Եթէ Թուվալու Ճանչնայ Ղարաբաղի Անկախութիւնը… «Թուրքիա Ետ Պիտի Ուզէ՞ Ֆութպոլի Գնդակները»
Թուրքիոյ մէջ քանի՞ հոգի լսած է Թուվալու անուն պետութեան մը անունը, կղզիներու փոքրիկ, շատ փոքրիկ պետութիւն մը, որ կը գտնուի Խաղաղական ովկիանոսին մէջ, Աւստրալիայէ քիչ մը հեռու: Վատիկանի կամ Մոնաքոյի նման, աշխարհի քանի մը շատ փոքրիկ պետութիւններէն մէկն է Թուվալու, որուն անունը, սակայն շաբաթ օր թուրք հանրային կարծիքին համար բարձր հնչեց Լեռնային Ղարաբաղի հետ կապուած լուրի մը կապակցութեամբ: «Հիւրրիյէթ»-ն էր, որ հաղորդեց, թէ Թուվալուն հաւանաբար պիտի դառնար առաջին պետութիւնը, որ Լեռնային Ղարաբաղը պիտի ճանչնար որպէս անկախ պետութիւն: «Հիւրրիյէթ» մասնաւոր ընդգծումով դիտել կու տար, որ այս երկիրը դրամի փոխարէն` պիտի ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղը: Կը պնդուէր, որ Հայաստան պատրաստ էր մեծկակ գումար մը վճարելու Թուվալուին, որպէսզի աշխարհի վրայ պետութիւն մը ճանչցած ըլլար Լեռնային Ղարաբաղը: Անշուշտ լրատուութեան մէջ «դրամի փոխարէն ճանչնալ»-ու ընդգծում կը նսեմացնէր ճանաչումին արժէքը, բայց քաղաքական կեանքի մէջ ո՞ր երկիրն է, որ ընդհանրապէս դրամական միջոցներու կամ նուէրներու չի դիմեր ուրիշ երկրէ մը իրեն ի նպաստ բան մը կորզելու համար:
«Հիւրրիյէթ»-ի այս լրատուութենէ ետք «Ռատիքալ»-ի մէջ Տենկիզ Զէյրեք ստորագրած էր «Թուվալու, մեր գնդակները ե՛տ տուր» վերնագիրով յօդուած մը, ուր հեղինակը, արձագանգ ըլլալէ ետք դրամի փոխարէն Ղարաբաղը ճանչնալու Թուվալուի պատրաստակամութեան, կը յիշեցնէր, որ անցեալ տարի Թուրքիան ալ ֆութպոլի գնդակներ, թերեւս նաեւ այլ նուէրներ ղրկած էր Թուվալու, որպէսզի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի առժամեայ անդամակցութեան համար դրական քուէ ստանար նաեւ Թուվալուէն: Թուվալու կ՛անդամակցի ՄԱԿ-ին եւ որպէսզի անոր դրական քուէն ստացուէր, Ահմեթ Տաւութօղլու Թուվալուի վարչապետին հարցուցած էր, թէ` «ի՞նչ բաներու պէտք ունիք»: Թուվալուի իշխանութիւններն ալ իրենց պէտք ունեցածներուն մասին ցանկ մը ղրկած էին: Ցանկին մէջ կային շինութիւններ եւ այլ բաներ, բայց ասոնց կողքին կար նաեւ անակնկալ բան մը: Թուվալուի իշխանութիւնները ֆութպոլի գնդակ կ՛ուզէին, որովհետեւ Աւստրալիայէն ղրկուած ռակպիի գնդակներով սովորական ֆութպոլ չէին կրնար խաղալ: Այն ատեն Թուրքիա կոկիկ քանակութեամբ ֆութպոլի գնդակ ղրկեց Թուվալու եւ չմոռցաւ անոնց հետ միասին ղրկել նաեւ օդ լեցնելու փքոցներ, քանի որ գնդակներ ղրկուած էին առանց օդի: Անկէ ետք Թուրքիա կրցաւ ստանալ Թուվալուի քուէն ալ:
Տենիզ Զէյրեք, յիշեցնելով այս պատահարը, հարց կու տայ, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները հիմա Թուվալուէն ետք պիտի ուզե՞ն արդեօք ֆութպոլի գնդակները, եթէ Թուվալու դրամի փոխարէն ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը:
Այս լուրը կարդալէ ետք կը տարուինք մտածելու: Եթէ Թուվալու ֆութպոլի գնդակի եւ այլ նուէրներու փոխարէն Թուրքիոյ ի նպաստ քուէ գործածեր է, բնականաբար դրամի փոխարէն ալ կը ճանչնայ Ղարաբաղի անկախութիւնը: Պէտք ունի՞նք զարմանալու քաղաքական այսպիսի խաղերու դիմաց:
Թուրքիա Ի՞նչ Նուէրներ Բաշխեց Զանազաններու
Հետաքրքրական է, որ Թուվալու ուրիշներու ալ նիւթ դարձած էր որպէս երկիր մը, որ իր շահուն համար ամէն ինչ ընելու պատրաստ է: «Հիւրրիյէթ»-ի, սիւնակագիրներէն Եըլմազ Էօզտիլն ալ կանգ առած է այս նիւթին վրայ եւ ան առիթը յարմար նկատելով` կը պատմէ, թէ Թուրքիա ի՜նչ ինչ փոքրիկ երկիրներու ինչպիսի՛ նուէրներ բաշխած էր, որպէսզի անոնք Թուրքիոյ ի նպաստ քուէ գործածեն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամակցութեան մրցումին ընթացքին: Թուրքիա լուրջ մցրակիցներ ունէր իր դիմաց: Ասիկա ցոյց կու տայ, թէ նուէրը ի՜նչ կարեւոր դեր կը խաղայ յարաբերութիւններու մէջ:
Թուրքիա այդ շրջանին մօտեցաւ այնպիսի երիրներու, որոնց քարտէսի վրայ տեղն իսկ յայտնի չէ մեզի: Դեղորայք նուիրուեցաւ Կամպիա, Եթովպիա, Սուտան, Անկոլա, Քոմորեան կղզիներ: Զիմպապուէի մէջ շուկայի հրապարակ կառուցուեցաւ: Մաւրիտանիոյ մէջ ախոռներ հիմնուեցան: Նիկերիոյ մէջ ըմպելի ջուրի սարքեր շինուեցան: Եթովպիոյ մէջ ջրհորներ փորուեցան: Ղանա ղրկուեցաւ գրենական պիտոյք: Սուտանի
մէջ անապատի հիւանդանոց բացուեցաւ: Մոզամպիքի ու Մաւրիտանիոյ անասնաբուծութեան օժանդակութիւն կատարուեցաւ, Կամպիոյ մէջ ձուլարան մը շինուեցաւ, Էրիթրէի, Թոկոյի, Լեսոթոյի եւ Ուկանտայի մէջ արհեստի դասաւանդութիւններ հաստատուեցան, Կինէի մէջ ոստիկաններ մարզուեցան Թուրքիոյ կողմէ, Մալի ղրկուեցան պատուաստի սարքեր, մարդասիրական օժանդակութիւններ կատարուեցան Թանզանիոյ ու Չատի, Քոնկոյի մէջ ալ դպրոց կառուցուեցաւ: Լիպերիոյ մէջ Թուրքիա հիմնեց Սիէրա Լէոնէ կոյուղիներու սարքերը:
Փալաու կոչուած երկրին ալ նուիրուեցաւ կարեւոր անձերու յատուկ հանրաշարժ մը: Անթիկուայա ղրկուեցան համակարգիչներ, Թուրքիա հրաւիրուեցաւ Սենթ Վինսենի վարչապետը, երկիր մը, որուն բնակչութիւնը հազիւ 19 հազար է: Այդ վարչապետը յատուկ հանդիսութիւններով դիմաւորուեցաւ վարչապետ Էրտողանին կողմէ, նուէրներ յանձնուեցան անոր: «Աթա» օդանաւն ալ դրուեցաւ անոր տրամադրութեան տակ, որպէսզի Զմիւռնիա երթայ ու պտտի: Եւ այսպէս է, որ այժմ հայերու հետաքրքրութեան արժանացած Թուվալուին ալ ղրկուեցաւ գնդակ ու փքոց: Արդիւնքն այն եղաւ, որ Թուրքիա յաղթեց իր մրցակիցներուն ու ընտրուեցաւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի առժամեայ անդամ:
«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

