«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Պայէրն Միւնիխ – Ռէալ Մատրիտ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի երթի առաջին մրցումին, այսօր Պայէրն Միւնիխ կը հիւրընկալէ Ռէալ Մատրիտը: Այլ հետաքրքրական մրցում մը տեղի պիտի ունենայ վաղը, երբ Պարսելոնա հիւրը ըլլայ Չելսիի: Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

Հիւրընկալ երկու կազմերն ալ դարձի մրցումներուն իրենք զիրենք նեղ կացութեան չմատնելու համար ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայեն` կիրարկելու յարձակողական խաղաոճ մը, տիրապետելով իրենց մրցակիցներուն վրայ:

Երկու մրցումներն ալ կը խոստանան ըլլալ հետաքրքրական ճակատումներ:

 

Share this Article
CATEGORIES