելութիւնը:

Կրկնութեան գնով հաստատենք, որ, թատրոնը գոց սորվելու արուեստը չէ միայն, միտք պահելու կարողութիւնը կամ որոշակի համարձակութիւն ունենալու խայծը, այլեւ` բացարձակ տաղանդի մը ներկայութիւնը, տուեալ կերպարին հետ անվերապահ ընդելուզումը, մարդկային ամէնէն բարդ հոգեվիճակներու եւ խորունկ ներաշխարհի բացայայտումը, այո՛, արտասովոր պահերու վերացայտումը, շրջապատին ու ինքնիրեն հետ ըլլալու կորովը, կամքը եւ մասամբ նորին:

Փաստօրէն, նիւթականացած կեանքի մը տարբեր արտայայտութիւնները ընդգրկող թատրերգութիւնը, իր քաղաքական միջավայրի թէ մարդ անհատի անյագ ձգտումներուն բացայայտումով, ազգային սուրբ արժէքներ (հայրենիքի սէր, հերոսապաշտութիւն, նուիրում, սիրոյ կանչ, ընտանիք, եւ այլն), անգամ վաճառականական շահամոլ մօտեցումներու թիրախ կը դառնան, պարզապէս, աթոռամոլ, պիղծ եւ սնամէջ ախորժակներու յագուրդ տալու մարմաջէն տարուած:

Այլ խօսքով, նման նիւթեր շօշափող թատրոնի մը կայացումը, խորքին մէջ կ՛ընդգրկէ բազմապիսի թելադրութիւններ, յայտնապէս մերօրեայ կեանքի մէջ առկայ խայտաբղէտ երեւոյթներու մասին կեցուածք ճշդելու դիտանկիւնէ, եւ առհասարակ` փառամոլական նկրտումներու թէ փառքի վաշխառուներու դիմագիծի բացայայտումին հրամայականէն մեկնած:

Հաշուեկշիռ եւ հարցադրումներ:

Առաջին հայեացքով եւ արդարօրէն տեղին է ըսել, թէ նման որակական ներկայացման մը դէմ յանդիման, նորահաս սերունդին համար անիկա ինչպիսի՞ անդրադարձ ունեցաւ: Ներկայութեան թիւին, ստեղծած խանդավառութեան, նման թատերական ոճի ու արուեստի ընկալումին, հետաքրքրութեան պատկերին, ալեկոծ ներաշխարհի մը բացայայտումին, գեղագիտական ոլորտի ըմբռնումին, ճաշակին, քննարկումին, քննադատական չափանիշին, արժեւորումին եւ ինչու չէ նաեւ` արհամարհանքին… եթէ երբեք անիկա կը բխի իրա՛ւ մտահոգութենէ եւ առարկայական մատնանշումներէ:

Երբ հարց կը տրուի, թէ լիբանանահայ թատերական կեանքի փառաւոր ժամանակները այլեւս անվերադա՞րձ պէտք է սեպել, նկատի առած Գասպար Իփէկեաններու, ժորժ Սարգիսեաններու թէ Վարուժան Խտըշեաններու երբեմնի անկրկնելի իրագործումները, որոնք կը վայելէին արուեստասէր հասարակութեան ջերմութիւն, քաջալերանքն ու խանդաղատանքը:

Հարցադրումին կը յաջորդէ նաեւ այն վճիտ ընդգծումը, թէ արդեօք գաղութահայ կեանքի հայապահպանման շնորհակալ աշխատանքներու առընթեր, եւ պարտադրուած կացութիւններու դէմ յանդիման, հաւաքական կեանքի հունաւորման, ղեկավարման, հեռահար առաջադրանքներու կենսագործումին, իրա՛ւ արուեստի քաջալերանքին եւ հանրային կարծիք ձեւաւորումին մէջ, ինչպիսի՛ աշխատանքներու եւ ռազմավարութիւններու հետամուտ եղանք, որպէսզի այսօր կարենանք գոհունակութեան խայծեր արտայայտել:

Տարուէ տարի գաղութահայ ժողովրդագրական պատկերի նօսրացումին ի տես, ո՛ւր մնացին դիմակայութեան ծրագիրները:

Հայ երիտասարդութեան նկատմամբ արձակուած «մեծամիտ»-ի, «անտարբեր»-ի, «օտարամոլ»-ի ու բազում ստորոգելի նշումներու փոխարէն, ճիգ ու շնորհք ցոյց տուի՞նք, որպէսզի կարենանք համոզել, դաստիարակել եւ ուղղել գէթ այն հատուածը, որ կը ցուցաբերէ որոշակի ջերմութիւն եւ հետաքրքրութիւն հայ մշակութային կեանքին նկատմամբ:

Միւս կողմէ, ճիշդ է, որ նորահաս սերունդի թատերական հայեացքները ուղղուած են դէպի այն հորիզոնը, ուրկէ լսելի են ներկայ ժամանակներու շունչն ու ոգին արտայայտող բեմական ներկայացումներ, հակառակ շատ անգամ աժան, լպիրշ թէ անորակ չափանիշներու առկայութեան:

Կը հաւատանք, թէ բացթողումի մեծագոյն արատը, որ կը պատուհասէ մեր հաւաքական կեանքի գեղագիտական ճաշակը, յարատեւ աշխատանքի, նիւթաբարոյական աջակցութեան եւ կողմնորոշումի հարցերն են, որոնց սրբագրումով (եթէ ուշ չէ) կարելի է որոշակի յաջողութիւններու հասնիլ, գէթ հայ թատրոնի վերազարթնումին ի խնդիր:

Յայտնապէս, մեր խոր քաջալերանքին, մղումին արժանի պէտք է ըլլան երիտասարդական ուժի ամէն դրսեւորում, դերասանական շնորհ թէ բեմադրական աշխատանք, որովհետեւ անոնց զգացումի թէ մտաւորական զարգացումին թարմութիւնը անպայման որ պիտի ծաղկեցնէ շրջապատը համայն, ինքնապահպանման մեր պայքարին առընթեր:

Մենք մեր պատեանին մէջ ամփոփուած յաճախ կը նախանձինք, լիբանանեան առումով թատերական կեանքի ճոխութեան, որակական կարգ մը արտայայտութիւններուն եւ ամէնէն կարեւորը` լիբանանցի երիտասարդ պատկառելի փաղանգի մը ներկայութիւնն ու քաջալերանքը նման թատրերգութիւններու. յիշարժան է Ռահպանի գերդաստանի մշակութանուէր վերանորոգ գործունէութիւնը առհասարակ:

Դարձեալ մեր ածուին մէջ, կ՛ըսենք ու կը շեշտենք, որ ժամանակի ուծացման դէմ պայքարելու համար, ոգեկան բարձրութեան առընթեր, պայքարի ձեւին ու միջոցին, ըմբռնումին եւ մտասեւեռումին մէջ հարկաւոր ենք որակական փոփոխութիւն ներդրել, հասկնալու համար նորահաս սերունդի արդի ժամանակները, եւ անպայման զրահաւորելու զիրենք հայ մշակոյթի վեհափառ արժանիքներով:

Իրօք, եւ առանց երկմտանքի հարկ է շեշտել, որ  Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերական միաւորի յատկապէս այս ներկայացումը գերազանց աշխատանք մըն էր, ներկայ ժամանակի պարունակին մէջ, եւ առհասարակ յոյս ներշնչող` գալիքի հաշուոյն, նորարար մտքերու եւ թատրերգութիւններու լոյսի ընծայման ակնկալութեամբ:

Ըսուածին շօշափելի փաստը ցոյց տուին նոյնինքն մասնակից դերասան-դերասանուհիները, որոնց աշխատասէրի եւ ընդունակի բարեմասնութիւնները կը մնան ողջունելի եւ սիրելի, իսկ` բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանի նման ազնուասիրտ, հայաբորբ եւ հմուտ արուեստագէտի կերպարը ներշնչող է եւ ազգին պատիւ բերող:

Անյապաղ լծուինք ազգային կեանքի ծաղկումին, մշակութանուէր եւ արուեստասէր հասարակութեան մը ձեւաւորումին, առանց շուկայական միտումներու, բայց անպայմա՛ն հզօր եւ մրցունակ մշակոյթի մը յանձանձումին:

Ափսոսանքներու առատութեամբ թատերական «շուկայ»-ներ չեն ապահովուիր, այլեւ` պատճառ կը դառնան հայ մշակոյթի ձեւախեղումին եւ փճացումին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES