«Ազդակ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Նոր Մարաշի Հիմնադրութիւնը Եւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Կառուցումը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Պուրճ Համուտ 1920-ին

Պէյրութի արեւելեան կողմը, Պէյրութ գետէն անդին տարածուող Պուրճ Համուտ թթաստաններով եւ բանջարանոցներով ծածկուած էր: Այդ թթաստաններուն եւ բանջարանոցներուն մէջ քարաշէն, կղմինտրէ կտուրով մշակներու քանի մը տուներ կային, ուր քրիստոնեայ Ահուաճի, Թիան, Թրատ, Ապպուտ, Շիխանի եւ այլ ընտանիքներ կը բնակէին եւ լայն հողատարածքներ ունէին: Ահուաճիներուն կալուածը կ՛ընդգրկէր Պուրճ Համուտի կեդրոնական գօտին, իսկ բնակարանը կը գտնուէր ներկայ Արաքս փողոցին վրայ: Թթաստանները շիրամաբուծութեան աղբիւր էին: Լատին միաբանութիւնը վանք եւ ագարակ մը ունէր ներկայ Մեսրոպեան վարժարանին վայրը, ուր խոզեր եւ կովեր կը բուծանէին: Կար Համմուտի աշտարակը` Պուրճը, ներկայ Արագած թաղի մուտքին, նախկին Փիլիպոսեան դպրոցի կողքին, բլրակի մը վրայ. այդ աշտարակին անունով շրջանը կոչուած էր Պուրճ Համուտ:

Մասամբ մշակուած այս հողամասին արեւելեան սահմանը կը մօտենար Ժըտէյտէի, իսկ հարաւէն կը հասնէր մինչեւ Սին Էլ Ֆիլ: Տեղ-տեղ կային ճախճախուտներ եւ եղէգնուտներ, մանաւանդ` ներկայ Արագած թաղի շրջանը: Պէյրութ գետը ձմրան եւ գարնան ձիւնհալին կը վարարէր, կը վերածուէր հեղեղատի, բայց յետոյ կը նեղնար եւ մինչեւ ամառ կը ցամքէր: Իւչ Կէօզի (ներկայիս` Նապաա) ջուրը կամ գետակը, որմէ առու մըն ալ կը բաժնուէր, կ՛ոռոգէր Պուրճ Համուտի հողերը: Հիւսիսային կողմէն Պուրճ Համուտ կը հասնէր մինչեւ ծովեզերք, եւ կ՛ըսուի որ Համմուտի աշտարակին փարոսը կառուցուած էր նաւերուն ուղղութիւն տալու համար:

Պուրճ Պամուտի մէջ, ներկայ Վարդանանց եկեղեցւոյ մօտերը ընդարձակ դաշտ մը կար իբրեւ աղաւնիներ որսալու վայր: Մարդիկ հոն հաւաքուելով աղաւնի կը թռցնէին եւ թռած միջոցին զայն որսալու մրցում կը կազմակերպէին: Ասիկա տեսակ մը բախտախաղ էր եւ անվրէպ կրակողը ճշդուած գրաւը կը շահէր: Այս շրջանը ֆրանսացիներուն օրով կոչուեցաւ Թիր-օ-Փիժոն (թիր` կրակել, փիժոն` աղաւնի, այսինքն` աղաւնիներ որսալ կամ աղաւնիներուն վրայ կրակել) եւ յետոյ ճանչցուեցաւ Թիրօ անունով: 1924-1925-ին հոն կազմաւորուեցաւ Թիրօ քէմփը` իբրեւ շարունակութիւնը Քարանթինայի քէմփին, ուր կայք հաստատեցին գաղթական քսան-քսանինգ հայ ընտանիքներ: Պօղոս Նուպար փաշայի կատարած եօթը օսմանեան ոսկիի նուիրատուութեան շնորհիւ հոն փայտէ եւ թիթեղէ սենեակէ մը բաղկացած Նուպարեան վարժարանը բացուեցաւ եւ կողքին` փայտաշէն եկեղեցին: Հետագային, երբ Մար Մըխայէլի քէմփը հրոյ ճարակ դարձաւ, կարգ մը ընտանիքներ հոն կայք հաստատեցին:

1929-ի վերջաւորութեան կառավարութիւնը սկսաւ փլցնել մեծ քէմփին մէկ բաժինը, ուր կեդրոնացած էին մարաշցիները: Ստեղծուած կացութեան առջեւ մարաշցիք հողային յանձնախումբ մը կազմեցին, հողատարածք մը գնելու եւ հոն կայք հաստատելու համար: Յանձնախումբը Զմմառի միաբան հայր Պօղոս վարդապետ Արիսի օժանդակութեան դիմեց: Պօղոս վարդապետ, իբրեւ արաբագէտ, մեծապէս օգտակար հանդիսացաւ մարաշցիներուն, եւ առաջին հերթին կառավարութենէն վաւերացնել տուաւ յանձնախումբը: Հայր Պօղոս Արիսի աջակիցը եղաւ իրեն միաբանակից, բնիկ մարաշցի հայր Պօղոս վարդապետ Պզտիկեան, որուն ընտանիքը Պուրճ Համուտի մէջ, ներկայ Արաքս փողոցի մուտքին հողատարածք մը գնած եւ երկյարկանի բնակարան կառուցած էր:

Հողային յանձնախումբը 150 հազար քառակուսի մեթր տարածութեամբ հողամաս մը գնեց Պուրճ Համուտի մէջ, տասը հազար օսմանեան ոսկի արժողութեամբ, եւ 650 մասի բաժնելով, առանց շահի վաճառեց հայրենակից ընտանիքներուն: Գլխաւորաբար մարաշցի ընտանիքներուն հետ կային նաեւ ֆնտըճագցի, տերէքէոյցի, զէյթունցի եւ այլ գաւառներէ ընտանիքներ:

Մարաշցիք մեծով պզտիկով անմիջապէս գործի լծուեցան եւ մեծ եռանդով 1930-1931-ին գլուխ հանեցին Նոր Մարաշ թաղին շինութիւնը: Նոյն ատեն ներկայ Արագածի շրջանին հողը գնեցին գերեզմանատան համար:

Գլխաւորաբար միայարկ, մէկ-երկու սենեակէ բաղկացած բնակարաններ կառուցուեցան, պատուհանի փեղկի փոխարէն մոմլաթէ կամ քուրջէ վարագոյրներ օգտագործուեցան եւ տուներու փոքր բակերուն մէջ ջրհորներ փորուեցան: Ըմպելի ջուրի համար ջրամբար մը շինուեցաւ ներկայ Գարակէօզեան հիմնարկութեան մօտակայքը: Կ՛օգտագործէին նաեւ Նապաայի առուին ջուրերը: Կիներ թիթեղներով եւ դոյլերով մաքրութեան համար օգտագործելի ջուրը տուն կը փոխադրէին: Իսկ կարպետներ կամ գորգեր լուալու համար գետեզերք կ՛երթային: Լուսաւորութեան համար կ՛օգտագործէին մոմավառ ճրագներ, քարիւղի լապտերներ եւ լիւքսեր:

Պուրճ Համուտ 1930-ին

Տուներու կողքին, ոմանք նաեւ աշխատանոցներ կառուցեցին եւ փոքր խանութներ ու առեւտուրի կրպակներ բացին:

Հազիւ տուն-տեղ կառուցելու սկսած, մարաշցիք ձեռնարկեցին Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կառուցման, հոգեւոր հեղինակութեամբ Տէր Յակոբ աւագ քահանայ Արսլանեանի: Եկեղեցւոյ հիմնարկէքը կատարուեցաւ կիրակի, 22 մարտ 1931-ին, ձեռամբ կաթողիկոսական փոխանորդ Եղիշէ արքեպիսկոպոս Կարոյեանի: Չափազանց յուզիչ էր տեսարանը. կիներ եւ աղջիկներ իրենց մանր մունր ոսկեղէնները նետեցին հանգանակութեան պնակին մէջ, եւ մեծ ու պզտիկ, տղամարդ ու կին մասնակցեցան  շինարարական աշխատանքներուն:

Սուրբ Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հիմնօրհնէքի արարողութեան անդրադառնալով «Ազդակ» 26 մարտ 1931-ի թիւով կը գրէր.

«Մարտ 22 կիրակի, 1931, ժամը 4-ին կատարուեցաւ Նոր Մարաշի (Անդր Նահր) Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ հիմնօրհնէքը ձեռամբ Կաթ. փոխանորդ Գեր. Տ. Եղիշէ Արք. Կարոյեանի, ընկերակցութեամբ հինգ քահանայ հայրերու, ի ներկայութեան Նոր Մարաշի բնակիչներու խուռն բազմութեան: Խօսեցան պրն. Գէորգ Պիւքրիւեան եւ նախագահ սրբազանը եւ յետոյ հանգանակութեան սկսուեցաւ: Տեսարանը յուզիչ էր, կիներ մերկացան իրենց զարդեղէններէն: Հողի գնումով, տնակներու շինութեամբ եւ անգործութեան հետեւեանքով տնտեսապէս փճացած ժողովուրդ մը ամէն բանէ առաջ ուզեց կանգնած տեսնել իր միակ եկեղեցին, որ պիտի փոխարինէր իր հայրենի վեց փառաւոր եկեղեցիները: Առաջին բրիչի հարուածը նախագահ սրբազանը տալէ վերջ` ժողովուրդը իրարու ձեռքէ կը խլէր բրիչները, կիներ եւ օրիորդներ իրենց եղունգներով կ՛ուզէին փորել հողը: Գտնուեցան կիներ, որոնք այս հողէն ափերով միասին տարին իրենց պարտէզին մէջ դնելու համար: Հանգանակութեան մասնակցեցան 161 հոգի փոքրիկներով, որոնք իրարու կը նախանձէին եւ իրենց ծնողաց փէշերէն կը կախուէին մասնակցութեան համար դրամ պահանջելով: Արդիւնքը եղաւ 115 ոսկի, 12 մատանի, 11 զոյգ օղ, 1 զոյգ ապարանջան, 15 պարկ չիմենթօ, 300 օրական վարպետի եւ գործաւորի: Պրն. Կարապետ Միքայէլեան ստանձնեց հիմէն սկսեալ մինչեւ տանիք ամբողջ պեթոնի հիւսքի գործերը, իսկ պրն. Արամ Պոյաճեան, տանիքի կէսին հիւսնի գործերը, աշտանակներ, ծնծղայ, երկու արծաթ խաչ, սեղանի ծածկոյթներ եւ սկիհ մը: Գիշերը եղաւ հրավառութիւն: Սակայն այս հանգանակութեամբ գործը չի վերջանար, որովհետեւ շինուելիք եկեղեցին Պէյրութի ամենափառաւոր հայ եկեղեցին պիտի ըլլայ իր ընդարձակութեամբ ու շինութեամբ եւ պատիւ պիտի բերէ հայութեան: Հետեւեալ երկուշաբթի լրացաւ 28 սիւներու փոսերուն պեղումը: Հետեւաբար Պէյրութի ազգայիններուն պարտք կ՛իյնայ քաջալերել կրօնասէր մարաշցիներու այս խիստ ստիպողական ձեռնարկը առատ նուիրատուութիւններով: Եկեղեցիին աւարտումէն անմիջապէս վերջ պիտի սկսուի վարժարանի շինութեան` նոյն հողին վրայ, զոր մարաշցիներ իրենց գնած հողէն տրամադրած են իբրեւ ազգապատկան»:

Եկեղեցւոյ օծումը կատարեց Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոս, 15 նոյեմեր 1931-ին:

Եկեղեցւոյ ճակատին արձանագրուեցաւ.

Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին

«Կառուցաւ Քառասնից Մանկանց տաճարս արդեամբ եւ օրօք հայ բարերար ժողովրդեան ի Հայրապետութեան Տ. Տ. Սահակ Բ. Խապայեան եւ Նորին Աթոռակից Տ. Տ. Բաբգէն Ա. Կիւլէսէրեան կաթողիկոսաց եւ յառաջնորդութեան տեառն Եղիշեայ Արքեպս. Կարոյեանի, յամի Տեառն 1931 եւ ի թուականին Հայոց ՌՅՁԱ»:

Նոր Մարաշ թաղը չորս մասի բաժնուեցաւ. առաջին մասը կ՛ընդգրկէր ներկայ Արմենիա պողոտային երկու կողմը տարածուող գօտին, երկրորդ մասը` Սուրբ Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ շրջանը, երրորդ մասը` Տոնղուզլուքը, ուր խոզերու եւ կովերու ագարակ մը կար, եւ չորրորդ մասը` ներկայ Ճինիշեանի շրջանը եւ Մեսրոպեանէն անդին տարածուող գօտին:

Նոր Մարաշ արագօրէն շէնցաւ, կառուցուեցան նաեւ երկյարկանի քանի մը բնակարաններ, իսկ ֆնտըճագցի Հայրապետեան ընտանիքը եռայարկ բնակարան մը կառուցեց ներկայ Ալիշան կեդրոնին դիմացը: Մարաշցիներ Յովհաննէս Գազէզեանի (Հաննէս խոճա) եւ Նեւտոն Յովհաննէսեան ժողովրդային բաղնիքներ կառուցեցին: Նշենք, որ տուներուն մէջ լոգանքի յարմար բաղնիքներ չկային: Թիրազեաններն ալ քառայարկ բնակարան մը կառուցեցին Բաղնիքին ետեւի թաղը: Փողոցները հողածածկ էին, ձմեռը` ցեխոտ, ամառը` փոշեծածկ:

Հետագային կառուցուեցան նաեւ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եւ աւետարանական եկեղեցիները, դպրոցներ բացուեցան եւ նոր թաղամասեր կազմաւորուեցան: Պուրճ Համուտի մէջ ելեկտրական հոսանքը առաջին անգամ մուտք գործեց 1938-1940-ին, շնորհիւ Ոսկեան ընտանիքի նախաձեռնութեան:

*
*   *

«Ազդակ», որ 1930-էն լոյս կը տեսնէր իբրեւ երկօրեայ, 1 մարտ 1932-ին դարձաւ օրաթերթ: «Ազդակ» ազգային, քաղաքական, գրական եւ տնտեսագիտական օրաթերթին հատավաճառի գինն էր երկուքուկէս դահեկան. տարեկան բաժանորդագին Սուրիա` 550 դահեկան, վեցամսեայ` 300 դահեկան. արտասահման տարեկան 7 տոլար, վեցամսեայ` 4 տոլար: «Ազդակ» նաեւ ձեռնարկեց թերթօններու հրատարակութեան:

*
*   *

Մեծ Եղեռնէն ճողոպրած հայութեան համար նախախնամական դեր ունեցաւ Ամերիկեան Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցը: Անոր շնորհիւ հազարաւոր որբեր փրկուեցան ստոյգ մահէ, որբանոցներու մէջ պատսպարուեցան, սնունդ ստացան եւ հայեցի դաստիարակութիւն ստացան:

Պուրճ Համուտ 1932-ին

7 ապրիլ 1932-ի թիւով Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցին մասին «Ազդակ» կը գրէր.

«Սոյն մարդասիրական կազմակերպութիւնը 15 տարուան ընթացքին ծախսած է 118 միլիոն տոլար, որուն չորս հինգերորդը ձեռքէ հաւաքուած ողջ դրամ եւ մէկ հինգերորդը ապրանք: Խնամած ու պատսպարած է 130,000 կեանքեր, մեծ մասով մանուկներ: Գործունէութիւնը տարած է 11 տարբեր երկիրներու մէջ երեք ցամաքամասերու վրայ: Ուղղակի կամ անուղղակի կերպով անկէ ազատած են 1,500,000 անհատներ: 2500 ամերիկացի գործիչներ մասնակցած են աշխատանքներու, որոնցմէ 30 հոգի մեռած են Մերձ. Արեւելքի մէջ գործի դաշտին վրայ»:

Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի կազմաւորման անդրադառնալով յօդուածագիրը կը շարունակէ.

«Երբ հայկական ջարդերը կը սկսին Անատոլուի մէջ Թուրքիոյ պատերազմի մասնակցելու հետեւանքով, խումբ մը բարեսէր Ամերիկացիներ մարդասէր Գլիվլէնտ Տաճի գլխաւորութեամբ` միութիւն մը կը կազմեն, որ «Հայ Նպաստի Կոմիտէ» կը կոչուի նախ եւ յետոյ «Նիր Իսթ Րիլիֆ» կ՛անուանուի: Նախ կ՛որոշեն 100,000 տոլար միայն հաւաքել: Ժողովականներէն շատեր յոռետես կ՛ըլլան թէ այս գումարը կրնան հաւաքել: Սակայն յետոյ ասոր հազարապատիկէն աւելի կը հանգանակեն»:

Share this Article
CATEGORIES