Սուրի Մէջ ՀՄԸՄ Կը Մասնակցի Խաղաղութեան Վազքին
Սուրի Փիւնիկէ մարզական ակումբը կազմակերպած էր խաղաղութեան վազք մը (10 քմ) կիրակի, 15 ապրիլ 2012-ին, հովանաւորութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերու արեւմտեան բաժինի հրամանատար գնդ. Քարլօ Լամայի: Այս վազքը կը հովանաւորէր նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի իտալական զօրագունդը: Վազքին կը մասնակցէին Լիբանանի մարզական ակումբներէն 400-է աւելի երկսեռ լաւագոյն մարզիկներ ու ՖԻՆԻՒԼ-ի զինուորներ:
ՀՄԸՄ նաեւ ներկայ էր վազելու խաղաղութեան համար: Մարզիկները իբրեւ նշանաբան ունէին «Միասնաբար վազենք` խաղաղութեան համար»-ը: Բացումը տեղի ունեցաւ Սուրի զբօսաշրջական հանգստավայրի դիմացէն, ժամը 8:30-ին: Իտալական բանակի փողերախումբը հնչեցուց լիբանանեան, ՄԱԿ-ի ու Իտալիոյ քայլերգները: Ապա մարզիկները սկսան վազել գնդ. Քարլօ Լամայի ազդանշանէն ետք` Սուրէն դէպի Նաքուրա մայրուղիին վրայ: Վազքը վերջ գտաւ նոյն վայրին մէջ: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` իտալացի զինուորներուն եւ Սուրի սկաուտներուն կողմէ: Ներկայ էին ՖԻՆԻՒԼ-ի պատասխանատուներ, Մարաթոնի ներկայացուցիչը, Լիբանանի ֆետերասիոնի ներկայացուցիչը, Հռոմի պապին ներկայացուցիչը, շրջանի քաղաքապետներ ու թաղապետներ: Ապա տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն: Մետալներ ու վկայականներ յանձնուեցան իւրաքանչիւր տարիքային դասաւորման մէջ առաջին հինգ դիրքերը գրաւող մարզիկներուն:
ՀՄԸՄ-ական Լեւոն Թաշճեան հանդիսացաւ 5-րդ` իր տարիքային խմբաւորման մէջ արձանագրելով 46 վայրկեան արդիւնք մը: Ան ստացաւ իր մետալն ու վկայականը` ձեռամբ գնդ. Քարլօ Լամայի եւ Հռոմի պապի ներկայացուցիչին:
Իսկ Մանուկ Թելֆէեան գրաւեց 6-րդ դիրքը` արձանագրելով 47 վայրկեան եւ 55 երկվայրկեան արդիւնք մը:

