Պիրէի Մէջ Բախում` Թուրք Պաշտօնատարին Թիկնապահներուն Եւ Լիբանանցի Երիտասարդներու Միջեւ
Անցեալ կիրակի օր, Աքքարի Պիրէ գիւղաքաղաքին մէջ, Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերտար Քըլըճ թիկնապահներուն եւ գիւղաքաղաքի երիտասարդներուն միջեւ արձանագրուեցաւ բախում եւ ծեծկռտուք:
Քըլըճ եւ Պիրէի նախկին քաղաքապետ Մոհամետ Ուեհպէ դժուարութեամբ բաժնեցին զիրար խոշտանգող երիտասարդները:
Նշենք, որ բախումին պատճառը այն էր, որ Քըլըճ մետասաներորդ պահուն փափաքեցաւ ջնջել Պիրէ իր կատարելիք այցելութիւնը եւ իր ուղղութիւնը շարունակեց դէպի Այտամուն` Լիբանանի թրքաբնակ գիւղերէն մէկը:
CATEGORIES Լիբանանեան

