Կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեանի Եւ Ջութակահար Աշոտ Ճենտերեճեանի Դասական Իւրայատուկ Համերգը
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, կիրակի, 15 ապրիլ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն, ջութակահար Աշոտ Ճենտերեճեանի ու կիթառի ուսուցիչ ու կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեանի միացեալ դասական համերգը` ներկայութեամբ արուեստագէտներու, արուեստասէրներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Համերգին Ճենտերեճեան եւ Միքայէլեան նուագեցին Փականինի, Շէյտլըրի, Կոնզալեսի, Մաչատոյի եւ Իպերթի ստեղծագործութիւններէն: Ներկաներուն կողմէ յատուկ գնահատանքի արժանացաւ Սայաթ Նովայի «Յիս քու ղիմաթը չիմ գիտի» երաժշտութիւնը, որուն մշակումը կատարած է Մկրտիչ Միքայէլեան:
Շուրջ մէկ ժամուան ընթացքին արուեստագէտներ Աշոտ Ճենտերեճեան եւ Մկրտիչ Միքայէլեան երաժշտասէր հասարակութեան հրամցնելով իր բնոյթին մէջ եզակի ոճով դասական եւ հայկական ստեղծագործութիւններ, յառաջացուցին երաժշտական որակաւոր մթնոլորտ եւ հաճելի պահեր:
Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճը այս համերգով թէ՛ երաժշտասէր հանրութեան փոխանցած եղաւ բարձրորակ կատարում եւ թէ՛ քոլեճի աշակերտութեան ներկայացուցած եղաւ փորձառու մասնագէտներու կատարումները, որոնք վստահաբար իրենց դաստիարակչական եւ կրթական անդրադարձը կ’ունենան աշակերտներու իրերայաջորդ աշխատանքներուն մէջ:

