50 Տարի Առաջ ( 18 ապրիլ 1962 )

Հայերը Թուրքիոյ Մէջ

Թուրքիոյ Հայերուն Ընդհ. Թիւը
200,000 Կը Հաշուըւի

Պոլսահայ Կ. Մուրատեան, վերջերս շրջապտոյտ մը կատարած է հայկական Անատոլուի մէջ եւ իր տպաւորութիւնները հրատարակած «Ժամանակ»-ի մէջ: Կը քաղենք շահեկան մասերը: Ըստ Կ. Մուրատեանի, Թուրքիոյ հայերուն ընդհ. թիւը այսօր պէտք է հաշուել 200,000, թէեւ մարդահամար կատարուած չէ:

Ներկայիս Սեբաստիա քաղաքին մէջ կ՛ապրին 200-250 հայեր եւ առաւելաբար կը զբաղին ոսկերչութեամբ, սափրիչութեամբ եւ երկրագործութեամբ: Կան նաեւ դերձակներ, ժամագործներ եւ քանի մը առեւտրականներ:

Անատոլուի մէջ մնացած են հազարաւոր հայեր, որոնք բոլորովին մեկուսի կեանք մը ունին, գրեթէ անտեղեակ` Պոլսոյ հայութեան կեանքին ու վիճակին: Աւելի քան 40 տարի գերմարդկային պայքար մղած են եւ շատ տեղեր կորսնցուցած են իրենց լեզուն եւ կրօնը: Հայութիւնը եւ կրօնը կորսնցուցած հայերու կարելի է հանդիպիլ Սեբաստիոյ, Մալաթիոյ, Մարաշի, Այնթապի, Ուրֆայի եւ Թոքատի մէջ:

Մեծ հոսանք մը սկսած է վերջերս գաւառներէն դէպի Պոլիս գաղթելու:

Սեբաստիա մնացած հայերը հայախօս են: Բայց մեծ մասը հայերէն գրել կարդալ չի գիտեր: Ո՛չ դպրոց ունին եւ ո՛չ ալ եկեղեցի, 30 տարիէ ի վեր եկեղեցականի երես չեն տեսած: Կ՛ապրին կղզիացած վիճակի մէջ: Կան դեռատի եւ երիտասարդ հայեր, որոնք ցարդ մկրտուած չեն:

50 տարի առաջ Սեբաստիա քաղաքը ունէր 80 հազար բնակիչ, կէսը` թուրք: Հիմա բնակիչներուն թիւը 50 հազար կը հաշուեն, որոնց մէկ մասը գաղթական թուրքեր են:

Թուրք կառավարութիւնը վերջերս մասնաւոր որոշումով վերադարձուցած է հայերուն պապենական տուներն ու հայերուն պապենական տուներն ու պարտէզները, որոնք ցարդ գրաւուած կը մնային: Ազգապատկան կալուածները սակայն կը մնան տակաւին գրաւուած:

Սեբաստիոյ եկեղեցիները գոյութիւն չունին այլեւս: Եկեղեցական հողերու վրայ բարձրացած են մեծ շէնքեր: Անվնաս մնացած է Սեբաստիոյ Ս. Նշան եկեղեցին, որ վերածուած է մթերանոցի, իսկ Արամեան վարժարանը վերածուած է թրքական դպրոցի:

Սեբաստիոյ հայերը ամփոփուած են գլխաւորաբար մէկ թաղի մէջ եւ իրարու հետ սերտ շփում ունին: Խառն ամուսնութիւններ գրեթէ չկան: Աղջիկներ եւ երիտասարդներ կանուխ կ՛ամուսնանան եւ ընտանիք կը կազմեն: Աւանդապահ, հայրենասէր եւ հաւատաւոր հայեր են: Հայ մուրացկանի երբեք չէք հանդիպիր:

Լուսինեան Վարժարանի Նորակառոյց
Մանկապարտէզի
Հիմնարկէքը

Նոր Սիսի Ազգային Լուսինեան վարժարանին նորակառոյցը մանկապարտէզի հիմնարկէքի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 12 ապրիլին` ձեռամբ լիբանանահայ թեմի շինարար առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեանի:

Նոր Սիսի թաղականութիւնն ու վարժարանի հոգաբարձութիւնը` նկատի ունենալով, որ ընդհանուր աշակերտութեան մէկտեղումը, ամէն տեսակէտով, ստիպողական` պահանջք մը դարձած է շրջանին համար, ու նկատի ունենալով որ, այսպիսով կրթական գործը աւելի պիտի նպաստաւորուի, կ՛որոշեն նոր մանկապարտէզի մը շինութեան աշխատանքներուն ձեռնարկել անմիջականօրէն:

Ու ազգային այս երկու մարմինները, անմիջապէս գործի անցնելով, իրենց կողքին ունենալով նաեւ Շինութեան յանձնախումբը կարճ ժամանակուան մէջ, ի գին ամէն զոհողութեան, կը կարողանան իրագործել իրենց առաջադրանքը, որ պատիւ կը բերէ թէ՛ իրենց, թէ՛ նոր Սիսի կրթասէր եւ եկեղեցասէր ժողովուրդին:

Գնած են վարժարանին կից գտնուող հողամասը, որ մօտաւորապէս 400 քառ. մեթր է: Քանդած են հոն գտնուող ամէն ինչ, ու ձեռնարկած արդիական մանկապարտէզ մը կառուցանելու աշխատանքներուն: Շէնքի շինութեան գործը պիտի աւարտի մօտիկ ապագային. պիտի արժէ մօտաւորապէս 80 հազար լ. ոսկի: Այսպիսով Ազգային վարժարաններու լայնտարած ցանցին վրայ նոր մըն ալ կ՛աւելնայ:

Հիմնարկէքի արարողութիւնը սկսաւ ճիշդ ժամը 10:00-ին, եկեղեցւոյ զանգակի ղօղանջներով, հովանաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազան հօր, ու մասնակցութեամբ Խորէն Ա. Աճէմեանի եւ Յովհ. քհնյ. Պօղոսեանի:

Սրբազան հայրը խօսեցաւ կարճ եւ իմաստալից քարոզ մը, հայ մատաղ սերունդին հայեցի լաւ դաստիարկութիւն տալու խիստ անհրաժեշտութեան մասին: Ապա, օրհնեց համայն ժողովուրդը, ու «Պահպանիչ»-ով փակեց արարողութիւնը: Ի պատիւ Սրբազանին այդ օրը փակ պահուեցաւ վարժարանը:

Արարողութիւններու լրումէն ետք, Սրբազան հայրը, քաղաքապետարանի կազմն ու ազգային մարմինները հիւրասիրուեցան տեսչարանին մէջ: Հոն եւս Սրբազան Առաջնորդը խօսեցաւ հայ կրթական գործի վերելքի մասին: Խօսք առաւ նաեւ վարժարանին տնօրէն` Անդրանիկ Ուրֆալեան: Շնորհակալութեան եւ երախտագիտական զգացումներով զեղուն իր խօսքը վերջացնելով, բաժակ առաջարկեց Սրբազան հօր կենացը: Ստեղծուեցաւ ազգային տաք մթնոլորտ մը, որ գովելի է մեծապէս քաջալերելի: Կատարուեցաւ ազգային գործ մը, որ ամէն գնահատանքէ վեր է:

Յ. Գ. ՊՈՒՐՍԱԼԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES