Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս Երրորդ Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ ֆորի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 17 ապրիլին տեղի կ՛ունենայ Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս երրորդ մրցումը:

Ռիատի, որ երեկոյեան ժամը 20:00-ին իր դաշտին` Մանարայի մէջ պիտի հիւրընկալէ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները, այժմ 2-0 արդիւնքով կը յառաջանայ: Անիկա իր երկրորդ յաղթանակը արձանագրեց շաբաթ, 14 ապրիլին` 60-40 արդիւնքով:

Եթէ պատահի, որ Ռիատի իր երրորդ յաղթանակը արձանագրէ, պիտի ապահովէ աւարտական իր տոմսը եւ մրցի Անդրանիկ Պէյրութ – Շանվիլ յաղթականին դէմ:

Այս մրցումին Նաթալի Սվաճեան նշանակեց 20 կէտ, իսկ Սանտրա Նաժըմ` 12 կէտ:

Share this Article
CATEGORIES