«ՀՅԴ-ի Արժէքային Համակարգի Հիմքին Մէջ Ազգն Է» Կ՛Ըսէ Հրանդ Մարգարեան

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան կիրակի օր Աշտարակի մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ-ի հանրահաւաքին ընթացքին յայտարարեց, որ քսան տարիներ անցած են Հայաստանի անկախութեան օրէն եւ այդ քսան տարիներուն ընթացքին տեղի ունեցած են երկրաշարժ, շրջափակում, պատերազմ եւ տնտեսական ճգնաժամ: «Առաջին հայեացքէն կը թուի, որ ասոնք բաւարար պատճառ են, որ Հայաստանի մէջ լաւ չապրինք, բայց այդպէս չէ», նշեց Հրանդ Մարգարեան:

Ան յայտնեց, որ զինադադարէն անցած են 16 տարիներ, բայց փոփոխութիւն չկայ Հայաստանի ժողովուրդի կեանքին մէջ: «Մեր շուրջը կայ համատարած աղքատութիւն, համատարած անգործութիւն: Մարդիկ աշխատանքի պատճառով  կը լքեն իրենց հայրենիքը եւ կը հեռանան: Մեր շուրջը երիտասարդութիւնը, որ նոր ասպարէզ կը մտնէ, շուարած է` կեանքին մէջ չի կրնար իր տեղը գտնել, ոտքի կանգնիլ: Որովհետեւ ունի բնակարանի հարց, զոր չի կրնար մինակը լուծել, որովհետեւ աշխատանքի հարց ունի եւ աշխատանք չի գտներ: Եւ այդ դրութեան մէջ, զարմանալի է, թէ ի՞նչ կ՛ընեն հայոց պետականութեան գահին բազմած իշխանութիւնները, որոնց պարտականութիւնն է հոգ տանիլ, որ երիտասարդութիւնը աշխատանք ունենայ, որ աղքատութիւնը վերցուի մեր երկրէն, որ անգործութիւնը վերցուի եւ ժողովուրդը ոտքի կանգնի», հարց տուաւ Հրանդ Մարգարեան:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նշեց նաեւ, որ իշխանութիւնները չեն մտածած, չեն մտահոգուած, որ համատարած աղքատութիւն, գործազրկութիւն կայ երկրին մէջ: Ըստ Հրանդ Մարգարեանի, իշխանութիւններուն պատկերացումն է ապրանք ծախել, ժողովուրդէն դրամ առնել եւ դուրս տանիլ: Ան աւելցուց, որ անոնց թիրախը եղած է հարուստ դասակարգի կարգաւորումը` գերհարուստ դասակարգի: Իշխանութիւնները ամէն ինչ ըրած են, սպասարկած են, օգնական եղած են, որ այդ իրենց շրջանակի հարուստ, դրամատէր շերտը ձեւաւորուի: Հրանդ Մարգարեան շեշտեց, որ ասոր իբրեւ արդիւնք Հայաստանի հարստութեան մեծամասնութիւնը կեդրոնացած է քանի մը տասնեակ մարդոց ձեռքին մէջ, իսկ ժողովուրդը կ՛ապրի համատարած աղքատութեան պայմաններուն մէջ:

Ան ըսաւ, որ իշխանութիւններու արժեհամակարգը ազատ շուկան է, եւ անոնք ըսած են, որ ազատ շուկան ամէն ինչ պիտի լուծէ, առանց նկատի առնելու, թէ ժողովուրդը համատարած աղքատութեան մէջ կը գտնուի, թէ անգործութեան մէջ է եւ երկիրը կը լքէ ու կը հեռանայ:

Հրանդ Մարգարեան ընդգծեց, որ Դաշնակցութիւնը այսպէս չի մտածեր, այլ կ՛ըսէ, թէ իշխանութիւնները պէտք է աշխատին աղքատին վեր բարձրացնելու, անգործին գործ տրամադրելու եւ անտունին բնակարան տրամադրելու համար: Ըստ անոր, կայ ընդհանուր մօտեցման տարբերութիւն եւ այդ մօտեցման տարբերութիւնը հրապարակ եկող բոլոր քաղաքական ուժերուն եւ Դաշնակցութեան միջեւ է: «Եթէ Դաշնակցութեան չքուէարկէք, ապա որուն ալ որ քուէարկէք` նոյնն է արդիւնքը: Որովհետեւ անոնք նոյն արժէքային համակարգը ունին` բոլորն ալ ազատ շուկայի վրայ դրած են իրենց յոյսը», նշեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը:

Ան յայտնեց, որ ՀՅԴ-ի արժեհամակարգին հիմքին մէջ կը գտնուի ազգը, իսկ ազգին հիմքին մէջ` անհատը իր բոլոր իրաւունքներով:

«Մենք համայն հայութեան առջեւ պատասխանատու կուսակցութիւն ենք: Մենք պատասխանատու ենք Ղարաբաղի, Ջաւախքի, Պէյրութի, Լոս Անճելըսի եւ համայն աշխարհի հայութեան առջեւ», խօսքը եզրափակելով յայտարարեց Հրանդ Մարգարեան:

Իր կարգին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան յայտարարեց, որ եթէ ՀՅԴ-ն իշխանութեան գայ, այս ժողովուրդը երբեք չի տեսներ վիճակ մը, որ կուսակցութիւն եւ պետութիւն միացուած են, վիճակ մը, երբ հայ քաղաքացին իր պետութենէն այդ պատճառով օտարացուած է, վիճակ մը, որ փոքր շրջանակ մը ամբողջութեամբ պիտի տիրապետէ պետական պաշարներուն, իսկ մնացեալ հսկայական զանգուածը օտարութեան մէջ պիտի փնտռէ իր բախտը եւ ճակատագիրը:

Այս մտադրութեամբ ՀՅԴ-ն մտած է այս հոլովոյթին մէջ եւ Դաշնակցութիւնը իր օրակարգին մէջ ամբողջական իշխանափոխութիւն իրականացնելու գաղափարը պիտի պահէ այնքան ատեն, որ անոր չէ հասած:

Արմէն Ռուստամեան ընդգծեց, որ այն թշուառութիւնը, որ իրենք տեսան մարզերուն եւ գիւղերուն մէջ, ինքզինք յարգող ոեւէ հայու չի կրնար հանգիստ տալ: «Դաշնակցութիւնը այդ պատճառով չէ եկած այսօր ընտրութիւններուն հերթական անգամ մասնակցելու: Ասիկա կրնան ընել այն ուժերը, որոնց խնդիրը ընտրութիւններուն մէջ յաւելեալ մէկ ձայն կամ մէկ աթոռ աւելի ունենալն է: Մենք մեր խնդիրը լուծուած չենք նկատեր, քանի ելք ցոյց չենք տուած մեր ժողովուրդին ստեղծուած այս իրավիճակէն եւ դուրս չենք բերած մեր ժողովուրդը այս ծանր վիճակէն», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:

Ան յայտնեց, որ բոլորը կը հասկնան, որ առանց հաւատքի այս դժուար վիճակէն ելք չկայ: Ըստ անոր, հաւատքի մասին խօսելու իրաւունք չունին անոնք, որոնք սպաննած են այդ հաւատքը ժողովուրդին մէջ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES