Ի՞նչ Կը Մտածէ Միւս Թուրքը. Ծանօթացումս Հայկական Սփիւռքին Հետ
Մենք Թուրքիոյ մէջ տեղեակ չէինք անոնց գոյութենէն, սակայն անոնք օրն ի բուն մեր մասին կը խօսէին: Երբեմն դրուագ մը, նախադասութիւն մը եւ կամ արտայայտութիւն մը բոլորովին նոր տեսադաշտ մը կամ հասկացողութիւն մը կը բանայ ձեր առջեւ, զոր մեծածաւալ հատորներ անկարող կ՛ըլլան տալու: Ձեր «ահաւասիկ» ըսած րոպէներն են անոնք: Ես կը հաւատամ, որ հայկական հարցին շուրջ որոշ չափով գիտելիքներս տարիներու ընթացքին կուտակուած են այսպիսի «ահաւասիկ»-ներով: Առաջին «ահաւասիկս» եկաւ Լոնտոնի մէջ, 1999 թուականին. կեանքիս մէջ առաջին հանդիպումս էր հայկական սփիւռքին հետ: Բարեկամս` Օննիկ, զիս հրաւիրած էր Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ դասախօսութեան մը: Հոլպորն կայարանին առջեւ կանգնած կը սպասէինք Օննիկին ընկերոջ, երբ տարիքոտ մարդ մը մօտենալով` փսփսաց. «Կ՛ըսուի, թէ թուրքերը ռումբ զետեղած են դասախօսութիւնը կայանալիք սրահին տակ», եւ հեռացաւ: Օննիկ անմիջապէս ստիպուեցաւ բացատրելու կացութիւնը, «Օրհան, դուն ականջ մի՛ տար անոր, մտային հաւասարակշռութիւնը տեղը չէ»: Առաջին անգամ հոն հասկցայ, որ սփիւռքահայերու նոյնիսկ խենթերուն միտքին մէջ տակաւին կենդանի է 1915-ի մտասեւեռումը: Երբ տարուած էի մտածելու, թէ` «Հապա՞ եթէ գիտնար թուրք ըլլալս, ի՞նչ կ՛ընէր», պատասխանը գտայ ինքնաբերաբար: Օննիկը մեթրոյէն ելլող քանի մը ծանօթներուն զիս ներկայացուց իբրեւ իր «թուրք բարեկամը». անկարելի է, որ մոռնամ անոնց արտայայտած բացագանչութիւնները…
«Ես նախապէս ծանօթացած էի թուրքի մը հետ», ըսաւ կիներէն մէկը, ըստ երեւոյթին, զիս հանգստացնելու մտադրութեամբ, առանց սակայն անդրադառնալու, որ «թուրքին» մասին կը խօսէր իբրեւ անջրպետէն եկած էակ մը…
Քիչ ետք գացինք դասախօսութեան սրահը: Անգլիացի ակադեմական մը հազիւ խօսքը սկսած էր` ըսելով, թէ` «Թուրքերը խորքին մէջ լաւ մարդիկ են, սակայն իրենց յիշողութենէն ջնջած, հանած են 1915-ը», յանկարծ ներկաներէն մէկը ոտքի ցատկելով պոռաց, «Դուն ինչի՞ մասին կը խօսիս, թուրքերը նոյնիսկ մա՛րդ չեն»: Յաջորդող վայրկեանները շատ հետաքրքրական էին. սրահին մէջ գտնուող տարեց սերունդէն ուժգին առարկութիւն եկաւ այդ երիտասարդին. «Մեր նպատակը մեզի պատահած ցեղասպանութեան ճանաչումն է, թուրքերը մարդկութենէն հանող ձեր խօսքերը ուրիշ բանի չեն ծառայեր, բացի եթէ նոր ցեղասպանութիւններու հրաւէր տալ», ըսաւ անոնցմէ մէկը: Իսկ ես խոր շունչ մը քաշելով` «պրաւօ» ըսի մէջէս… Օրուան մնացեալ մասն ալ ժապաւէնի մը նման էր: Դասախօսութենէն ետք Օննիկին բարեկամներուն հետ տեղ մը գացինք խմիչք խմելու: Նկատեցի, որ բազմութեան մէջ երկու երիտասարդներ իրարու հետ կը խօսէին սքանչելի թրքերէնով: Երբ ինքզինքս ծանօթացուցի, տղաքը յանկարծ գունատեցան եւ ստիպուեցան բացատրել կացութիւնը. Լոնտոնի մէջ ուսանող պոլսահայեր էին, եւ այս դասախօսութեան ներկայ գտնուած էին «պատահմամբ»: Բաւական ժամանակ առաւ, որ զիրենք հանգստացնեմ, թէ պետական պաշտօնեայ մը չէի, եւ թէ` փաստաբան մը եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան մըն էի պարզապէս… Երբ ես տարուած էի անոնց հետ խօսելով, այս անգամ տարեց հայ մը եկաւ քովերնիս, դարձեալ սքանչելի թրքերէնով: Այս մարդը շատ փոքր տարիքէն բաժնուէր է Թուրքիայէն. սակայն շարունակեր է ամէն օր թրքերէն թերթ կարդալ: Իր զբաղմունքը եղեր է օսմաներէնէ, թրքերէնէ եւ հայերէնէ թարգմանութիւններ ընել անգլերէնի. նախքան մեռնիլը` իր վերջին փափաքն է եղեր Թալէաթ փաշային օսմաներէն բնագիր յուշերը գտնել եւ անգլերէնի թարգմանել:
Ահաւասիկ Եւրոպայի կեդրոնն էինք. մանկութեան յիշատակներու եւ կամ դեղնած նկարներու փաթթուած, Թուրքիոյ հետ կապերը չկտրած մարդոց միջեւ կը գտնուէի: Շատ տարօրինակ զգացում մըն էր այս: Մենք Թուրքիոյ մէջ տեղակ չէինք անոնց գոյութենէն, սակայն անոնք օրն ի բուն մեր մասին կը խօսէին շատ հին ժամանակներու եւ շատ գէշ յիշատակներու մէջ առկախ մնացած…
Օրուան վերջաւորութեան ամերիկահայ բարեկամիս` Օննիկին, պոլսահայ երիտասարդին եւ Կիպրոսի յունական բաժինէն եկող հայուն հետ գացինք լիբանանեան ճաշարան մը: Բոլորիս ալ արմատները Թուրքիոյ մէջ գտնուողներս այս միջին արեւելեան ճաշարանին մէջ շատ հաճելի խօսակցութեան մէջ թաղուեցանք: Յիշատակներ յաջորդեցին յիշատակներու, կատակներ ալ կատակներու: Սեղանին շուրջ նստած էինք որպէս չորս օտարներ, սակայն, երբ կ՛ելլէինք, այն զգացումը ունէինք, որ մանկութենէն ի վեր կը ճանչնայինք զիրար: Կարծես մեր ծնողները ամուսնալուծուած ըլլային երկար տարիներ առաջ եւ մեզ` եղբայրներս իրարու հանդէպ թշնամի ներկայացուցած: Հիմա, մենք հոս առաջին անգամ իրարու կը ծանօթանայիք առանց միջնորդի: Որքա՜ն շատ բան ունէինք իրարու նմանող… Բոլորս ալ հոգեպէս գինովցած էինք, երբ բաժնուեցանք սեղանէն. յունահայ բարեկամիս ոտքը սայթաքեցաւ, երբ կ՛իջնէր նեղլիկ սանդուխներէն, բերնէն ակամայ «ս…..ր» բառը լսեցի թրքերէնով, «Մենք ալ Թուրքիոյ մէջ ճիշդ նոյն բառը կ՛ըսենք, երբ մեր ոտքը սայթաքի», ըսի: Մեր խնդուքը խառնուեցաւ Լոնտոնի մշուշոտ օդին: Շարունակելի…
ՕՐՀԱՆ ՔԵՄԱԼ ՃԵՆԿԻԶ
«Ռատիքալ»
30/3/12
Հայացուց` Գ. Կ.

