Ուաշինկթընի Մէջ Թուրքերու Եւ Հայերու Միջեւ Հանդիպում
«Մարմարա» «Թուրքիա Ամերիկայի մէջ կապեր կը հաստատէ երկխօսութեան կողմնակից հայերու հետ» խորագիրով լրատուութեան մը մէջ կը հաղորդէ, որ «Միացեալ Նահանգներու մէջ թուրքերու հետ երկխօսութիւն հաստատելու կողմնակից հայեր գտնելու եւ անոնց հետ երկխօսութիւն կատարելու ուղղութեամբ Թուրքիոյ կողմէ ընդգրկուած նոր քաղաքականութեան առաջին քայլը առնուեցաւ Ուաշինկթընի մէջ կազմակերպուած հաւաքոյթով մը», որ կազմակերպուած էր «ՀասՆա» հասարակական կազմակերպութեան կողմէ եւ տեղի ունեցաւ լոպիիստական աշխատանքի համար Թուրքիոյ կողմէ վարձուած «Առնոլտ-Փորթըր» ընկերակցութեան աշխատատեղիին մէջ: «Բազմաթիւ հայեր, որոնք երկխօսութեան կողմնակից են, այս հաւաքոյթին մասնակցեցան, հակառակ ծայրայեղ հայերու կողմէ իրենց ուղղուած քննադատութիւններուն»: Հանդիպումին ընթացքին Եդուարդ Չոպանեան խօսքը փոխանցած է «Թուրքիան ներկայացնող» դոկտ. Էօմեր Թաշփընարի:
Թաշփընար, որ «ՀասՆա» կազմակերպութեան վարչական խորհուրդի անդամ է եւ Ուաշինկթընի Ազգային պատերազմական քոլեճի ակադեմական մըն է, դիտել տուած է, որ 1915-ի հարցի լուծման միակ ուղին կ՛անցնի մէկ ժողովուրդէն դէպի միւս ժողովուրդը գացող ճամբէն: Ան ըսած է, որ հայերը 1915-ին պատճառով հոգեբանական ցնցում ապրած են, իսկ թուրքերն ալ հոգեբանական ցնցում ապրած են Օսմանեան կայսրութեան բաժանումին պատճառով: Կողմերը այժմ պէտք է հեռու մնան այս ցնցումները հրահրող կեցուածքներէ: Կարգ մը հայեր շարունակ կը պնդեն, որ ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք թուրքերը պէտք է հող վերադարձնեն ու հատուցում վճարեն. ասիկա ժխտական ազդեցութիւն կը գործէ թուրք հանրային կարծիքին վրայ եւ Թուրքիոյ մէջ «սպառնալիքի մը ընկալումը» կ՛ամրապնդէ:
Ըստ «Մարմարա»-ի, սրահին մէջ գտնուող կարգ մը հայեր անհանգստութեան նշաններ ցոյց տուած են այս խօսքերուն դէմ: Ներկայ հայերէն մէկը հարցուցած է, թէ ինչո՞ւ այս հանդիպումը 24 ապրիլին մօտիկ թուականի մը մէջ կը կազմակերպուի, ուրիշ հայ մըն ալ ըսած է, թէ թրքական պետութիւնը իր ժողովուրդը 1915-ի իրականութիւնները ճանչնալու եւ գիտնալու չէ պատրաստած:
«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ թրքական «Զաման» օրաթերթը նշած է, թէ «ՀասՆա» կազմակերպութեան անդամներէն խարբերդցի ընտանիքի զաւակ` Մարի Անն Գիպարեան խումբ մը թուրք լրագրողներու հետ խօսելու ընթացքին ըսած է, որ ինք ժողովուրդներու միջեւ երկխօսութեան կողմնակից է եւ այս երկխօսութեան համար ցեղասպանութեան ճանաչումը իբրեւ նախապայման պէտք չէ յառաջ քշուի: Ան ըսած է, որ կարգ մը հայեր զինք կը քննադատեն իր չափաւոր տեսակէտներուն համար` ընդգծելով, որ երկու ժողովուրդներուն միջեւ առեւտուրի ճամբով կապեր հաստատելը շատ կարեւոր կը նկատէ: Ան ըսած է, որ ուրեմն պէտք է բացուի Հայաստան-Թուրքիա սահմանը` նշելով միաժամանակ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մէկն է, որ կողմնակից է ընելու այն, ինչ որ ճիշդ է:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին անդրադառնալով այս հանդիպումին Թաշփընարի կարծիքը հարցուցած է: Վերջինս դիտել տուած է, որ այս հանդիպումը թրքական պետութեան հետ կապ չունի, «այս կէտը կարեւոր է, որովհետեւ հայերը Թուրքիոյ կապուած ամէն լրատուութիւն Թուրքիոյ Հանրապետութեան պետական քարոզչութիւնը կը նկատեն»:
Թաշփընար յայտնած է, որ իրենց նպատակներէն մէկն ալ թուրք եւ հայ կիներու միջեւ մերձեցում մը իրականացնելն է, նաեւ երկու հաւաքականութիւնները իրարու մօտեցնելը` ընկերային եւ առեւտրական ձեռնարկներու ճամբով: Օրինակ` քարի վրայ քանդակագործութիւնը մարզ մըն է, ուր երկու հաւաքականութիւնները կրնան միանալ: Հանդիպումին ընթացքին պատմական եղելութիւններու վրայ շեշտ չդրուեցաւ, որպէսզի բանավէճեր չստեղծուին: Թաշփընար դիտել տուած է նաեւ, որ ամերիկեան պայմաններուն մէջ դիւրին չէ հայերն ու թուրքերը քով քովի բերելը:
«Թէ՛ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի մէջ, թէ՛ միջազգային գետնի վրայ քաղաքական մթնոլորտը ստեղծած է բազմաթիւ դժուարութիւններ ու բեւեռացումներ: Այս պատճառով Թուրքիոյ մտաւորականներն ալ, փոխանակ շարունակ կանգ առնելու պետութեան պաշտօնական քաղաքականութեան ու պնդումներուն վրայ, պէտք է աւելի լայն գետին բանան ժողովուրդներուն միջեւ երկխօսութեան: Այս հաւաքոյթը նմանօրինակ երկխօսութեան մը քայլերէն մէկն է»:
Թաշփընար աւելցուցած է, որ հակամարտութեան պատճառներէն մէկն ալ այն է, որ երկու ժողովուրդները զիրար լաւ չեն ճանչնար: Ժողովուրդները պէտք է այցելեն իրարու, կապեր հաստատեն իրարու հետ:
Հանդիպումի մասնակիցներէն խարբերդցի ընտանիքի զաւակ Վալթեր Պանտազեան «Անատոլու»-ին յայտնած է, որ այս ծրագիրները օգտակար են, որպէսզի երկու ժողովուրդները ճանչնան զիրար: Սակայն Պանտազեան առայժմ շատ լաւատես չէ, որովհետեւ երբ կը հարցուի թէ, կը հաւատա՞յ, որ այսպիսի ժողովներ արդիւնք կու տան, ան կը պատասխանէ, որ այս պահուս այն կէտը, ուր կը գտնուինք, որեւէ նպատակի չի ծառայեր:
Մարիա Գիպարեան իր կարգին յայտնած է, որ պէտք է երկխօսութիւն կատարել: Ան նշած է, որ իր ընտանիքը խարբերդցի է, միշտ ալ ուզած է Խարբերդ երթալ ու այցելել ծնողներու ծննդավայրը, սակայն կը վախնար երթալու, իսկ հիմա այլեւս չի վախնար: «Ժողովուրդներու միջեւ երկխօսութիւնը կարեւոր է, այս պահուս մեծապէս յուզուած եմ, երբ կը խօսիմ ձեզի հետ», ըսած է ան:
Նշենք, որ «Թուտէյզ Զաման» հաղորդեց, որ հանդիպումը տեղի ունեցած է հինգշաբթի, 12 ապրիլին:


