Խմբագրական. Ազդանշանը Տրուած Է
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկները սկսած են արդէն: Յայտարարուած է այս ամսուան ընթացքին Ցեղասպանութեան նիւթով տեղի ունենալիք յիշատակի բնոյթի ձեռնարկները` հոգեւոր արարողութիւններով թէ գեղարուեստական ելոյթներով յատկանշուած, երիտասարդութեան կողմէ պահանջատիրական կեցուածքներու փոխանցման հսկումը եւ քարոզչաքաղաքական բողոքի գործողութիւնները:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի կեդրոնական մարմինին առընթեր արդէն իսկ կը գործեն 100-ամեակի միջկուսակցական, միջմշակութային, միջերիտասարդական եւ միջսկաուտական յանձնախումբեր, որոնք լծուած են ապրիլեան բոլոր ձեռնակները համակարգաւորելու աշխատանքին: Աշխատելաձեւի այս մշակոյթը անշուշտ պէտք չէ սահմանափակել միայն ապրիլեան ամսուան ընթացքին եւ անոր գործադաշտը առանցքայնացնել զուտ ոգեկոչականութեամբ:
Իրադարձութիւններու տարողութիւնները, տակաւ զարգացումներն ու մանաւանդ թշնամիին աշխուժ ներկայութիւնը սփիւռքի կեդրոնական գաղութի երկրին մէջ կը պարտաւորեցնեն համակարգեալ եւ արդիւնաւէտ աշխատանքը վերածել առաջնային առաջադրանքի եւ մինչեւ 100-ամեակ ու անկէ անդին այլեւս կառուցակարգել համագաղութային մակարդակի մեր աշխատանքները:
Պարզ է, որ ապրիլեան ձեռնարկներու առաջնային թիրախը բողոքի ցոյցն է թրքական դեսպանատան առջեւ: Կարեւոր է անիկա իր յայտարարուած բնոյթով` բողոքի գործողութեամբ եւ մանաւանդ ընտրուած միջավայրով: Սփիւռքի կեդրոնական հանգամանք վայելող գաղութը իր բոլոր հատուածներով համաժողովրդային բնոյթ տալու բոլոր համոզումներն ու պատճառները ունի բողոքի ցոյցին, ամէն բանէ առաջ նախ ճանաչում ու հատուցում պահանջելու ցեղասպան պետութեան այսօրուան ժառանգորդէն: Միաժամանակ նաեւ բացայայտելու խաղաղասիրութեան քողին տակ թաքնուած, ժողովրդավարութեան դասեր տուող եւ մարդկային իրաւունքներէ ճառող թրքական խորքային պետութեան էութիւնը, կիրարկած քաղաքականութիւնը, ազգային փոքրամասնութիւններու նկատմամբ իրականացուող խտրականութիւնը: Տակաւին. նման ժամանակահատուածի մէջ ընդգծելու համար «արաբական գարուն»-ներ գովերգող Թուրքիոյ հետապնդած բուն նպատակները եւ այդ առումով խաբկանքի քաղաքականութիւնը:
Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով կազմակերպուած բողոքի ցոյցը առիթ պիտի ըլլայ նաեւ Հայաստանը շրջափակած` խաղաղութիւնը խոչընդոտող եւ միջազգային ընտանիքի շրջանակներուն մէջ կայացած պայմանաւորուածութիւնները խախտող Թուրքիոյ իսկական դիմագիծը ցոյց տալու:
Ընտրուած վայր-թիրախը` թրքական դեսպանատունը, միջազգային օրէնքով իսկ սահմանուած Թուրքիոյ պետութեան վերահսկողութեան տակ գործող տարածք է: Անգարայի ներկայացուցչութեան դէմ անմիջականօրէն բողոքի դուրս պիտի գայ լիբանանահայութիւնը: Այն լիբանանահայութիւնը, որ Թուրքիոյ դէմ հայութեան յայտարարած պատերազմի բոլոր տեսակներուն բերած է իր անմնացորդ մասնակցութիւնը եւ հերթական անգամ անսալով պահանջատիրութեան դրսեւորման ահազանգին` թրքական տարածքին անմիջականութեամբ պիտի բողոքէ եւ պիտի պահանջէ իր բոլո՛ր իրաւունքները:
Մեր կազմակերպուածութեան բարձր աստիճանաչափը կը համոզէ բոլորս, որ աշխարհի տարածքին ապրիլ 24-ի օրը թրքական դեսպանատուներուն առջեւ կայանալիք ցոյցերու շղթային ամէնէն բազմամարդ օղակը պիտի հանդիսանայ լիբանանահայութիւնը, որ Հայ դատի հետապնդման մարդուժի պատրաստութեան իր անփոխարինելիութեան առընթեր պիտի փոխանցէ նաեւ քարոզչաքաղաքական գործողութիւններ կազմակերպելու իր բացառիկ ընդունակութիւնն ու արդիւնաւէտ աշխատելաեղանակի կարողութիւնները: Ա՛յն օրերուն մանաւանդ, երբ գերաշխուժացած է մեր թշնամիին ներկայութիւնը այս երկրին մէջ: Եւ պատահական չէ, որ ապրիլեան այս օրերուն թրքական անվտանգութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ կը տողանցեն Լիբանանի մէջ իրենց թիկնազօրային շքախումբերով:
Այս բոլորը պատճառ են, որ այս գաղութը ապրիլեան միջոցառումներուն յատկապէս եւ անկէ ետք առհասարակ Հայ դատի եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման աշխատանքներուն մէջ գիտակցական նախապատրաստուածութեամբ համակարգաւորեալ աշխատանքի մատնացոյց ըլլալիք մակարդակ հրամցնէ համայն աշխարհին:
Ապրիլեան ձեռնարկներու շարքին ազդանշանը տրուած է: Այս գաղութը բոլոր իմաստներով, մանաւանդ ներկայ ժամանակներուն յառաջացուցած բոլոր հանգամանքներու նկատառումներով ինքզինք գերազանցելու հարկադրանքին առջեւ կը գտնուի: Եւ կը գերազանցէ՛ անպայման:

