Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին համաձայն, իսրայէլեան սահմանապահ ուժերու զինուորներ Լիբանանի հետ Իսրայէլի սահմանները հսկելու ընթացքին քնացած են: Այդ զինուորներուն մէջ եղած է նաեւ իսրայէլեան ուժերու անկարգելաւորներու ջոկատի հրամանատարը: Այս պատճառով քնացող զինուորները 21 օրուան բանտարկութեան պատիժ ստացած են, իսկ հրամանատարը` 14 օրուան:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց իրականացնելու քրիստոնէական գարուն մը, որ Արեւելքի մէջ կը շարունակէ տարածել քրիստոնէութեան պատգամը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ սալաֆական շարժումի հիմնադիր շէյխուլ իսլամ Շահհալ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ իրենք` իբրեւ սիւննի համայնք, չեն կրնար չէզոք կեցուածք որդեգրել սուրիացի ժողովուրդին դէմ գործուած սպանդներէն:

ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի Ժուզու կոչ ուղղեց արաբական երկիրներուն` Ռուսիոյ հետ իրենց յարաբերութիւնները խզելու:

ՓՈՒՌԵՐՈՒ սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Անիս Պշարա յայտնեց, որ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Սահնաուիի հետ իրենց բանակցութիւնները հասած են անելի: Հինգշաբթի, 19 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Լիբանանի տարածքին գործող բոլոր փուռերը պիտի փակեն իրենց դռները` սկսելով բաց եւ ամբողջական գործադուլի մը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Սուրիոյ ազգային միասնականութիւնը Լիբանանի համար զօրութիւն է, իսկ թշնամի Իսրայէլի կողմէ որեւէ թեթեւամտութիւն փոփոխութեան պիտի ենթարկէ շրջանին դիմագիծը:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Սուրիա երբեք հանգիստ չէ զգացած «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի քամերամեն Ալի Շաապանի սպանութեան առիթով  հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի արտայայտած կեցուածքներէն:

ԱՐԱԲԱԿԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Ռիֆաաթ Իտ շեշտեց, որ սուրիական վարչակարգի տապալումին պարագային, անոր հետեւանքները շատ ծանր պիտի ըլլան բոլոր լիբանանցիներուն համար:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա կոչ ուղղեց ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատիին պատրաստելու պետական պիւտճէի նախագիծը: Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը կը շարունակէ իր անլուրջ ընթացքը:

ԱՆԾԱՆՕԹ զինեալներ Տամուրի մայրուղիին վրայ կրակ բացած են լրագրող Մուսթաֆա Մուսթաֆա Ժըհայի դէմ, որ սակայն փրկուած է: Դէպքէն ետք Ժըհա յայտնած է, որ իր դէմ գործուած է մահափորձ մը:

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ մաղթեց, որ կառավարութիւնը ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութիւն չորդեգրէ  լիբանանցիներուն շահերուն նկատմամբ:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆայեզ Ղոսըն հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը օր մը օրանց քաղաքական նման պազարներու մէջ մուտք չէ գործած:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի կառավարութեան դէմ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կատարած յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ սուրիական վարչակարգը գոհ չէ այդ կառավարութեան կազմին աշխատանքէն:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի յայտնեց, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը պէտք է պատժէ Ալի Շաապանի վրայ կրակ բացած զինուորները եւ հատուցէ Շաապանի ընտանիքին:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի դէմ գործուած մահափորձին ընթացքին օգտագործուած է երեք փամփուշտ: Ան նշեց, որ այդ հարցին առնչութեամբ հետաքննութիւնը տակաւին ընթացքի մէջ է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ օր մը օրանց համայնք մը կամ յարանուանութիւն մը զէնքի ուժով պաշտօնի չէ արժանացած:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ պետական պաշտօնեաները յառաջիկայ մայիսին իրենց ամսական աշխատավարձերը պիտի ստանան: Նոյն աղբիւրները ընդգծեցին, որ Հըզպալլա ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ, որպէսզի Սաֆատիի կեցուածքները չազդեն կառավարութեան աշխատանքներուն վրայ:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ իրենք Սուրիոյ հետ բոլոր կամուրջները այրած են եւ երբեք չեն զղջար այդ կեցուածքին համար:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Միշել Սըմահա յայտնեց, որ սուրիական բանակէն անջատուած Իմատ Ժասեմ եւ անոր զինեալ խմբաւորումը սպաննած են Ալի Շաապանը` «Խալետ» կոչուած կառոյցէն կրակ բանալով «Ժատիտ» պատկերասփիւռի անձնակազմին վրայ: Ան հարց տուաւ, որ ինչո՞ւ կայանին օգտագործած ինքնաշարժը կայանին տարբերանշանը չէր կրեր:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ վարչապետութեան պաշտօնին առումով Նեժիպ Միքաթի եւ Մոհամետ Սաֆատի մրցակցութեան մէջ են:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան ընդդիմութիւնը կառավարութեան վստահութեան քուէն վերատեսութեան ենթարկելու փորձեր պիտի չկատարէ խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Խալետ Զահրաման շեշտեց, որ ինք վստահ է, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի չտապալի, որովհետեւ անոր գոյութեան կը զօրակցին արտաքին եւ շրջանային ուժեր:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ սադրանքներու արգիլման նախապատրաստութիւնը ներքին պատասխանատուութիւն է եւ ոչ թէ արտաքին:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ մեկնեցաւ Փարիզ:

 

Share this Article
CATEGORIES