Պաղըշ. «Թուրքիա Հայկական Պնդումներուն «Մալթայի Փաստաթուղթ»-Ով Պիտի Պատասխանէ»
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշ Մալթա իր այցելութեան ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիան կը պատրաստուի Հայոց ցեղասպանութեան մասին «հայկական պնդումներուն» պատասխանել «Մալթայի փաստաթուղթ»-ով:
«Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան` 24 ապրիլին նախօրեակին հայերը դարձեալ ամբողջ աշխարհը ոտքի պիտի հանեն, սակայն այս անգամ Անգարա կը պատրաստուի «Մալթայի փաստաթուղթ»-ով պատասխանելու», կը գրէ օրաթերթը:
Պաղըշ պնդած է, որ Թուրքիոյ մէջ 1915-ի դէպքերուն մասին կրնայ վկայել Մալթայի մէջ տեղի ունեցած դատավարութեան արդիւնքը: «1919-ին, այդ ժամանակուան պաշտօնատարները Մալթա աքսորուած եւ մեղադրուած են 1915-ին տեղի ունեցած ողբերգութիւններուն համար: Անոնց մէջ նախկին նախարարներ, հրամանատարներ, բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներ եղած են, եւ դատարանը որոշած է արդարացնել անոնցմէ իւրաքանչիւրը: Այսինքն` Մալթայի դատարանը 1915-ի դէպքերուն առնչութեամբ Թուրքիան արդարացուցած է: Ոչ ոք մեր ժողովուրդը ցեղասպանութիւն գործելու մէջ կրնայ մեղադրել», ըսած է ան:

