Հարիրի. «Կարելի Չէ Համամասնական Դրութեամբ Ընտրական Օրէնքի Մասին Խօսիլ` Զէնքի Ուժին Ներքեւ»

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հաստատեց, որ զէնքի ուժին ներքեւ անկարելի է խօսիլ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին մասին:

Հարիրի յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ ընտրական օրէնքին առնչութեամբ տարակարծութիւն չկայ:

Այս շրջագիծին մէջ, Հարիրի յայտնեց, որ յստակ են այն տեղեկութիւնները, թէ Սուրիա թելադրած է լիբանանեան իշխանութիւններուն` որդեգրել ընտրական այնպիսի օրէնք մը, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կը ձախողեցնէ:

Հարիրի աւելցուց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պէտք է կայանան իրենց ճշգրիտ թուականին` յարգելով երկրին ժողովրդավարական վարչակարգը:

Անդրադառնալով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի դէմ գործուած մահափորձին` Հարիրի յայտնեց, որ այդ արարքը պիտի չտկարացնէ զիրենք:

Հարիրի քննադատեց Լիբանանի կառավարութեան դերակատարութիւնը` շեշտելով, որ ան ոչ մէկ ձեւով կը գոհացնէ լիբանանցիները:

Սուրիոյ տագնապին մասին Հարիրի շեշտեց, որ իրենք կը հաւատան եւ համոզուած են, որ սուրիացիները յաղթական դուրս պիտի գան իրենց յեղափոխութենէն` աւելցնելով, որ Լիբանանի քաղաքականութիւնը լիբանանեան խոհանոցին մէջ պէտք է եփել եւ ոչ թէ այլ երկիրներու մէջ:

Share this Article
CATEGORIES