«Կը Գտնուինք Կանխամտածուած Աշխարհագրական Պատերազմի Մը Մէջ, Որուն Նպատակն Է Բնակեցումը Պարտադրել» Կ՛Ըսէ Սամի Ժեմայէլ

Փաղանգաւոր կուսակցութեան Պաապտայի մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին 37-ամեակին առիթով անցեալ շաբաթավերջին Շիյահի մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կը վկայենք քաղաքական նպատակներ հետապնդող ծրագիրի մը ընդմէջէն կանխամտածուած աշխարհագրական պատերազմ մը, որուն նպատակն է Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը պարտադրել:

Ժեմայէլ շեշտեց, որ եթէ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը չըլլար, ապա Լիբանան պիտի չմնար, այլ պիտի վերածուէր Պաղեստինի կամ Մեծն Սուրիոյ:

«Ուրիշին վրայ վստահիլը ոչ մէկ օգուտ կրնայ ունենալ եւ արդէն իսկ ժամանակն է սորվելու, որ Լիբանանի մէջ ոչ ոք կրնայ միւսին յաղթել կամ միւսը ջնջել», ըսաւ ան:

Ժեմայէլ նկատել տուաւ, որ ինք կը զօրակցի կառավարութեան չէզոք քաղաքականութեան, որուն նպատակն է առանցքներու քաղաքականութեան տիղմին մէջ չխրիլ եւ արգիլել, որ կարգ մը երկիրներու տագնապները փոխադրուին Պէյրութ:

«Սակայն երբ կառավարութիւնը կը թերանայ իր երկրին սահմանները պաշտպանելու առաքելութեան մէջ, ապա ան չէզոք մնացած չ՛ըլլար, այլ` երկչոտ կեցուածք ցուցաբերած», ընդգծեց Ժեմայէլ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES