«ԱԶԴԱԿ»-ի Խմբագրատուն Կ՛Այցելեն Հոգեւոր, Գործարարական Եւ Մշակոյթի Մարզերու Գործիչներ

Անցնող շաբաթավերջին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեցին եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցութիւն ունեցան հոգեւոր, գործարարական եւ մշակոյթի մարզերու գործիչներ:

«Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնը  ընդունեց այցելութիւնը Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան տեղեկատուական բաժանմունքի տնօրէն Հայր Վարդան Գազանճեանի, որուն հետ քննարկեց տեղեկատուական մարզին վերաբերող խնդիրներ, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող Վատիկանի արխիւներու հրապարակման հետ կապուած հարցերը:

«Ազդակ»-ի հիւրերու շարքին էր Սուրիոյ վաճառականական գրասենեակներու դաշնութեան տնօրէն խորհուրդի անդամ եւ Սուրիական – հայաստանեան գործարար խորհուրդի նախագահ Լեւոն Զաքի Ետալեան, որուն հետ խորհրդակցութիւնները կը վերաբերէին Սուրիոյ տնտեսութեան նորագոյն պատկերին:

«Ազդակ» այցելեց նաեւ «Ազդակ»-ի նախկին խմբագիրներէն եւ ֆիլմարուեստի մարզին մէջ ծանօթ անուն Սիւզան Խարտալեան, որուն հետ կայացած զրոյցին նիւթն էր «Տատիկիս դաջուածքները» ժապաւէնին յառաջացուցած ալիքը եւ յատկապէս անոր Թուրքիոյ մէջ ցուցադրութեան ունեցած ազդեցութիւնը թուրք հասարակութեան վրայ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES