Շէյխ Ահմետ Ասիր Հըզպալլան Եւ Սուրիական Վարչակարգը Կ՛Ամբաստանէ Լիբանանի Մէջ Ոճիրներ Գործելու Յանցանքով
Սայտայի Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր յայտնեց, որ ինք Սայտայի մէջ հոգեւոր նոր կեդրոն մը կառուցելու նպատակ ունի:
Միւս կողմէ, շէյխ Ասիր Դիմադրութիւնը ամբաստանեց Լիբանանէն Սուրիոյ սահմանները մտնելու եւ սուրիացի քաղաքացիներ սպաննելու յանցանքով:
Այս շրջագիծին մէջ, ան կոչ ուղղեց Լիբանանի կառավարութեան եւ անկէ պահանջեց այս մասին հետաքննութիւն բանալ, եթէ իսկապէս Սուրիոյ տագնապին հանդէպ չէզոք մնալու կառավարութիւն է անիկա:
Շէյխ Ասիր Հըզպալլան եւ սուրիական վարչակարգը դատապարտեց Լիբանանի մէջ ոճիրներ գործելու յանցանքով:
CATEGORIES Լիբանանեան

