ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 97-ԱՄԵԱԿ. Ատրպատականի Թեմ. Սալմաստի Երկրաշարժէն (1933թ.) Քաղցրութեամբ Համեմուած Տխուր Յիշատակ
Ազգային առաջնորդարան, Թաւրիզ – Ատրպատականի հայոց թեմի տարբեր քաղաքներուն մէջ այժմ ապրող սալմաստեցիներ տակաւին սրտի կսկիծով կը յիշեն 1933 թուականին պատահած այն աղէտալի երկրաշարժը, որուն զոհ գացած են բազմաթիւ հայեր: Մինչեւ այսօր ալ ցոյց կու տան երկրաշարժէն աւերուած շրջանները, որոնք այդպէս ալ ձգելով` վերապրողներ քաղաքի ուրիշ մէկ շրջանին մէջ կառուցած են իրենց բնակարանները եւ` նոր կեանքի հիմը դրած:
Բնիկ սալմաստեցի եւ Ազգային Առաջնորդարանի բարերար Համազասպ Ոսկանեանի Թաւրիզի բնակարանին մէջ պատէն կախուած պատմական մէկ լուսանկարի մասին է այս թղթակցութիւնը: Լուսանկարողն է հանգուցեալ Հայկ Աճեմեանը, (հանրածանօթ հասարակական գործիչ Ալպերթ Աճեմեանին մեծ հայրը), երկրաշարժէն անմիջապէս ետք աղէտահար շրջան այցելած թեմի քաջարի առաջնորդ Ներսէս արք. Մելիք-Թանգեանին փափաքով: Լուսանկարին մէջ, ծառին տակ կ՛երեւին նաեւ Ալոյի պատմական աղբիւրին աւերակները:
Առաջնորդ սրբազանը արտասուաթոր աչքերով նայելով համատարած աւերածութեան` կը տեսնէ կին մը, որ իր նորածին երկուորեակներուն եւ անչափահաս անդրանիկ զաւակին հետ նստած է աւերակներուն վրայ: Մօտենալով անոնց` կ՛իմանայ, թէ տան քաջ հայրը` Օհաննէս, իր ընտանիքին անդամները ազատելէ ետք փուլ եկող տունէն, վերջին վայրկեանին, անոր ծոծրակին հաստ գերան կ՛իյնայ: Այդպիսով ան կը մնայ աւերակներուն տակը եւ կը մահանայ: Սրբազանը լուսանկարել կու տայ որբեւայրիին ընտանիքը: Նոյն լուսանկարին աջ անկիւնը, իր մայրիկի թեւերուն մէջ գտնւող երկուորեակներէն մէկն է ազգային բարերար Համազասպ Ոսկանեանը:
Այսօր, Սալմաստի բլուրներէն մէկուն վրայ, հանքային տաշուած սեւ տապանաքարերով լեցուն գերեզմանատան մէջ կը հանգչին յանուն ընտանիքի իր կեանքը զոհած Օհաննէս Ոսկանեանին աճիւնները, բոլոր միւս անմեղ զոհերուն հետ: Իսկ Համազասպ Ոսկանեան, ի շարս իր կատարած անցեալի բարերարութիւններուն, առաջնորդարանի բարեզարդման ի խնդիր, առաջնորդական գեղաքանդակ աթոռ նուիրեց թեմին` ի յիշատակ եւ յերախտագիտութիւն իր բազմաչարչար մայրիկին` Հայկանուշի:
Քաղցրութեամբ համեմուած այս տխուր յիշատակը դարուց դար կրկնուող մեր ժողովուրդի պատմութեան մէկ հարազատ պատկերն է: ժողովուրդի մը կեանքը, որ միշտ կ՛աւերուի, բայց յարութիւն կ՛առնէ, մոխիրներու տակէն դուրս եկող փիւնիկին նման…

