Հայրենի Կեանք
Ցեղասպանութեան Նուիրուած Ներկայացում`
«Օփերացիա Նեմեսիս»
19 ապրիլին բեմադրիչ, դերասան Նարեկ Դուրեան հանդիսատեսին պիտի ներկայացնէ իր նոր, «Օփերացիա Նեմեսիս» թատերական ներկայացումը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին:
Բեմադրիչը պատմական այդ էջին մասին ներկայացում բեմադրելը կարեւոր կը նկատէ, քանի որ, ըստ անոր` այդ մասին քիչ կը խօսուի: «Որովհետեւ ես գտնում եմ, որ այսօր այդ հերոսական էջի մասին շատ քիչ է խօսւում: Մենք այդ էջերը իրաւունք չունենք մոռանալու եւ պէտք է ետ բերենք», կ՛ըսէ արուեստագէտը:
Խօսելով ներկայացման նիւթին մասին` բեմադրիչը նշեց, որ ան հիմնուած է երկու մօտեցումներու վրայ` Պերճ Զէյթունցեանի «Ոտքի դատարանն է գալիս» ներկայացման եւ ֆրանսացի երկու պատմաբաներու աշխատութիւններուն վրայ:
Ներկայացման մէջ կայ 11 դերասան, որոնցմէ հանրութեան աւելի քաջածանօթ են Աւօ Խալաթեանը եւ «Նիմ» արուեստանոցի դերասանները: Իւրաքանչիւր դերասան քանի մը դեր պիտի ունենայ եւ պիտի փորձէ յայտնուիլ տարբեր ժամանակներու մէջ:
Թէ որքա՞ն պիտի շարունակուի ներկայացումը` բեմադրիչը տակաւին չի գիտեր: Սակայն թատերագէտ Արա Խզմալեան այս առումով կը նշէ, թէ դիտելով ներկայացման վերջնական փորձը` վստահ է, որ ներկայացումը երկար ատեն պիտի բեմադրուի, քանի որ համահունչ է այսօրուան թատրոնի պահանջներուն: «Հայ թատրոնում այսօր ամենամեծ խնդիրը ժամանակի եւ ռիթմի զգացողութիւնն է: Շատ ներկայացումներում չկայ այդ ռիթմը», կը յայտնէ Խզմալեան ու կ՛աւելցնէ, թէ այդ առումով` Դուրեան բացառիկ է:
Ըստ Արա Խզմալեանի, շատ կարեւոր է նաեւ այն, որ Դուրեան չէ տարուած թեմայով, քանի որ «տարուելով թեմայով` յաճախ սպաննում ենք արուեստը»: Իսկ միւս առաւելութիւնը ան նկատեց ներկայացման կարճ տեւողութիւնը` մէկ ժամ եւ երեսուն վայրկեան:
Նարեկ Դուրեանի համաձայն կարճ տեւողութիւնը յատկապէս ճիշդ է ողբերգական թատերախաղին եւ յատկապէս` հայ հանդիսատեսին համար: Այնուամենայնիւ, կ՛աւելցնէ ան, որ Ցեղասպանութեան թեմայով ներկայացման ընթացքին հանդիսատեսը չի կրնար չյուզուիլ: «Որ ասեմ, չենք լացելու` ճիշդ չի: Որ ասեմ, կրծքին ենք խփելու եւ ասելու, որ բոլորին սպաննելու ենք` դա էլ ճիշդ չի», եզրափակեց Դուրեան:
Սփիւռքի Նախարարութիւնը
Հայութիւնը Եկեղեցւոյ Շուրջ Համախմբող
Ծրագիրներ Պիտի Կատարէ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը 2012 թուականին պիտի իրականացնէ հայ ժողովուրդը հայ առաքելական եկեղեցւոյ շուրջ համախմբելու նպատակ հետապնդող տարբեր ծրագիրներ:
11 ապրիլի նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ 21 քաղաքացիական ծառայողներու երդման արարողութեան ընթացքին վերոյիշեալ հաստատումը կատարեց նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Շուրջ երեք տարի նախարարութիւնը իր մարտահրաւէրը նկատած էր լուծել շարք մը կարեւոր խնդիրներ, որոնց կարգին` հայապահպանութեան, ցեղասպանութեան ճանաչման, ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման հարցեր: «Այսուհետ մենք պէտք է ունենանք մի նոր առաքելութիւն. այն է` մեր աշխատանքներով նպաստել հայ ժողովրդի եւ Հայ առաքելական եկեղեցու միջեւ կապի ամրապնդմանը», նշած է նախարարը:
Կոմիտաս վարդապետ Յովնանեան երդման արարողութենէն առաջ օրհնեց երդում տուողները, անոնց մաղթելով բարեխիղճ աշխատանք ծաւալել, ապա ցուցադրուեցաւ նախարարութեան կատարած աշխատանքներուն անդրադարձող շարժանկար:
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը Վերանորոգած
Է Երեւանի Նորքի Ծերանոցին Մէկ Բաժինը
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը վերջերս աւարտեց Երեւանի Նորքի ծերանոցի «Ա.» մասնաշէնքին 3-րդ եւ 4-րդ յարկերուն ամբողջական վերանորոգումը: Նորոգուած են նաեւ ելեկտրական, ջրամատակարարման եւ կոյուղիի համակարգերը: Ծրագիրը ֆինանսաւորուած էր հիմնադրամին Թորոնթոյի տեղական մարմինին կողմէ:
Նորքի ծերանոցը 1989-1990 թուականներու կառոյց է: Վերանորոգման աշխատանքները ուղղուած են հաստատութեան համընդհանուր արդիականացման: Ներկայիս ծերանոցին քառայարկ երկու մասնաշէնքերուն մէջ կը բնակին 65 տարեկանէ վեր 230 տարեցներ, որոնց 130-ը կին է: Ըստ ծերանոցի տնօրէն Արթուր Մելքոնեանին, վերջերս ամուսնացած են երկու զոյգեր, որոնց սենեակներ տրամադրուած են վերանորոգուած յարկաբաժիններէն:
Հաղորդենք, որ տարեցներուն համար կը կազմակերպուին զանազան ձեռնարկներ: 10 մարտին ծերանոցի 60 բնակիչ Ա. Բաբաջանեանի անուան համերգասրահին մէջ մասնակցած են Կարինէ Մկրտչեանի «Կանայք չեն ծերանար» գիրքին շնորհահանդէսին, որ եզրափակուած է համերգային ծրագիրով: Իսկ փետրուարին, ծերանոցի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ, կազմակերպուած է 78 տարեցներու աչքի անվճար ստուգում:
Յատկանշական է, որ նորոգուած յարկաբաժինները եւ տնօրէնութեան միջոցներով վերանորոգուած ճաշարանն ու ժամանցի սրահը յաւելեալ բարենպատ պայմաններ ստեղծած են տարեցներուն հանգստաւէտութեան համար:
Անտրէա Պոչելլի Ապրիլ 22-Ին
Աննախընթաց Ելոյթ Մը Պիտի Ունենայ
Ազատութեան Հրապարակին Վրայ
Օփերայի հռչակաւոր երգիչ-թենոր Անտրէա Պոչելլի ապրիլ 22-ին ելոյթ պիտի ունենայ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ: Երգահանդէսին ականաւոր թենորին պիտի նուագակցի Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումը, որ պիտի ղեկավարէ Մարչելլօ Ռոտան:
Նշենք, որ այս աննախընթաց երգահանդէսը պիտի իրականացուի հայկական գրատպութեան 500-ամեակին եւ Երեւանը գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք հռչակուելու տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ:
Ապրիլ 23-Ին Երեւանի Մէջ Բացումը Պիտի Կատարուի
Մշոյ Ճառընտիրի Արձանին
Երեւանը գիրքի մայրաքաղաք հռչակուելու եւ հայկական գրատպութեան 500-ամեակին առիթով, ապրիլ 23-ին, Մատենադարանին հարեւանութեամբ, բացումը պիտի կատարուի Մշոյ Ճառընտիրի արձանին:
Երեւանը գիրքի մայրաքաղաք պիտի հռչակուի ապրիլ 22-ին, երբ ներկայի գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաքի` Պուէնոս Այրէսի քաղաքապետը հանդիսաւոր կերպով պիտի յանձնէ «Բանալին» Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին եւ այդպիսով Երեւանը գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաքը կը դառնայ, որ պիտի տեւէ մէկ տարի: Այս առիթով տեղի պիտի ունենան բազմապիսի ձեռնարկներ, ցուցահանդէսներ, շնորհահանդէսներ, տօնավաճառներ, եւ Երեւան պիտի այցելեն զանազան երկիրներէ պատուիրակութիւններ:
Յայտնենք, որ Հայաստանի կառավարութիւնը ապրիլ 12-ի նիստին որոշած է իր պահուստային հիմնադրամէն Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան տրամադրել 300 միլիոն դրամ:
Առանձնացուած միջոցները իբրեւ նուիրաբերութիւն պիտի տրամադրուին «Գիրք» հիմնադրամին` «Հայկական գրատպութեան 500-ամեակին» եւ «Երեւանը` 2012 թուականին գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք» ծրագիրներու շրջանակներուն մէջ համաքաղաքային ձեռնարկներու կազմակերպման համար: Մասնաւորաբար միջոցները պիտի ծախսուին բացման պաշտօնական հանդիսութեան եւ տօնական համերգի կազմակերպման համար:
Այս Տարի «Ազգային Գրադարանային Շաբաթ»-ը
Պիտի Նուիրուի Հայկական Գրատպութեան
500-Ամեակին
Այս տարի «Ազգային գրադարանային շաբաթ»-ը պիտի նուիրուի հայկական գրատպութեան 500-ամեակին եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ «Երեւանը` 2012 թուականին գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք» հռչակուելուն առիթով:
Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն տեղեկացուցին, որ Ազգային գրադարանային շաբթուան նպատակն է` գիրքի, գիտելիքի եւ ընթերցանութեան դերակատարութեան վերաիմաստաւորումը, գրագէտ եւ տեղեկացուած հասարակութեան ձեւաւորումը` ի շահ մտաւոր արժէքներու պահպանման: Ազգային գրադարանային շաբթուան շրջանակներուն մէջ նախատեսուած են հանդիպումներ` գիտութեան, մշակոյթի եւ գրականութեան նշանաւոր դէմքերու հետ: Պիտի կազմակերպուին ցուցահանդէսներ, գիրքի շնորհահանդէսներ, գրադարանային բազմապիսի ձեռնարկներ, որոնց պիտի միանան մարզային գրադարանները:
Յայտնենք, որ ապրիլ 16-ին Հայաստանի ազգային գրադարանին, մայրաքաղաքի, մարզային եւ համայնքային գրադարաններու մէջ տեղի ունեցան Ազգային գրադարանային շաբթուան բացումը: Ապրիլ 17-ը յայտարարուած էր հայկական գրատպութեան 500-ամեակին նուիրուած օր, այս առիթով բոլոր գրադարաններուն մէջ տեղի ունեցան ձեռնարկներ` նուիրուած այդ յոբելեանին:
Ապրիլ 18-ը յոբելենական ձեռնարկներու օր հռչակուած է եւ պիտի նշուի Մեսրոպ Մաշտոցի 1650, Անանիա Շիրակացիի 1400, Սայաթ Նովայի 300, Յովսէփ Օրբէլիի 125 եւ հայ մշակոյթի երախտաւորներու յոբելեանները: Ապրիլ 19-ին պիտի կայանայ հայ գրատպութեան 500-ամեակին նուիրուած դպրոցականներու ստեղծագործական շարադրութիւններու մրցում, իսկ ապրիլ 20-ի ձեռնարկները պիտի նուիրուին մայրաքաղաք Երեւանին:
Յիշեցնենք, որ Ազգային գրադարանային շաբաթը սկսաւ ապրիլ 16-ին եւ պիտի աւարտի ապրիլ 23-ին:
«Վիվասել–Էմ. Թի. Էս.»-ը Պիտի Մասնակցի
«Ipv6 Արձանագրութեան Միջազգային Օր»
Խորագիրով Նախաձեռնութեան
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութենէն տեղեկացուցին, որ յունիս 6-ին նախատեսուած է մասնակցիլ «IPV6 արձանագրութեան միջազգային օր» նախաձեռնութեան:
Համացանցի ծառայութիւններու առաջատար մատակարարները, ցանցային սարքաւորումներ արտադրողները եւ ցանցային ընկերութիւնները հանդէս եկած են նախաձեռնութեամբ մը, ըստ որուն, մինչեւ 6 յունիս 2012 իրենց արտադրանքին եւ ծառայութիւններուն համար պէտք է սկսին օգտագործել «IPV6 համացանց» արձանագրութիւնը: «Վիվասել-Էմ.Թի. Էս.»-ը եւս որոշած է մասնակցիլ «IPV6 համացանց» արձանագրութեան, որ համացանցի պատմութեան մէջ ամէնէն արագ սերնդափոխութիւնը պիտի դառնայ:
Համացանցի հանրութեան կողմէ կազմակերպուած IPV6 համացանց արձանագրութեան գործարկման միջազգային օրը նոր սերունդի համացանց արձանագրութեան համաշխարհային ծաւալով անցման կարեւոր քայլ է: IPV6-ը` ներկայիս գործող IPV4-ին յաջորդող համացանց արձանագրութիւնը, առանցքային նշանակութիւն պիտի ունենայ համացանցի զարգացման ոլորտին մէջ:
1981-էն գործող IPV4 արձանագրութեան հասցէները արդէն գրեթէ սպառած են: Համացանցի արագ աճին զուգընթաց, ի յայտ եկած է նոր IPV6, համացանց արձանագրութեան ստեղծման անհրաժեշտութիւնը, որ կ՛ընձեռէ աւելի շատ IP հասցէներ տրամադրելու եւ, հետեւաբար, համացանցին աւելի շատ թիւով սարքեր միացնելու կարելիութիւն:
Ի տարբերութիւն IPV4-ի` IPV6-ի կարեւորագոյն առանձնայատկութիւններէն է հասցէներու առաւել ընդլայնուած տարածքը: Մասնաւորապէս IPV4 համացանց արձանագրութիւնը կ՛օգտագործէ հասցէներու 32 պայթ-ով ձեւաչափ կամ այլ կերպ ըսած` կ՛ապահովէ աւելի քան 4 միլիառ եզակի IP հասցէ, իսկ 1995-էն ի վեր IP4 արձանագրութեան զուգահեռ գործող IPV6 արձանագրութիւնը կ՛օգտագործէ հասցէներու 128 պայթ-ով ձեւաչափ եւ համապատասխանաբար կ՛ապահովէ 340 թրիլիոն եզակի հասցէ:
IPV6-ի ներդրման անհրաժեշտութիւնը պայմանաւորուած էր աւելի մեծ թիւով անհատական IP հասցէներ ապահովելու անհրաժեշտութեամբ` նկատի առնելով համացանցին միացման համար օգտագործուող սարքերուն` անհատական համակարգիչներուն, բջիջային հեռախօսներուն եւ բազմապիսի այլ սարքերու օրէ օր աճող թիւը:
Բջիջային հաղորդակցութեան շուկային մէջ առաջատարի ղեկը ստանձնած «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը տուեալներու փոխանակման ծաւալներու շարունակական աճ կ՛արձանագրէ եւ մեծ կարեւորութիւն կու տայ IPV6 համացանց արձանագրութեան ներդրման:
IPV6-ը հասանելի պիտի դառնայ ինքնաբերաբար, IPV4-ին զուգահեռ: Յիշեցնենք որ «Վիվասել-Էմ.Թի. Էս.»-ի պաշտօնական կայքէջը` www.vivacell.am-ը կ՛աշխատի թէ՛ IPV4 եւ թէ՛ IPV6 համացանց արձանագրութիւններով:
Գրողներու Համահայկական 6-րդ Համաժողովին
Պիտի Մասնակցի 20 Երկրէ 60 Գրող
Ապրիլ 20-ին Հայաստանի գրողներու միութեան կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ Գրողներու համահայկական 6-րդ համաժողովը: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան: Ան շեշտած է, որ այս համաժողովը աննախադէպ է իր աշխարհագրութեամբ: 6-րդ համաժողովին պիտի մասնակցի 20 երկրէ 60 գրող: Նախնական տուեալներով, համաժողովին պէտք էր մասնակցէր միայն 40 գրող: Լ. Անանեան յայտնած է, որ սփիւռքահայ գրողները արդէն իսկ կարելիութիւնը ունին անդամակցելու Հայաստանի գրողներու միութեան, եւ արդէն ստեղծուած է գրական ընդհանուր դաշտ եւ վերցուած է արհեստական ջրբաժանը:
Հաղորդենք, որ համաժողովին բացման հանդիսութեան ընթացքին սփիւռքահայ գրողներու պիտի յանձնուին Գրողներու միութեան անդամատոմսեր:
Աննա Առաքելեան Ընտրուեցաւ 2012-Ին
«Միս Հայաստան»
Երեքշաբթի 10 ապրիլին Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ակադեմական թատրոնին մէջ կայացաւ «Միս Հայաստան-2012» մրցումը, որուն առաջին դիրքը գրաւեց «Միս Հայաստան» հռչակուեցաւ Երեւանը ներկայացնող Աննա Առաքելեանը: Կը նախատեսուի, որ ան Հայաստանը ներկայացնէ «Միս Ուորլտ- 2012» մրցումին, որուն Հայաստանը պիտի մասնակցի առաջին անգամ ըլլալով:
«Միս Հայաստան-2012»-ին մասնակցած էին 18-24 տարեկան 17 մասնակիցներ: «Միս Հայաստան-2012» մրցումին երկրորդ դիրքը գրաւած է Աբովեանը ներկայացնող 18-ամեայ Քաթերենա Աբրահամեանը, իսկ երրորդ դիրքը` Երեւանը ներկայացնող 12-ամեայ Անիթա Գաբրիէլեանը:
Հինգ տարիէ ի վեր Հայաստանի մէջ «Միս Հայաստան» մրցումը չէր իրականացուած: Վերջին անգամ կազմակերպուած էր 2007-ին, եւ Հայաստանի գեղեցկուհին հռչակուած էր Մարգարիտա Սարուխանեանը:
Ցարդ իրականացած է «Միս Հայաստան»-ի ինը մրցում, իսկ առաջին անգամ իրականացած է 1996-ին, որուն ընթացքին «Միս Հայաստան» տիտղոսին արժանացած է Կարինէ Խաչատրեանը:
Նշենք, որ «Միս Հայաստան» մրցումին ներկայացուցիչները մասնակցած են կարգ մը միջազգային մրցումներու, ինչպէս «Միս Եւրոպա», «Միս Ասիա», «Միս Անդրկովկաս» եւ «Միս Անկախ», պետութիւններու հասարակապետութիւն»:
Պատրաստեց՝
ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

