Մաշտոց Սրկ. Զահթերեանի Քահանայական Ձեռնադրութիւնը

Ուրբաթ, 13 ապրիլ 2012-ի երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Զմմառու վանքին մէջ տեղի ունեցաւ Տէր Մաշտոց Զահթերեան սարկաւագի քահանայական ձեռնադրութեան առաջին մասը` ձեռամբ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին: Խարտաւիլակն էր վանքի մեծաւոր հայրը: Ներկայ էին միաբանակից եղբայրները, Զահթերեան ընտանիքը եւ բարեկամները: Յետ սրբազան արարողութեան, բոլորը ուրախառիթ ագապի մասնակցեցան:

Շաբաթ, 14 ապրիլ 2012-ի երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Պէյրութի Ս. Եղիա – Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Տէր Մաշտոցի քահանայական օծման արարողութիւնը` ձեռամբ ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ: Խարտաւիլակն էր միաբանութեան ընդհանուր փոխանորդը: Միաբանակից բոլոր եղբայրները ներկայ էին, Զահթերեան ընտանիքի բոլոր պարագաները, ինչպէս նաեւ հոծ բազմութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ սոյն արարողութեան: Յաւարտ ձեռնադրութեան արարողութեան, բոլորը հրաւիրուած էին Զալքայի Ս. Խաչ ժողովրդապետութեան շքեղ սրահին մէջ տօնական ընթրիքի մը:

Յաջորդ օրը, կիրակի առաւօտեան, նորօծ քահանայ վարդապետը իր անդրանիկ սուրբ եւ անմահ պատարագը մատուցեց Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES