Վարչապետ Միքաթի Ընդունեց Նասրի Խուրին

Նասրի Խուրի եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին ընդունեց Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ երկու երկիրներուն միջեւ սահմաններու պահպանման քայլերն ու միջոցները:

Հանդիպումէն ետք Խուրի յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթիին ներկայացուցած է երկու երկիրներու սահմանին վրայ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի անձնակազմին դէմ կրակոցներուն եւ քամերամեն Ալի Շաապանի սպանութեան մասին բացուած հետաքննութեան մասին մանրամասնութիւններ:

Վարչապետ Միքաթի հաստատեց հետաքննութիւնը շարունակելու եւ ճշմարտութիւնը բացայայտելու անհրաժեշտութիւնը:

Խուրի շեշտեց, որ այդ հետաքննութեան մասին ինք տեղեկութիւններ փոխանցած է նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի: Միւս կողմէ, ան նկատել տուաւ, որ այս պարագային կորուստը երկու կողմերուն համար է` թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ Սուրիոյ:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուքը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի, որ վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկեց լիբանանեան-իրանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս տնտեսական եւ առեւտրական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ 2 մայիսին Իրանի Ա. փոխնախագահ Մոհամետ Ռիտա Ռահիմիի Լիբանան կատարելիք այցելութեան մանրամասնութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES