«Երազանք Չկայ», Կամ` Հայկական Փրիքէրիըթը

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Հակառակ Եւրոպայէն մինչեւ Հիւսիսային Ամերիկա տնտեսական յարաբերաբար դրական վերջին լուրերուն` անգործութեան տոկոսի նուազում Միացեալ Նահանգներու մէջ, Յունաստանի սնանկացման վտանգի հեռացում, ընկերային բեւեռացման եւ անարդարութեան ուրուականները կարծես եկած են մնալու: Թէ նոր ազատական համաշխարհայնացումը պիտի յանգէր այս իրավիճակին` այդ մասին ադէն շատոնց գրուած էր: Աւելի՛ն. հարաւամերիկեան ամենազարգացած տնտեսութիւններու փլուզումը քսանմէկերորդ դարու շեմին, ընկերային լայնածաւալ պայթումներն ու անոնց յաջորդած տարածաշրջանի քաղաքական իրավիճակի ու հասարակարգի, երբեմն արմատական երբեմն չափաւոր բայց եւ այնուամենայնիւ` հաստատաքայլ, հեռացումը միջազգային ֆինանսական հաստատութիւններու պատրաստած տնտեսական «դեղատոմսերէն» դէպի տնտեսական քաղաքականութեան մէջ ազգային պետութեան գերիշխան դերի վերահաստատում եւ շրջանային համարկամ գործընթացի խորացում, եկաւ ի լուր աշխարհի փաստելու որ ազատ շուկայական համակարգէն յետոյ կեանք կայ:

Բայց նոր ազատականութեան քուրմերը, գերագահ իշխանութեան ձգտող համակարգի օրգանական մտաւորականները, քսանմէկերորդ դարու դրամատիրութեան համաշխարհային դասակարգի շահագործման ինքնակոչ օրինականութեան վերահսկիչները, բոլոր անոնք որոնք կամ մասնակից դարձած էին անցեալ դարու եօթանասունական թուականներուն ծնունդ առնող այս համակարգի գաղափարախօսական թէ իրողական կառուցման, կամ ալ, արդէն յաջորդ տասնամեակներուն, Միլթըն Ֆրիտմաններու եւ Ֆրիտրիխ Հայէքներու երկրպագուներու վերածուած էին, նէօլիպերալիզմի ամէն քննադատութիւն պարզապէս անլուրջ, ոչգիտական կը համարէին: Իսկ հարաւամերիկեան երկիրներու «Թեքում դէպի Ձախ» երեւոյթը նկատեցին հին բայց միշտ նորոգուող ժողովրդայնութիւն: Նոյնիսկ 2008-ի ֆինանսական ճգնաժամէն որպէս անոր փրկութեան յոյս ծնունդ առած Պարաք Օպաման ի վերջոյ նախընտրեց դրամատնային համակարգը փրկել եւ անտեսել մինչեւ ընթացիկ տարուայ առաջին ամիսներուն 9,7 տոկոսի սահամաններուն անգործութիւնն ու անոր ընկերային խոր անդրադարձները: Տարբեր չվարուեցան Պրիւքսէլի թեքնոքրաթները, որոնք եւրոյի մերքելսարքոզեան աւատապետութեան խստապահանջութեան մտրակը ճօճեցին ծայրամասային երկիրներուն` Փորթուգալ, Իրլանտա, Յունաստան եւ Սպանիա, երբ այս երկիրները, որոնց անգլերէն անուններու սկզբնատարրերով օրին շրջագայելու սկսաւ արհամարհական եթէ ոչ պարզապէս վարկաբեկիչ ՓԻԿԶ (խոզեր) հեգնական արտայայտութիւնը, ֆինանսական ճգնաժամի եզրին հասան: Այդ մտրակը այսօր անխնայ կը հարուածէ Յունաստանն ու արդէն կը սպառնայ Սպանիոյ:

Կը մնայ որ 2011ը եղաւ համաշխարհային ընկերային պոռթկումներու տարին: Եթէ Արժանթինի տնտեսական փլուզումը 2001-ին զանգուածային զօրաշարժի օրինակ հանդիսացած էր եւ ազդանշանը տուած հարաւամերիկեան մասշտապով   համակարգային փոփոխութեան բայց եւ այնպէս օրին «ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ»ով կլանուած զարգացած աշխարհը անտեսած էր իրողութիւնը, ապա եւ պատճառը թերեւս աշխարհագրական հեռաւորութիւնն է: Բայց Թունուզէն եւ Եգիպտոսէն ծայր առաջ ընկերային պոռթկումները, որոնք Եւրոպա հասան նախքան այսպէս կոչուած «Արաբական Գարնան» աղաւաղումը Լիպիայէն մինչեւ Եմէն, Պահրէյն եւ մանաւանդ Սուրիա տարածուած միջաշիրէթական եւ միջհամայնքային վայրագութիւններով, սկիզբ դրին երեւոյթի մը որ շատ հաւանաբար իր շարունակականութիւնը ունենայ եկող տարիներուն: Խօսքը կը վերաբերի Սպանիոյ մէջ ծնունդ առած Մ15 (Մարտ 15ի հետեւումով)  Ինտիկնատոս  շարժումին, Անգլիոյ մէջ ուսանողական զօրաշարժին, Յունաստանի մէջ զանգուածային բողոքներուն, եւ, «լասթ պաթ նաթ լիսթ», Միացեալ Նահանգներուն մէջ ծայր առած հասարակական տարածութիւններու «Գրաւման»` Օքքուփայ նախաձեռնութեան:

Ճիշդ է որ այս շարժումները կրնան շատ աւելի թատերական թուիլ, երիտասարդական խանդավառութեան արտայայտութիւն ըլլալ, քաղաքական ռէալ ազդեցութիւն չունենալ: Բայց եւ այնպէս անոնց տարրերային բնոյթը կրնայ վերաճիլ համաշխարհային մասշտապով համակարգային արմատական բարեկարգումներու շարունակական պահանջատիրութեան: Քսանմէկերորդ դարու ընկերային բողոքը ունի արդէն իր տեսաբանները, ունի իր բարոյականութիւնը, ունի իր ռազմավարութիւնը, բայց տեսութիւններն ու գաղափարները չեն այն հիմնապատճառը որ սոցիալական բողոքի շարունակակման մասին կը յուշէ: Այդ հիմնապատճառը նիւթական է եւ կը վերաբերի համաշխարհային ծաւալով հարստութեան այնքան անարդար վերաբաշխման որ ընկերային բեւեռացումը անտանելի կը դարձնէ: Ընկերային բեւեռացումը, աղքատութեան երեւոյթի մնայուն բնոյթի համոզումը, արդէն ձեւաւորելու սկսած են դասակարգային հակադրութեան գիտակցում մը նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ, ինչպէս հարցախոյզերու մասնագիտական Փիու Սենթըրի յունուարեան մէկ ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ: Ըստ այդ ուսումնասիրութեան, Միացեալ Նահանգներու հասարակութեան մէկ երրորդը արդէն կը հաւատայ որ հարուստի եւ աղքատի տագնապ կայ երկրին մէջ: «Աղքատ» ըլլալը նոր իմաստաւորում ստանալու սկսած է աշխարհի ամենահզօր տնտեսութեան մէջ: Եթէ աղքատութիւնը միայն առընչակից ըլլայ եկամուտին, ապա եւ ամերիկեան հասարակութեան 15 տոկոսը միայն  46 միլիոն հոգի միայն «աղքատ» կը համարուի: Բայց, ըստ Ուաշինկթընի մէջ գործող «Քորփորէյշըն ֆոր էնթըրփրայզ տիվըլոփմընթ» ոչ կառավարական կազմակերպութեան մէկ ուսումնասիրութեան, Միացեալ Նահանգներու բնակչութեան 43 տոկոսը` 127,5 միլլիոն հոգի, հազիւ կրնայ վերապրիլ իր աշխատավարձով, եւ եթէ արտակարգ իրավիճակի մէջ յայտնուի, ըսենք` առողջական պատճառներով, երեք ամիսէն միայն այն կրնայ աղքատութեան մակարդակին իյնալ: Հասարակութեան այս կարեւոր հատուածը այսօր կը նկատուի «աշխատող աղքատ»` ուօրքինկ փուր: Ֆրանսայի մէջ զանոնք կը կոչեն «նոր աղքատներ», բայց նոյն իրավիճակն է: Թոշակառու, ուսանող, առանձին մայր թէ օրուան ընթացքին երկու գործ ընելու ստիպուած աշխատաւոր, ինչպէս` «Ֆրանս  24» պատկերասփիւռի կայանին մէկ վաւերագրական ժապաւէնը անցեալ փետրուարին ցոյց կու տար, հազիւ իրենց գոյութիւնը կը պահեն ամսական նուազագոյն եկամուտով, ստիպուած են դիմելու բարեգործական կեդրոններ, եւ եթէ պատահի, որ ըսենք հոսանքի վարձքը յիսուն եւրոյով աւելնայ, ամբողջ աշխարհ մը կը փլի եւ իրենց արդէն զրկուածի կեանքը յաւելեալ զրկանքներու ցնցումը կ՛ապրի: Քսանմէկերորդ դարու համաշխարհային հասարակարգի այս մետալին միւս երեսը Օքքուփայ շարժման բանաձեւած «մէկ տոկոս» հասկացողութիւնն է, որուն ամէնէն խօսուն օրինակը Միացեալ Նահանգներու քսանմէկ Սի. Ի. Օ.ներն են (ընկերութիւններու ընդհանուր գործադիր տնօրէններ.- Ա.) որոնց 2011ի տարեկան եկամուտը միասին կազմած է չորս միլիառ տոլար:

Պաթհ համալսարանի դասախօս Կայ Սթանտինկ ուսումնասիրելով այս երեւոյթը` զայն բանաձեւած է որպէս «Փրիքերիըթ», «նոր վտանգաւոր դասակարգը», որ, ինչպէս 2011ին հրատարակուած իր համանուն գրքին մէջ կը բացատրէ, նորազատական համաշխարհայնացման ծնունդ է, արդիւնք` աշխատանքային պայմաններու ճկունացման, ինչ որ ազգային հաւաքականութիւններու մէջ դասակարգային դասական շերտաւորումները խախտած է եւ առիթ տուած` նոր երեւոյթներու յառաջացման: Սթանտինկ ներշնչուած է 1980-ականներուն ֆրանսացի հասարակագէտներու կողմէ առաջին անգամ օգտագործուած այդ յղացքէն, որ, օրին, ժամանակաւոր կամ եղանակային աշխատաւորներու կացութեան համար մտածուած է: Աշխատանքի երաշխիքի բացակայութիւնը կարեւոր մնալով հանդերձ, Սթանտինկի համար Փրիքերիըթ»ը աւելի լայն իմաստաւորում ստացած է համաշխարհայնացման պատճառով փոխուած ընկերատնտեսական պայմաններուն մէջ: Աշխատանքի երաշխիքի բացակայութեան չափ կարեւոր է, օրինակի համար, ընկերային երաշխիքներու բացակայութիւնը կամ եկամուտի մակարդակը, որոնք, ինչպէս Սթանտինկ կը բացատրէ, ենթակային աշխատանքային ինքնութենէ իսկ կը զրկեն, կը բացառեն որեւէ մասնագիտութեան մը հետ առնչակից ամէն հասարակական յիշողութիւն կամ համայնքի մը պատկանելիութեան զգացում: «Ապագայի շուք չկայ իրենց աշխատանքին վրայ, որպէսզի իրենց տայ այն

իմաստը, որ այն, ինչ որ այսօր կ՛ըսեն, կ՛ընեն կամ կը զգան, զօրաւոր կամ տեւողական անդրադարձ պիտի ունենայ իրենց աւելի երկարաժամկէտ յարաբերութիւններուն վրայ: «Փրիքերիըթ»ը գիտէ, որ ապագայի շուք չկայ, այնպէս ինչպէս` ապագայ չունի այն, ինչ կ՛ընէ»:

Առանց աւելի խորանալու Սթանտինկի տեսութեան մէջ` դժուար չէ անոր արտացոլացումը տեսնել Հայաստանի հասարակութեան մէջ: Փետրուար 9-ին, մինչ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան կը յայտարարէր, թէ Հայաստանի մէջ «պիզնես»-ի մթնոլորտը բարելաւուած է, «Երկիր Մետիան» պատկերասփռեց վաւերագրական ժապաւէն մը Դաստակերտ գիւղի իրավիճակին մասին` լուսարձակի տակ առնելով երեք զաւակներու հայր Ռուդոլֆ Դալլաքեանի ընկերատնտեսական իրավիճակը: Դալլաքեան եւ իր կինը երկրագործութեան եղանակին կ՛աշխատին այն, ինչ որ հողատէրերը իրենցմէ կը պահանջեն ընել եւ օրական երեքէն չորս հազար դրամ կը շահին: Այդ եկամուտը, սակայն, յատուկ է միայն գարնան, ամրան եւ աշնան սկիզբի եղանակներուն: Տարուան մնացեալ օրերը, իմա՛` ձմեռ, Դալլաքեանները պէտք է գոյատեւեն կառավարութեան կողմէ իրենց յատկացուող 51 հազար դրամի նպաստով: Միսը տարեկան երեքչորս անգամ կ՛ուտենք,- կ՛ըսէ ան-: Նպարավաճառին մօտ ատիկա, բայց հասանելի չէ»: Դալլաքեաններուն մեծ դուստրը, արդէն պարմանուհի, կ՛ուզէ մանկավարժութիւն ուսանիլ` ուսուցչուհի ըլլալու համար, բայց արդէն համակերպած է նման ծրագրէ մը հրաժարելու գաղափարին հետ: Երազն է Երեւան երթալ, որովհետեւ, կ՛ըսէ, դատարկուած գիւղին մէջ ընելիք չկայ, ա՛լ ուր մնաց` ապագայ… Վաւերագրական այդ կարճ ժապաւէնը կ՛աւարտի ապագայի ամէն յոյս կտրած Ռուդոլֆ Դալլաքեանի հաստատումով. «Երազանք չկայ», եւ իր այս պարզ բառերուն մէջ երեւան կ՛ելլէ հայկական «Փրիքերիըթ»-ի դաժան իրականութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES