Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնի Նշում

Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով կիրակի, 15 ապրիլին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ ժողովուրդին ուղղած իր պատգամին մէջ յայտնեց, որ Քրիստոսի յարութիւնը աննախընթաց փորձառութիւն մըն էր առաքեալներուն եւ բոլոր քրիստոնեաներուն համար` աւելցնելով, որ այս դէպքէն ետք առաքեալները չկրցան ընկալել եւ ըմբռնել յարութեան դէպքը, հակառակ անոր որ Քրիստոս իրենց յայտնած էր, թէ ի՛նչ բաներ պիտի պատահին:

«Յարութեան դէպքը առանձին արժէք ունի… Ս. Յարութեան տօնը եւ անոր իմաստը մարդկային խորքային եւ հոգեկան ուրախութիւնն է… Ս. Զատկուան յաջորդ կիրակին, որ կը կոչուի Նոր կիրակի, եկեղեցւոյ հաստատութեան տօնն է յարութեան հաւատքին վրայ», հաստատեց սրբազանը` աւելցնելով, որ եկեղեցւոյ կեանքը ժողովուրդի կեանքն է եւ քրիստոնեան իր կեանքը կ՛ապրի արժէքներու համաձայն: «Ինչ որ եկեղեցւոյ մէջ արժէքները մեզի թելադրեցին, պահեցինք… հայ ժողովուրդը գոյատեւեց, որովհետեւ իր կեանքը հիմնուեցաւ արժէքի վրայ, որ յաւիտենական է», շեշտեց Գեղամ արք. Խաչերեան:

Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը յորդորեց հաւատացեալ ժողովուրդը պահելու այդ հաւատքը եւ արժէքները, ինչպէս որ սերունդներ շարունակ պահեցին զանոնք: «Մեր պարտականութիւնն է գիտակցօրէն պահել այդ հաւատքը, գիտնալ, սորվիլ, ապրիլ, գործադրել եւ նոյն գիտակցութիւնը փոխանցել յաջորդ սերունդին», ըսաւ սրբազանը:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES